Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քանատա. Լիբանանի Զբօսաշրջութեան Նախարար Աւետիս Կիտանեան Հանդիպում Ունեցաւ Մոնրէալահայութեան Հետ

March 7, 2018
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիրակի, 4 մարտ 2018-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Մոնրէալի Հայ կեդրոնի «Ահարոնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում` Լիբանանի զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանին հետ:

Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ Մարալ Նազարեանը, որ իր խօսքին մէջ նշեց, թէ նախարար Կիտանեանի Քանատա այցելութիւնը մէկ օղակն է Հիւսիսային Ամերիկա կատարած անոր այցելութեան, որուն ընթացքին ան հանդիպում ունեցաւ նաեւ Թորոնթոյի հայ համայնքին հետ, ապա ժամանեց Մոնրէալ` զեկուցելու Լիբանանի խորհրդարանական մօտալուտ ընտրութիւններուն մասին: Ապա ներկայացուց նախարար Աւետիս Կիտանեանին հակիրճ կենսագրականը եւ հրաւիրեց զայն բեմ:

Նախարար Կիտանեան շնորհակալութիւն յայտնեց քանատահայութեան` սոյն ընտրութիւններուն առիթով գաղութին տարած լուրջ աշխատանքին համար: Ան յայտնեց, որ վերջին շրջանին Լիբանան կ’ապրի համեմատաբար խաղաղ շրջան մը` շնորհիւ երկրի նախագահին եւ վարչապետին համախոհութեան: «Եւ մենք` լիբանանահայերս, ըսաւ նախարարը, Լիբանանի ճգնաժամային պայմաններուն տոկացինք եւ շարունակեցինք ապրիլ որպէս Լիբանանի հաւատարիմ քաղաքացիներ, այդ պատճառով ալ բոլոր ուժերուն կողմէ մեծ յարգանք կը վայելենք առ այսօր, հետեւաբար ժամանակն է, այս բարօր ժամանակաշրջանին, որ Դաշնակցութիւնն ու լիբանանահայութիւնը օգտուին ընձեռուած կարելիութիւններէն, եւ սփիւռքի մեր հայրենակիցները մասնակցելով քուէարկութեանց` նպաստեն ոչ միայն լիբանանահայութեան, այլ նաեւ` մեր ազգային հարցերուն»: Նախարար Կիտանեանը այս առումով անդրադարձաւ Լիբանանի նախագահ Միշէլ Աունի վերջերս կատարած Հայաստան այցելութեան, որուն ընկերակցած էր նաեւ ինք, եւ յիշեց, որ նախագահը Հայաստանի, Արցախի եւ Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցերուն վերաբերեալ իր անվերապահ զօրակցութիւնը յայտնած էր:

Նախարար Կիտանեան յայտնեց, որ 2000 թուականէն ի վեր Դաշնակցութիւնը ունեցած է երկու երեսփոխաններ Լիբանանի խորհրդարանին մէջ, մինչ քանի պայմանները փոխուած են, եւ

ընտրութեանց օրէնքները նոր կարելիութիւններ կ’ընձեռեն մեզի, պէտք է ամէն ճիգ ի գործ դնենք, որպէսզի արդարօրէն ունենաք երեք կամ չորս երեսփոխաններ, եւ այսպիսով դառնանք իրաւակա՛ն ներկայացուցիչը մեր ժողովուրդին` Լիբանանի քաղաքական կեանքին մէջ:

Քաջալերելով Քանատա ապրող լիբանանահայերը` կատարելու իրենց քաղաքացիական եւ ազգային պարտականութիւնները, ան ըսաւ. «Գրանցուելու ճշդուած ժամանակաշրջանը անբաւարար նկատելով` ներքին համաձայնութիւն կար զայն երկարաձգելու, սակայն քաղաքական կարգ մը անակնկալ իրադարձութիւններ պատճառ դարձան երկարաձգումին խափանման: Հետեւաբար սպասուած արդիւնքներուն չկրցանք հասնիլ: Կը մտածուին նոր միջոցներու մասին` համալրելու քուէարկողներու պահանջուած թիւը»: Ան կարեւորութեամբ շեշտեց, որ բոլոր գրանցուողները ապրիլ 29-ին ուղղուին քուէակեդրոններ եւ իրենց քուէն տան ուղղակի Դաշնակցութեա՛ն թեկնածուներուն: Նախարար Կիտանեան յայտնեց նաեւ, թէ անոնց, որոնց լիբանանեան փաստաթուղթերն ու անցագիրները ի զօրու չեն այլեւս, դեսպանատունը դիւրութիւններ կ’ընծայէ նորոգելու եւ նոր անցագիրներ ապահովելու շատ կարճ ժամանակամիջոցի ընթացքին  (առաւելաբար` մէկ շաբաթ) եւ գրեթէ անվճար (1000 լիբանանեան ոսկի):

Փարատելու համար գրանցուողներուն մտահոգութիւնը` քուէարկութեան համար Օթթաուա մեկնելու, նախարարը յայտնեց, որ այդ հարցը եւս լուծուած է, եւ քուէակեդրոններ պիտի նշանակուին Մոնրէալի եւ Թորոնթոյի մէջ:

Իր խօսքի աւարտին նախարարը նշեց, որ Դաշնակցութեան թեկնածուներու ընտրատարածքներն են` Պէյրութ մայրաքաղաքը, Մեթնի շրջանն ու Այնճարը: Ան կոչ ուղղեց լիբանանահայ հայրենակիցներուն` վերջին ճիգը չխնայելու` ի նպաստ լիբանանահայութեան, ազգին եւ հայրենիքին: Շնորհակալական խօսք ուղղեց Քանատայի մէջ Ընտրական յանձնախումբին եւ ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէին` այս առնչութեամբ անոնց տարած անխոնջ աշխատանքին համար:

 

Նախորդը

Մատենադարանի Տնօրէն Ընտրուեցաւ Վահան Տէր Ղեւոնդեան

Յաջորդը

ԼՕԽ-Կանանց Միջազգային Օրուան Նշում . «Այսօր ԼՕԽ-ը Բոլոր Տուեալները Կ՛ամբողջացնէ 100 Տարուան Ժառանգը Ստանձնելու Եւ Պատուով Կատարելու Իրեն Վերապահուած Առաքելութիւնը» Հաստատեց Շահան Գանտահարեան

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.