Գաղութային

«Փթիթ» Մանկապատանեկան Պարբերաթերթի  Ծնունդին, Նպատակին  Եւ Հեռանկարներուն Նուիրուած Ձեռնարկ

«Փթիթ» Մանկապատանեկան Պարբերաթերթի Ծնունդին, Նպատակին Եւ Հեռանկարներուն Նուիրուած Ձեռնարկ

Երէկ` ուրբաթ, 23 փետրուար 2018-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Հայկազեան համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Փթիթ» մանկապատանեկան պարբերաթերթի ձեռնարկը` «Տպագիր եւ ելեկտրոնային «Փթիթ». ծնունդ, նպատակ եւ հեռանկարներ» խորագիրով: Բացման խօսք արտասանեց եւ ներկաներուն բարի գալուստ մաղթեց Հայկազեան համալսարանի գրադարաններու պատասխանատու Սոնիա Սիսլեան: Բացման խօսքէն ետք հանդէս եկաւ դոկտ. Արմէն Իւրնէշլեան, որ ընդգծեց անհրաժեշտութիւնը մանկապատանեկան թերթերուն աջակցելու` արագ ուրուագիծ մը տալով նաեւ Պոլիսէն...

Լրագրութեան Վարժողական Ծրագիր (19).  «Ապագայ Լրագրողներ»-ը Կը Շարունակեն Իրենց Աշխատանքները

Լրագրութեան Վարժողական Ծրագիր (19). «Ապագայ Լրագրողներ»-ը Կը Շարունակեն Իրենց Աշխատանքները

«Ազդակ»-ի կազմակերպած Լրագրութեան վարժողական ծրագիրին շրջագիծին մէջ երէկ «Ապագայ լրագրողներ»-ը ծանօթացան օրաթերթի միջազգային եւ շրջանային լուրերու պատրաստութեան մանրասնութիւններուն: «Ազդակ»-ի միջազգային լուրերու խմբագիր Վահրամ Էմմիեան «Ապագայ լրագրողներ»-ուն ներկայացուց լուրերու ընտրութեան չափանիշները, ինչպէս նաեւ որդեգրուած լրատուամիջոցներն ու լրատու գործակալութիւնները, որոնցմէ պէտք է օգտուիլ: Ան անդրադարձաւ այն մօտեցումներուն, որ «Ազդակ» նկատի կ՛ունենայ` ճշդելու համար, թէ միջազգային եւ շրջանային առումով ի՛նչ լուրեր պէտք է...

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Կը Մասնակցի Եկեղեցիներու Միութեան Նուիրուած Միջեկեղեցական Արարողութեան

Լիբանանի Թեմի Ազգային Վարչութեան Այցելութիւնը Վեհափառ Հայրապետին

19 փետրուար 2018-ին, Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց Լիբանանի թեմի Ազգային վարչութիւնը` գլխաւորութեամբ թեմակալ առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանին: Թեմին Ազգային վարչութիւնը մայրավանք եկած էր Լիբանանի հայ դպրոցներուն յառաջիկային դիմագրաւելիք նիւթական դժուարութիւններու նկատմամբ խորհրդակցելու վեհափառ հայրապետին հետ ու անոր թելադրութիւնները լսելու: Յայտնենք, որ Լիբանանի կառավարութեան որոշումով ուսուցիչներու ամսականի զգալի յաւելումը բնականաբար իր լուրջ անդրադարձը պիտի ունենայ բոլոր դպրոցներու պիւտճէին եւ յատկապէս կրթաթոշակներուն...

Այցելութիւն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին Եւ Հայաստանի Հանրապետութան Դեսպանին

Այցելութիւն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին Եւ Հայաստանի Հանրապետութան Դեսպանին

Երկուշաբթի, 19 փետրուարի առաւօտեան, Հայաստանի Ա․ հանրապետութեան հարիւրամեակի լիբանանահայ կեդրոնական մարմինը յաջորդաբար այցելեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա․ կաթողիկոսին եւ Հայաստանի արտակարգ ու լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանին։ Վեհափառ հայրապետի հետ կայացած հանդիպումին մարմինը մանրամասնօրէն զեկուցեց 100-ամեակի ծրագիրներուն մասին եւ իրազեկ դարձաւ վեհափառին կողմէ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան այս առիթով կազմակերպած ձեռնարկներուն։ Վեհափառ հայրապետը անհրաժեշտ նկատեց մեծ շուքով նշելու Հայոց պատմութեան պատմադրոշմ այս...

Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Դեսպանը Այցելեց Վեհափառ Հայրապետին

Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Դեսպանը Այցելեց Վեհափառ Հայրապետին

19 փետրուար 2018-ին Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեց Լիբանանի մէջ  Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանը: Դեսպանը տեղեակ պահեց վեհափառ հայրապետը Լիբանանի նախագահին Հայաստան կատարելիք այցելութեան, ինչպէս նաեւ յառաջիկային Հայաստանի վարչապետին Լիբանան տալիք այցելութեան մասին: Արամ Ա. կաթողիկոս, ողջունելով Լիբանանի ու Հայաստանի միջեւ պետական բարձրագոյն մակարդակներու վրայ տեղի ունեցող փոխադարձ այցելութիւնները, ընդգծեց անոնց կարեւորութիւնը` երկու երկիրներու տնտեսական զարգացման եւ բարեկամութեան ամրապնդման...

Արցախեան Շարժման 30-ամեակին Առիթով Հրատարակուած «Ազդակ» – «Ապառաժ» Միացեալ Թիւին Բովանդակութիւնը

Արցախեան Շարժման 30-ամեակին Առիթով Հրատարակուած «Ազդակ» – «Ապառաժ» Միացեալ Թիւին Բովանդակութիւնը

Լոյս տեսած է «Ազդակ»-ի եւ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի պաշտօնաթերթ «Ապառաժ»-ի միացեալ թիւը` արցախեան շարժման 30-ամեակին յատկացուած: Թիւը կը ներառէ այս առիթով Արցախի Հանրապետութեան նախագահի, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչներու ուղերձները, Արցախի պետական, հասարակական գործիչներու, խմբագիրներու խոհերն ու վերլուծումները, արցախեան շարժման մասնակիցներու յուշերը, «Ազդակ»-ի եւ «Ապառաժ»-ի խմբագրակազմերու անդամներու ստորագրութիւնները կրող յօդուածները: Միացեալ հրատարակութենէն մեծաքանակ առաքում...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Իր Ցաւակցութիւնը  Յայտնեց Իրանի Նախագահ Հասան Ռուհանիին

Արամ Ա. Կաթողիկոս Իր Ցաւակցութիւնը Յայտնեց Իրանի Նախագահ Հասան Ռուհանիին

Արամ Ա. կաթողիկոս, իմանալէ ետք Թեհրան-Եասուճ իրանական թռիչքի օդանաւին ջախջախումը, ցաւակցական նամակ մը յղեց Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի: Ցաւակցագիրին մէջ վեհափառ հայրապետը յանուն կիլիկեան Ս. աթոռին եւ Իրանի հայ համայնքին իր ցաւակցութիւնը յայտնեց նախագահին, Իրանի ժողովուրդին եւ արկածին զոհերու ընտանիքներուն` աղօթելով, որ Աստուած զօրացնէ զիրենք իրենց ցաւին մէջ, ինչպէս նաեւ պահպանէ ու պաշտպանէ Իրանի ժողովուրդը:

Լիբանանահայ Միջնակարգ Եւ Երկրորդական  Վարժարաններու Աշակերտները Մասնակցեցան  Նահատակ Մհեր Ջուլհաճեանի  Անուան Շարադրական Մրցանքին

