Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Հանրապետութեան 100-Ամեակի Յուշակոթողի Բացում Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Մարտ 22, 2018
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter
«Այս Յուշակոթողը Անլռելի Զանգակատուն Է` Մեր Հայրենիքին Ու Արցախին Անկախութիւնը, Մեր Ժողովուրդին Ազատութիւնը Աւետող» Հաստատեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Հովանաւորութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ ներկայութեամբ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի, երէկ` չորեքշաբթի, 21 մարտի երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Անթիլիասի մայրավանքի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակի յուշակոթողի պաշտօնական բացումը:

Արամ Ա. կաթողիկոսն ու նախագահ Սահակեանը նախ ծաղիկներ զետեղեցին Հայոց ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներու մատուռին առջեւ` իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելով անոնց, ապա ուղղուեցան եկեղեցւոյ ձախ կողմը խրոխտ կերպով կանգնած Հայաստանի Հանրապետութեան յուշակոթող, ուր հնչեց «Գթա՛ տէր» շարականը` հոգիներուն հանգստութեան համար հայ ազգի նահատակներուն, որոնք իրենց կեանքը տուին ազգին եւ ազատ ու անկախ հայրենիքին համար:

Տէր եւ տիկին Ալեքքօ Պէզիքեան

Հայաստանի, Արցախի եւ «Կիլիկիա» քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք ներկաներուն իր պատգամը յղեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը, որ ողջունեց Արցախի Հանրապետութեան նախագահը, Հայաստանի նախագահին եւ Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին եւ միւս համայնքներու ներկայացուցիչները, պաշտօնական եւ ժողովրդային ներկայութիւնը, ինչպէս նաեւ գնահատանքի խօսք ուղղեց յուշակոթողի բարերար տէր եւ տիկին Ալեքքօ Պէզիքեաններուն, յուշակոթողի հեղինակ քանդակագործ Անդրանիկ Դաւթեանին ու անոր գործակիցներուն, ինչպէս նաեւ կաթողիկոսարանի ճարտարապետներէն Յակոբ Շամլեանին ու Վազգէն Չեքիճեանին:

Արամ Ա. կաթողիկոս ըսաւ, որ աւելի քան հինգ դարերու ստրկութեան ու հալածանքի, Ցեղասպանութեան ու աքսորի ճիրաններուն մէջ տուայտող մեր ժողովուրդը 28 մայիս 1918-ին կերտեց իր նոր արշալոյսը` ազատ ու անկախ Հայաստանը` աւելցնելով, որ թէեւ այս անկախութիւնը երկար չտեւեց, ու պայմաններու բերումով կորսնցուցինք զայն, սակայն, Հայաստանի քայլերգին հին բառերով` «թշուառ ու անտէր» դարձած հայրենի հողին վրայ ծածանեցաւ Եռագոյնը` դրօշը անկախութեան: Անոր համաձայն, թէեւ Հայաստանի անկախութեան յաջորդող տարիները տառապալից եղան, սակայն հայրենի ժողովուրդը կառչած մնաց իր պապենական հողին ու դարաւոր մշակոյթին եւ ազատ ու անկախ Հայաստանի գաղափարը միշտ վառ պահեց իր մէջ, որպէսզի երկար տասնամեակներու սպասումէ ետք 21 սեպտեմբեր 1991-ին կրկին դիմաւորէ արշալոյսը եւ կերտէ անկախութիւնը:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը փոխ առաւ առաքեալին խօսքը` «Եթէ Աստուած մեզի հետ է, ո՞վ կրնայ մեզի դէմ ըլլալ», եւ հաստատեց, որ փառք Աստուծոյ, որ իր ճամբէն քալող առաջին ժողովուրդին` մեզի հետ եղաւ, փառք հայ ժողովուրդին, որ կերտեց անկախութիւնը, որ կը կերտուի հաւաքական հաւատքով ու արեամբ, որ կը պահպանուի հաւաքական կամքով եւ պայծառ տեսիլքով:

«Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակին առիթով բարձրացած այս յուշակողոթը անլռելի զանգակատուն է մեր ժողովուրդի զաւակներուն եւ համայն մարդկութեան մեր հայրենիքին ու Արցախին անկախութիւնը, մեր ժողովուրդին ազատութիւնը աւետող, այս յուշակոթողը սիրոյ եւ երախտագիտութեան շօշափելի արտայայտութիւն է նկատմամբ այն բոլոր հայորդիներուն, որոնք մտքով, գրիչով, խօսքով, քրտինքով, ծառայութեամբ եւ արեամբ անկախութիւն կերտեցին` Արցախէն սկսեալ մինչեւ Արարատեան դաշտ: Անիկա գնահատանքի, սիրոյ եւ յարգանքի արտայայտութիւն է այն բոլոր հերոսներուն նկատմամբ, որոնք իրենց արիւնը թափեցին Հայաստանի եւ Արցախի անկախութեան ճամբուն վրայ», ըսաւ վեհափառ հայրապետը: Ան դիտել տուաւ, որ Անթիլիասի մայրավանքին մէջ շատ խորհրդանշական պատկեր մը կը պարզուի ի տես մայր տաճարին աջ կողմը կանգնած ու պահանջատիրութիւն յուշող Նահատակաց յուշարձանին, ինչպէս նաեւ ձախ կողմը բարձրացած անկախութեան նուիրուած յուշակոթողին, որ կոչ կ՛ուղղէ կառչած մնալու հայրենի հողին ու չհեռանալու Հայաստանէն, կոչ` Արցախի ժողովուրդին, վերանորոգ կամքով ու հաւատքով շարունակելու քաջաբար պաշտպանել հողը, ինքնորոշման իրաւունքն ու անկախութիւնը, կոչ` սփիւռքահայութեան, կորովով եւ յանձնառութեամբ շարունակելու մասնակից դառնալ Հայաստանի ու Արցախի հզօրացման աշխատանքներուն:

Արամ Ա. կաթողիկոս նշեց, որ անկախութեան համար կանգնեցուած յուշակոթողը կազմուած է երեք ամրակուռ սիւներէ` Հայաստան, Արցախ եւ սփիւռք, որոնք միասնաբար անբաժան ու անբաժանելի երրորդութիւն մըն են, որոնք կը բարձրանան դէպի երկի՛նք, անմահութի՛ւն եւ յաղթանա՛կ` աւելցնելով, որ այդպէս պէտք է ըլլայ հայութիւնը` մէկ ամբողջութիւն, միաձուլուած ու միակամ:

Իր խօսքին եզրափակիչ մասով Արամ Ա. կաթողիկոսը ըսաւ, որ այս յուշակոթողը պէտք է ըլլայ յուշ առթող, հաւատք ներշնչող, կամք կռանող, տեսիլք տուող, հայոց պատմութեան ընդերքներէն ժայթքող պատգամ` կոչ ուղղելով զայն վերածելու ազգային ուխտատեղիի, ուր իւրաքանչիւր հայ պէտք է ուխտէ նուիրաբար եւ ամէն գնով ծառայել իր ազգին ու անոր գերագոյն շահերուն:

Արարողութիւնը աւարտեցաւ «Սարդարապատ» յաղթերգով:

 

 

Նախորդը

Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանատան Մէջ. Նախագահ Բակօ Սահակեան Հանդիպում Ունեցաւ ՀՅԴ Պատուիրակութեան Հետ. Պատմաբան Երուանդ Փամպուքեան Պարգեւատրուեցաւ «Մխիթար Գոշ» Մետալով

Յաջորդը

Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադրութեան 100-ամեակի Համահայկական Համաժողովին Բացումը Կատարուեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

RelatedPosts

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»
Գլխաւոր լուրեր

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»
Գլխաւոր լուրեր

Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայ-Ուրուկուէյական Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման Ուղիներու Քննարկում
Գլխաւոր լուրեր

Հայ-Ուրուկուէյական Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման Ուղիներու Քննարկում

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?