Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն Վերաբերեալ Լուսաբանական Հանդիպումներ` Ֆրանսայի Մէջ

March 20, 2018
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Մելիք Գարագաւորեան կը գտնուի Ֆրանսա` առ ի պատրաստութիւն Լիբանանի յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն Ֆրանսա ապրող լիբանանահայութիւնը զօրաշարժի ենթարկելուն, բացատրելով ընտրական նոր օրէնքի ստեղծման հոլովոյթն ու պայմանները:

Ֆրանսայի տարբեր քաղաքներ Գարագաւորեանի այցելութիւնը սկսաւ Փարիզի Ալֆորվիլ հայահոծ շրջանի Հայ մշակոյթի տան սրահէն, ուր ան նշեց ներկայ ընտրական օրէնքի արդար դրոյթները եւ մանրամասնութիւնները:

Մելիք Գարագաւորեան կարեւոր նկատեց այս ընտրութիւնները, որովհետեւ զանգուածային մասնակցութեան պարագային անոնք կը հանդիսանան պատմական առիթ Հայկական երեսփոխանական պլոքի վերականգնման եւ լիբանանահայութեան ուժի կեդրոն դառնալու իրողութիւնը կ՛ապահովեն:

Բանախօսը նշեց նաեւ, որ Դաշնակցութիւնը յառաջիկայ ընտրութիւններուն կրնայ վերատիրանալ նախկին իր դիրքերուն եւ խորհրդարանի մէջ աւելի մեծ ներկայացուցչութեամբ հանդէս կու գայ եւ Դաշնակցութիւնը կը ներկայանայ միայն մէկ կուսակցական թեկնածուով եւ այլ ազգայիններով` ընդգծելով, որ Դաշնակցութիւնը աւելի լայն ուժերով ազգային եւ լիբանանեան հարցերու լծուած կուսակցութիւն է:

Այս վիճակը ստեղծելու համար Դաշնակցութեան Լիբանանի կառոյցը կ՛ապաւինի մեր ժողովուրդին, աշխարհով մէկ, ուրեմն նաեւ Ֆրանսայի մէջ` շեշտելով երեսփոխանական ընտրութեանց անհրաժեշտութիւնը նաեւ համազգային օրակարգեր լուծելու մէջ:

Մելիք Գարագաւորեան շեշտեց, որ Դաշնակցութիւնը բոլոր տեղական ուժերուն հետ ունի լաւ յարաբերութիւններ եւ միաժամանակ յարգուած է բոլորին կողմէ:

ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Մուրատ Արսլանեան իր կարգին ներկաներուն բացատրեց քուէարկութեան պայմանները, թէ՛ Ֆրանսայի մէջ եւ թէ՛ Լիբանան երթալու պարագային:

Ֆրանսայի մէջ ընտրութիւնը տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի տեղական ընտրութիւններէն մէկ շաբաթ առաջ` 29 ապրիլին:

 

Նախորդը

Համագործակցութեամբ Zom Talks-ի Եւ Համազգայինի «Գ. Իփէկեան» Թատերախումբին. Խաչիկ Տէր Ղուկասեան Դասախօսեց «Արդիականութիւն, Քաղաքականութիւն Եւ Արուեստ» Նիւթը

Յաջորդը

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.