Լիբանանահայ Միջնակարգ Եւ Երկրորդական Վարժարաններու Աշակերտները Մասնակցեցան Նահատակ Մհեր Ջուլհաճեանի Անուան Շարադրական Մրցանքին

Կազմակերպութեամբ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին շաբաթ, 17 փետրուար 2018-ին, առաւօտեան ժամը 9:30-ին, Ազգային միացեալ վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ նահատակ ազատամարտիկ Մհեր Ջուլհաճեանի անուան շարադրական մրցանքը,  որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին լիբանանահայ միջնակարգ եւ երկրորդական վարժարաններու աշակերտները: Ուսումնական խորհուրդի անունով Մարալ Մխսեան աշակերտներուն բարի գալուստ մաղթելէ ետք նկատել տուաւ, որ սոյն մրցանքը կը կազմակերպուի ամէն տարի` անթառամ պահելու համար արցախեան պայքարի ազատամարտիկ...

Արեան Անվճար Քննութիւն`  Այնճարի Մէջ

Արեան Անվճար Քննութիւն` Այնճարի Մէջ

Նախաձեռնութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէին, շաբաթ, 17 փետրուարին, առաւօտեան ժամը 7:00-10:30, ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի «Ֆիլհաննէսեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ արեան անվճար քննութիւն: «Սեն Մարք»  ախտաճանաչման կեդրոն-տարրալուծարանի հիւանդապահները կատարեցին արեան քննութիւնը: Արեան անվճար քննութիւն կատարուեցաւ տարբեր տարիքի աւելի քան 150 անձերու:  

5 Զոհ Եւ 7 Վիրաւոր` Գամիշլիի Մէջ  Ահաբեկչական Պայթումի Մը Պատճառով

5 Զոհ Եւ 7 Վիրաւոր` Գամիշլիի Մէջ Ահաբեկչական Պայթումի Մը Պատճառով

«Գանձասար»-ի Գամիշլիի թղթակիցը յայտնեց, թէ կիրակի, 18 փետրուար 2018-ի երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Գամիշլիի արեւմտեան թաղամասին մէջ ահաբեկիչներու կողմէն ականապատուած ինքնաշարժի մը պայթումին պատճառով հինգ քաղաքացիներ զոհուած են (3-ը` կին), իսկ եօթը ուրիշներ` վիրաւորուած: Վիրաւորները հիւանդանոց փոխադրուած են: Անոնցմէ ոմանց վիճակը ծանր է:

Տարեկան Ճաշկերոյթ` Համազգայինի «Քնար» Պարախումբի Վարչութեան  Տիկնանց Օժանդակ Յանձնախումբին

Տարեկան Ճաշկերոյթ` Համազգայինի «Քնար» Պարախումբի Վարչութեան Տիկնանց Օժանդակ Յանձնախումբին

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան հովանաւորութեամբ եւ Համազգայինի «Քնար» պարախումբի վարչութեան տիկնանց օժանդակ յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, երէկ` ուրբաթ, 16 փետրուար 2018-ին, կէսօրուան ժամը 11:30-ին, «Լա Մարինա Քլապ»-ի մէջ տեղի ունեցաւ տարեկան ճաշկերոյթ: Ձեռնարկը սկսաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութեամբ: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ  Մարօ Սալխանեան, որ Համազգայինի «Քնար» պարախումբի վարչութեան տիկնանց օժանդակ մարմինի անդամներուն անունով բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն: Ան ըսաւ, թէ...

