Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ընդունեց Լիբանանի Զբօսաշրջութեան Նախարար Աւետիս Կիտանեանը

March 8, 2018
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան երեքշաբթի, 6 մարտ 2018-ի յետմիջօրէին, Ազգային  առաջնորդարանի «Սիւլահեան» դահլիճին մէջ ընդունեց Լիբանանի զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանը, որ Հիւսիսային Ամերիկայի շարք մը համայնքներ այցելութեանց ծիրին մէջ եռօրեայ այցելութեան մը համար Լոս Անճելըս կը գտնուէր եւ տեղեկութիւններ կը տրամադրէր Լիբանանի խորհրդարանական յառաջիկայ ընտրութիւններուն մասին: Անոր կ՛ընկերակցէր Հայ դատի ծառայողներէն Գարեգին Խանճեան: Հանդիպումին ներկայ եղան առաջնորդական փոխանորդ Թորգոմ ծ. վրդ. Տօնոյեան, Ազգային  Կեդրոնական վարչութեան անդամներէն Կայծակ Զէյթլեան, Ազգային վարչութեան ատենապետ Վահէ Յովակիմեան եւ գանձապահ Աւօ Քէշիշեան:

Փոխադարձ ծանօթացումէ ետք, առաջնորդ սրբազանը հակիրճ տեղեկութիւններ տուաւ թեմին մէջ յառաջիկայ ընտրութեանց հեռանկարով վերջին տարիներու աշխատանքներուն մասին, որոնք մեկնակէտ եւ ուղեցոյց ունեցած էին Արամ Ա. կաթողիկոսի եւ այլ համայնքներու պետերու միջեւ տեղի ունեցած հաղորդակցութիւնները: Նախարար Կիտանեան ընդհանուր գիծերու մէջ, սակայն սպառիչ կերպով լուսաբանութիւն տուաւ Լիբանանի մէջ յառաջիկայ մայիսի սկիզբը նախատեսուած երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասին` ընդգծելով, որ արտերկրի քուէարկողները առաջին անգամ ըլլալով իրաւունք պիտի ունենան ընտրութեանց մասնակցելու հեռակայ կարգով: Ընդգծուեցաւ քուէարկութեանց մեծաթիւ մասնակցութեան հրամայականը` նկատի ունենալով, որ հայութիւնը միշտ ալ պարտաճանաչ եղած է Լիբանանի նկատմամբ իր պարտականութեանց եւ քաղաքացիական իրաւունքներու պաշտպանութեան մէջ:

Հիւր նախարարը ընդհանուր տեղեկութիւններ հաղորդեց նաեւ Լիբանանի ապրած զարգացումներուն մասին` յոյս յայտնելով, որ շրջանի տագնապները ընթանան դէպի լուծում, որմէ ետք թէ՛ Լիբանանի եւ թէ՛ դրացի երկիրներուն մէջ պիտի բացուին բարգաւաճման առիթներ: Ան նաեւ լուսաբանութիւններ տուաւ նոր խորհրդարանին մէջ հայ ներկայացուցիչներու հաւանական թիւերուն եւ այլ խմբաւորումներու հետ ընտրական գործակցութեանց մասին, որոնք ընդհանուր առմամբ ստեղծած են հայութեան համար նպաստաւոր ընթացք: Ինչ կը վերաբերի Լոս Անճելըսի մէջ քուէարկողներուն, Լիբանանի հիւպատոսարանը յատուկ միջոցառումներ պիտի որդեգրէ` դիւրացնելու համար անոնց քուէարկութիւնը:

Հրաժեշտէն առաջ, առաջնորդ սրբազանը հիւր նախարարին ծանօթացուց առաջնորդարանի տարբեր բաժանմունքները:

 

Նախորդը

100 Տարի Անց` Դարձեալ Առաջինը Ըլլալու Մղումով (Կանանց Միջազգային Օրուան Առիթով)

Յաջորդը

Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ Միջինքի Առիթով. Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Քրիստոնեայ Ըլլալ Կը Նշանակէ Դառնալ Հաւատարիմ Ու Խոնարհ Հետեւորդը Քրիստոսի»

RelatedPosts

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.