Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼՕԽ-Կանանց Միջազգային Օրուան Նշում . «Այսօր ԼՕԽ-ը Բոլոր Տուեալները Կ՛ամբողջացնէ 100 Տարուան Ժառանգը Ստանձնելու Եւ Պատուով Կատարելու Իրեն Վերապահուած Առաքելութիւնը» Հաստատեց Շահան Գանտահարեան

Մարտ 7, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ` Դաստիարակչական յանձնախումբին, երկուշաբթի, 5 մարտ 2018-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ արժանավայել կերպով նշուեցաւ «Կանանց միջազգային օր»-ը:

ՀՕՄ-ի քայլերգի յոտընկայս ունկնդրութենէն ետք, յանձնախումբի ատենապետ Ազատ Սարգիսեան իր բացման խօսքը սկսաւ Աւետիս Ահարոնեանի հայ կնոջ գովերգով, որ կ՛ըսէ. «Հզօր եղաւ հայ կինը մեր պատմութեան ընթացքին…Ի՜նչ անձնուրաց արիութիւն կայ այդ թխադէմ, այդ հեզ ու բարի աչքերով, ամօթխած ու արդար էակի մէջ, որ կը կոչուի հայ կին»: Ապա խօսեցաւ հայ կնոջ կատարած իրագործումներուն մասին, որոնք մեր սրտերը հպարտութեամբ կը լեցնեն, ու շարունակեց ըսելով, որ հայ կինը այսօր ալ ներկայ է կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ, ան լիազօր հանգամանքով իր մասնակցութիւնը կը բերէ մեր ընտանեկան, հասարակական եւ ազգային կեանքին մէջ: Ազատ Սարգիսեան իր խօսքը աւարտեց Աշուղ Ջիւանիի խօսքով. «Հայ կանանց ենք պարտական թէ հայ ենք մնացել…»

Գեղարուեստական յայտագիրով հանդէս եկաւ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցի ուսուցիչներէն, վաստակաշատ ջութակահար` Յովհաննէս Գարախանեան, որմէ ետք հայրենի մեցցօ սոփրանօ Քլարա Ալիխանեան հմայեց ներկաները իր դիւթիչ ձայնով:

Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ օրուան բանախօսը, «Ազդակ» օրաթերթի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեանը, որ յայտնեց, թէ` նկատի ունենալով Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակը, պէտք է այս առիթով լուսարձակի տակ բերել Սարդարապատի եւ միւս հերոսամարտերուն հայ կնոջ կարեւոր դերակատարութիւնը եւ ստանձնած նկատառելի պատասխանատուութիւնները տարբեր մակարդակներու վրայ եւ բնագաւառներու մէջ, ինչպէս նաեւ այդ օրերուն հայ կնոջ տրուած իրաւունքները, յատկապէս խորհրդարանական ընտրութեան մասնակցելու իրաւունքը, որուն շնորհման մէջ Հայաստան աշխարհին առաջինը եղաւ: «Տղամարդիկ եւ կանայք կողք կողքի էին, օրհասը դիմակայելու ծանր պարտականութիւններու դիմաց», հաստատեց բանախօսը:

Ապա ան լուսարձակի տակ առաւ հարիւր տարի ետք ներկայիս տիրող կացութիւնը` հիմնուելով շաբաթ մը առաջ Հայաստան հրապարակուած «Կանանց եւ տղամարդկանց հաւասար իրաւունքներու վերաբերեալ ռազմավարութեան նախագիծ»-ին մէջ տեղ գտած դիտարկումներուն վրայ:

«Առանց համեմատութիւն կատարելու շրջապատի երկիրներու մէջ կանանց իրաւունքներու կամ սեռային հաւասարութեան վերաբերող իրավիճակներուն, կարելի է ըսել, որ տակաւին աշխատանք ունինք կատարելիք մեր հայրենիքի մէջ` սեռային հաւասարութիւն հաստատելու ուղղութեամբ: Եւ որովհետեւ նորացուած Սահմանադրութիւնը կը վերահաստատէ յատուկ յօդուածով, որ կիներն ու տղամարդիկ համահաւասար իրաւունքներ կը վայելեն, հետեւաբար սեռային խտրականութեան որեւէ երեւոյթ, ըստ էութեան, հակասահմանադրական կ՛ըլլայ, հետեւաբար նաեւ անոր լոյսին տակ մշակելի օրէնքներու խախտում կը նկատուի անհաւասար որեւէ երեւոյթ. հետեւաբար նաեւ` քրէական պատասխանատուութեան ենթակայ:

«Խնդիրը սակայն պատիժներով լուծելի չէ որքան գիտակցական` քաղաքացիական դաստիարակութեան ճամբով, գործնական օրինակներու տարածումով: Հայրենիքի մէջ սեռային հաւասարութեան պէտք է առաջնորդուիլ ոչ թէ միայն օրէնքները չխախտելու կամ եւրոպական պարտաւորութիւններ կատարելու համար, այլ քաղաքացիական առողջ հասարակարգ ձեւաւորելու», դիտել տուաւ Շահան Գանտահարեան: Ան հաստատեց, որ հայրենիքին համար մշակուած եւ հոն գործադրելի որեւէ ծրագիրի պարագային հայ կինը հիմնական դերակատարութիւն ունի, ան միայն մարդկային համրանք արտադրող գործիք չէ, այլ ծրագիրներու իրականացման համար իրաւահաւասար քաղաքացի: «Ո՛չ չափաբաժիններու ճշդումը, ո՛չ նոր օրինագիծեր որդեգրելը, ո՛չ օրէնքի խախտում կատարողները քրէական պատասխանատուութեան ենթարկելը կրնան սեռային հաւասարութիւն ստեղծել, եթէ չկայ քաղաքացիական առողջ դաստիարակութիւնը, կրթութիւնը, գիտակցական ենթահողի ձեւաւորումը», յայտնեց Շահան Գանտահարեան: Ան շեշտեց, որ սփիւռքեան կազմակերպութիւններ, որոնց կարգին ԼՕԽ-ը, իրենց երկարամեայ փորձառութեամբ անպայման կրնան հիմնարար դեր ունենալ Հայաստանի մէջ սեռային հաւասարութեան հաստատման եւ կանանց իրաւունքներու լիակատար կիրարկման: «Այսօր ԼՕԽ-ը բոլոր տուեալները կ՛ամբողջացնէ այդ ժառանգի ստանձնելու եւ պատուով կատարելու իրեն վերապահուած առաքելութիւնը եւ սատարելու, որ հայրենիքի մէջ հայ կինը վայելէ  լիարժէք, համահաւասար քաղաքացիի ո՛չ միայն իրաւական ու սահմանադրական, այլ նաեւ իրողական գործնապէս բոլո՜ր իրաւունքները», եզրափակեց օրուան բանախօսը:

Ապա Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբան Հրանդ վրդ. Թահանեան անդրադարձաւ

անցեալէն մեզի փոխանցուած աւանդին, որուն համաձայն, կինը իր ժամանակներուն համար յառաջադէմ էր եւ նոյնիսկ  լուսափայլ փարոս մը ուրիշ ազգերու: Մեկնելով բանախօսին ներկայացուցած տուեալներէն, ան դիտել տուաւ, որ ներկայիս դժբախտաբար ստիպուած ենք ուրիշներէ օրինակ առնել, այս կամ այն բանաձեւը ստորագրելով ու յաճախ` չիրագործելով:

Հայր սուրբը վերահաստատեց սեռերու կատարեալ հաւասարութեան գործելու անհրաժեշտութիւնը` հայ ժողովուրդի բոլոր  ասպարէզներուն մէջ եւ բոլոր մակարդակներու վրայ: Ան առաջարկեց մեր անցեալի ռահվիրաներէն օրինակ առնել, յիշելով մանաւանդ այն տպաւորիչ պատմական փաստացի տուեալը, ըստ որուն, հայ եկեղեցւոյ հիմնադիր գլխաւոր դէմքերուն կէսը, եթէ ոչ աւելին, կիներ էին:

Ազատուհի Սարգիսեանի արտասանած «Սուրբ Խաչիւս»-ով եւ հայր սուրբին «Պահպանիչ»-ով վերջ գտաւ հանդիսութիւնը:

Աւարտին ներկաներուն տրուեցաւ յուշանուէրներ եւ եղաւ հիւրասիրութիւն:

 

 

Նախորդը

Քանատա. Լիբանանի Զբօսաշրջութեան Նախարար Աւետիս Կիտանեան Հանդիպում Ունեցաւ Մոնրէալահայութեան Հետ

Յաջորդը

Նշմար. Ուշացումով Որդեգրուած Ճիշդ Որոշում Մը

RelatedPosts

«Սրտի ներդաշնակութիւն. ձայն եւ կիթառ» համերգ
Գաղութային

«Սրտի ներդաշնակութիւն. ձայն եւ կիթառ» համերգ

Հոկտեմբեր 21, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինին Կողմէ Մալոյեանի Սրբադասման Եւ Պապի Լիբանան Այցելութեան Առիթներով Նամակ` Պապական Նուիրակին

Հոկտեմբեր 21, 2025
Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Նախագահ Վերապատուելի Դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Նախագահ Վերապատուելի Դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանը

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?