Լրագրութեան Վարժողական Ծրագիր (18).  «Ապագայ Լրագրողներ»-ը Ծանօթացան  Լուսանկարչութեան Ընդմէջէն Լուրերու  Դրսեւորումին Եւ Քաղաքականութիւնը  Հասկնալու Թեքնիքներուն

Լրագրութեան Վարժողական Ծրագիր (18). «Ապագայ Լրագրողներ»-ը Ծանօթացան Լուսանկարչութեան Ընդմէջէն Լուրերու Դրսեւորումին Եւ Քաղաքականութիւնը Հասկնալու Թեքնիքներուն

«Ազդակ»-ի կազմակերպած Լրագրութեան վարժողական ծրագիրին շրջագիծին մէջ երէկ երեկոյեան խմբագրատան մէջ տեղի ունեցաւ «Ապագայ լրագրողներ»-ուն հերթական հանդիպումը: Լուսանկարիչ Արա Օշական «Ապագայ լրագրողներ»-ուն ներկայացուց շարք մը լուսանկարներ, որոնց մեկնաբանութեան ընդմէջէն անդրադարձաւ լուսանկարներու զօրութեան եւ լուրերը լուսանկարներու ընդմէջէն կարդալու թեքնիքին: Ներգործօն այս հանդիպումը վերածուեցաւ առիթի մը, որուն ընթացքին «Ապագայ լրագրողներ»-ը իրենց տեսանկիւնէն դիտելով տարբեր տեսակի լուսանկարներ, փորձեցին պարզապէս նկարագրել լուսանկարները, մեկնաբանել զանոնք,...

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն. 2017-2018 Տարեշրջանին Ազգային Վարժարաններու Կրթաթոշակները Կը Մնան Անփոփոխ

Վերջին քանի մը ամիսներուն, Լիբանանի թեմի Ազգային վարչութիւնը մօտէն հետեւեցաւ պետական մարզին համար նկատի առնուած ուսուցիչներու ամսականներու յաւելումներուն գծով որդեգրուած նոր օրինագիծին եւ այս առիթով սեփական մարզի վարժարաններուն մէջ ստեղծուած տագնապին: Այս առիթով Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ եպս. Փանոսեանի հրաւէրով, Ազգային առաջնորդարանին մէջ տեղի ունեցան խորհրդակցական եւ իրազեկման երկու հաւաքներ, որոնց ներկայ գտնուեցան համայնքային եւ միութենական բոլոր...

Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան»  Թատերախումբին  Թատերական Աշխատանոցը Սկսաւ

Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» Թատերախումբին Թատերական Աշխատանոցը Սկսաւ

Չորեքշաբթի, 14 փետրուարին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնին մէջ սկսաւ Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան նախաձեռնած թատերական աշխատանոցի առաջին հանդիպումը: Վարչութեան ատենապետ Մարտիկ Տեմիրճեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք մասնակիցներուն ամփոփ կէտերու մէջ բացատրեց աշխատանոցին նպատակը: Թատերական աշխատանոցի ծրագիրի համադրող եւ պատասխանատու, լիբանանահայ հանրածանօթ բեմադրիչ եւ Լիբանանեան համալսարանի դասախօս Յակոբ Տէր Ղուկասեան խօսք առնելով իր կարգին որոշ բացատրութիւններ...

«Մեծ Պահքը» Նիւթով  Դասախօսութիւն` Տարեցներուն

«Մեծ Պահքը» Նիւթով Դասախօսութիւն` Տարեցներուն

Երէկ` հինգշաբթի, 15 փետրուար 2018-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, «Եոլանտ Ճոմպալաքեան-Քերոբեան» խոհանոցին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն մը յատուկ տարեցներուն` ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան «Վարդուհի Տէկիրմենճեան» խոհանոցի յանձնախումբին կազմակերպութեամբ: Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ Սօսի Արամեան: Ան ողջունելէ ետք ներկաները ըսաւ, թէ խոհանոցը հիմնուած է 2004-ին: Ծրագիրը սկսած է փոքր թիւով ծերունիներու ճաշ պատրաստելով, ապա քանի մը ամիս ետք անոնց թիւը կրկնապատկուելով` կարիքը...

