Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգային. Շնորհահանդէս` «Հայոց Ազգին Գանձերը. Պալեաններ» Հատորին

Մարտ 8, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ գործակցութեամբ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան, երէկ ` չորեքշաբթի, 7 մարտ 2018-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայոց ազգին գանձերը. Պալեաններ» հատորին շնորհահանդէսը` ներկայութեամբ հեղինակին` ճարտարապետութեան դոկտոր փրոֆ. Աշոտ Հայկազուն Գրիգորեանի:

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի անձնակազմէն Անժելա Տաղլեան ներկայացուց հեղինակին կենսագրական տուեալները: Ան ըսաւ, թէ 1990-ին Գրիգորեան նշանակուած է Հայաստանի ճարտարապետութեան Ազգային թանգարանի տնօրէն: Ան հաւաքած է քաղաքաշինութեան եւ ճարտարապետութեան հետ առնչուող ուսումնասիրութիւններ եւ գրութիւններ` թանգարանին մէջ ստեղծելով հարուստ արխիւ-գրադարան մը` աւելցնելով, որ Գրիգորեան ստեղծած է նաեւ հայ ճարտարապետներու գործունէութիւնը ներկայացնող արխիւ: Տաղլեան նկատել տուաւ, որ «Հայոց ազգին գանձերը. Պալեաններ» մենագրութիւնը ճարտարապետական բնագաւառին մէջ ճանչցուած է իբրեւ լաւագոյն հրատարակութիւն եւ արժանացած Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքաշինութեան պետական կոմիտէի մեծ մրցանակին: Այնուհետեւ Տաղլեան հրաւիրեց հեղինակը` ներկայացնելու իր հատորը:

Դոկտոր փրոֆ. Աշոտ Հայկազուն Գրիգորեան իր խօսքի սկզբնաւորութեան մանրամասն ներկայացուց, թէ Պալեաններու գործունէութիւնը ինչպէ՛ս կարեւորութիւն ստացաւ եւ ուսումնասիրուեցաւ, նաեւ ի՛նչ նիւթեր հրատարակուեցան, որովհետեւ բազմաթիւ նիւթեր անյայտ էին մինչեւ արխիւային նիւթերու յայտնաբերումը, իսկ Հայաստանի մէջ Պալեաններու մասին տեղեկութիւնը միայն համայնագիտարանային կարճ յօդուած մըն էր: Գրիգորեան բացատրեց, թէ ինչպէ՛ս ծնաւ գիրքին գաղափարը եւ նախապատուութիւնը տրուեցաւ Պալեան ընտանիքին:

Ապա ան «փաուըր փոյնթ»-ով ներկայացուց հատորը` նկատել տալով, որ հատորին մէջ ներառուած են Պալեաններու մասին կենսագրական ամփոփ տուեալներ, եւ շեշտը դրուած է արխիւային նիւթերու վրայ: Ան ըսաւ, որ հատորին սկիզբը կայ քարտէս մը, ուր կ՛արտացոլան Պալեաններու գործերը Պոլսոյ տարածքին: Ան ըսաւ, որ հոն տեղ գտած են հայ համայնքին համար նախագծուած կառոյցներ, եկեղեցիներ, արհեստանոցներ, վաճառատուներ, պալատական կառոյցներ, ամարանոցներ, բազմաոճ մզկիթներ, շէնքեր,  զինուորական կառոյցներ, զօրանոցներ, հրդեհի աշտարակներ, ջրամբարներ, ինչպէս նաեւ աթոռներ, բազկաթոռներ, բազմոցներ, ջահեր, կանթեղներ, սեղաններ, ճաշասեղաններ, պահարաններ, մահիճներ, վարագոյրներ եւ այլն: Հատորին վերջին բաժինը տրամադրուած է Կիւրեղեան ընտանիքին, որուն արխիւը փրկուած է: Հոն կը տեսնենք նաեւ Պալեաններու պանթէոնը, որ շինուած է հայկական եկեղեցւոյ նմանութեամբ: Փրոֆ. Գրիգորեան ըսաւ, թէ Կարապետ Պալեան այցելած է Անի քաղաք, ուր ուսումնասիրած է հայկական ճարտարապետութիւնը` աւելցնելով, որ  Պալեաններու, յատկապէս` Սարգիս Պալեանի բնակարանը հայ մշակութային կեդրոն մը դարձած է հայ մտաւորականութեան համար, որ հոն հաւաքուելով հայանպաստ գործունէութիւն վարած են:  Ան հաստատեց, որ Պալեանները կը դասուէին չորրորդը այն հայ ընտանիքներէն, որոնք արտօնութիւններ ունէին սուլթանին կողմէ: Գրիգորեան ըսաւ, որ յատակագիծերը, բարեկարգման նախագիծերը, կանաչապատումը, գոյներու համադրումը բծախնդրօրէն եւ մասնագիտական ձեւով կատարուած են: Ան գնահատեց Պալեաններու ծաւալած բազմազան գործունէութիւնը: «Արտերկրի հայ ճարտարապետներուն մասին առաջին հատորն է ասիկա, եւ ջանացինք, որ նկարներու այլազանութիւն մը ներառենք, որպէսզի Պալեաններու գործերը տեսանելի ըլլան իբրեւ հայկական ճարտարապետութիւն», հաստատեց փրոֆ. Աշոտ Հայկազուն Գրիգորեան եւ եզրափակելով իր խօսքը կոչ ուղղեց բոլորին հաւաքաբար աշխատանք տանելու հայ մշակոյթի գանձարանը մէկտեղելու, որպէսզի նախ մենք մեզ ճանչնանք, ապա բոլորին ծանօթացնենք մեր մշակոյթը:

Դասախօսութեան աւարտին ներկաները առիթը ունեցան լուսաբանական հարցումներ ուղղելու բանախօսին:

Յայտնենք, որ սոյն հատորը կարելի է ստանալ Համազգայինի գրախանութէն:

 

 

Նախորդը

Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ Միջինքի Առիթով. Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Քրիստոնեայ Ըլլալ Կը Նշանակէ Դառնալ Հաւատարիմ Ու Խոնարհ Հետեւորդը Քրիստոսի»

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Նախաձեռնութեամբ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան.  Պուրճ Համուտի Եւ Սին Էլ Ֆիլի Ընկերային Եւ Բարեսիրական Կազմակերպութիւններու Գործունէութիւնը Ներկայացնող Ցուցահանդէս
Գաղութային

Նախաձեռնութեամբ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան. Պուրճ Համուտի Եւ Սին Էլ Ֆիլի Ընկերային Եւ Բարեսիրական Կազմակերպութիւններու Գործունէութիւնը Ներկայացնող Ցուցահանդէս

Հոկտեմբեր 18, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Անդամ Եոնաս Սայետին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Անդամ Եոնաս Սայետին

Հոկտեմբեր 18, 2025
«Ազդակ»-ի 81-րդ Առցանց Լսարան.   Հայ-Ճափոնական Պատմամշակութային Կապերը
Գաղութային

«Ազդակ»-ի 81-րդ Առցանց Լսարան. Հայ-Ճափոնական Պատմամշակութային Կապերը

Հոկտեմբեր 17, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?