Համագործակցութեամբ Zom Talks-ի Եւ Համազգայինի «Գ. Իփէկեան» Թատերախումբին. Խաչիկ Տէր Ղուկասեան Դասախօսեց «Արդիականութիւն, Քաղաքականութիւն Եւ Արուեստ» Նիւթը
Համագործակցութեամբ Զաւարեան ուսանողական միութեան Zomtalks-ի եւ Համազգայինի «Գ. Իփէկեան» թատերախումբին երկուշաբթի, 19 մարտ 2018-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Համազգայինի «Սիմոն Վրացեան» ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսական ձեռնարկ մը, որուն նիւթն էր «Արդիականութիւն, քաղաքականութիւն եւ արուեստ»: Օրուան դասախօսն էր Խաչիկ Տէր Ղուկասեան: Բացման խօսքը կատարեց Zomtalks-ի անդամներէն Նայիրա Պաղտասարեան: Ան նկատեց, որ այսպիսի հանդիպումները լաւագոյն առիթներ են քննական միտք զարգացնելու իմաստով: Համազգայինի...




