Տեառնընդառաջը` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ.  Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Հոգեւոր Ու Ազգային  Արժէքներով Եւ Աւանդութիւններով Լեցուն  Հայ Ընտանիքը Մեր Եկեղեցին Ու Դպրոցն Է»

Տեառնընդառաջը` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ. Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Հոգեւոր Ու Ազգային Արժէքներով Եւ Աւանդութիւններով Լեցուն Հայ Ընտանիքը Մեր Եկեղեցին Ու Դպրոցն Է»

Յիսուս Քրիստոսի աստուածայայտնութենէն քառասուն օր ետք հայ եկեղեցին կը նշէ Տիրոջ տաճար ընծայման տօնը` Տեառնընդառաջը, որուն նախատօնակը կը նշուի 13 փետրուարին: Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ Տեառնընդառաջի նախատօնակ եւ հանդիսաւոր Անդաստան` հանդիսապետութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին: Հանդիսաւոր Անդաստանէն եւ աւանդութիւն դարձած մանուկներու տաճար ընծայումէն ետք, վեհափառ հայրապետը իր...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց  Լիբանանի Մէջ Մարոքի Դեսպանը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Մէջ Մարոքի Դեսպանը

Երեքշաբթի, 13 փետրուար 2018-ի առաւօտուն, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը Անթիլիասի մայրավանքի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Մարոքի դեսպան Մոհամետ Քրին: Ասիկա դեսպանին առաջին այցելութիւնը ըլլալով` վեհափառ հայրապետը անոր լայն ծանօթութիւններ տուաւ ընդհանրապէս Հայաստանի ու սփիւռքի եւ յատկապէս Լիբանանի հայութեան մասին` միաժամանակ անդրադառնալով հայ եկեղեցւոյ առաքելութեան: Հանդիպման ընթացքին կարեւորութեամբ շեշտուեցաւ քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան հրամայականը: Այս ծիրին մէջ դեսպանը պարզեց իր երկրին...

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի Քարոզչական մարմինին նախաձեռնութեամբ, անցեալ շաբաթավերջին Լիբանան հրաւիրուեցաւ իտալացի պատմաբան, Վատիկանի մամլոյ անձնակազմի անդամ-լրագրող, գիրքերու հեղինակ դոկտ. Ֆրանքա Ճիանսոլտաթի: Դոկտ. Ֆրանքա Ճիանսոլտաթի 2015-ին Հռոմի մէջ հրատարակեց իտալերէնով Հայոց ցեղասպանութեան մասին իր գիրքը` «Լա Մարսիա Սենզա Ռիթոռնօ» («Անվերադարձ երթը»), որուն կողքին վրայ տեղադրուած է Հայոց ցեղասպանութեան մասին Ֆրանչիսկոս պապին կատարած մէկ յայտարարութիւնը: Նշենք, որ այս նախաձեռնութեան յաջողութեան մէջ...

Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Մէջ.  «Տեառնընդառաջի Խարոյկը Մեզի Կը Յիշեցնէ  Լոյսը, Որ Կը Փարատէ Կեանքի Խաւարը»  Շեշտեց Շահէ Եպս. Փանոսեան

Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Մէջ. «Տեառնընդառաջի Խարոյկը Մեզի Կը Յիշեցնէ Լոյսը, Որ Կը Փարատէ Կեանքի Խաւարը» Շեշտեց Շահէ Եպս. Փանոսեան

Երեքշաբթի, 13 փետրուարի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Տեառնընդառաջի նախատօնակի ժամերգութիւն, որուն հանդիսապետեց եւ ժողովուրդին իր պատգամը ուղղեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան: Ան ըսաւ, որ Տեառնընդառաջի տօնը կը խորհրդանշէ Յիսուս Քրիստոսի քառասնօրեայ ընծայումը տաճար, եւ այս աւանդութիւնը տակաւին մաս կը կազմէ հայ ժողովուրդի սովորութիւններուն. հայերը Քրիստոսի ընծայման օրինակով իրենց զաւակները...

Page 238 of 365 1 … 237 238 239 … 365

Արխիւներ