Պոլսոյ «Ժամանակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արա Քոչունեան երէկ յետմիջօրէին այցելեց «Ազդակ»` ընկերակցութեամբ Հայկազեան համալսարանի Սփիւռքի հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոնի տնօրէն դոկտ. Անդրանիկ Տաքէսեանի: Հանդիպումը առիթ եղաւ խօսելու հայ տեղեկատուական դաշտի այսօրուան խնդիրներուն, ինչպէս նաեւ պոլսահայ համայնքին վերաբերող հարցերուն մասին:
Քոչունեան Լիբանան կը գտնուի Հայկազեան համալսարանի Սփիւռքի հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոնին հրաւէրով. ան հինգշաբթի երեկոյեան դասախօսեց Հայկազեան համալսարանին մէջ «Ժամանակ» թերթի անցած 110-ամեայ ուղիին, այսօրուան իրավիճակին եւ թերթին առնչուած ծրագիրներուն մասին: Դասախօսական ձեռնարկին կ՛անդրադառնանք տակաւին: