Կիրակի, 25 մարտ 2018-ին, Ազգային միացեալ վարժարանի «Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ երաժշտական երեկոյ` կազմակերպութեամբ Ազգային միացեալ վարժարանին, հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանին եւ նախագահութեամբ Ցոլինէ Խաչատուրեանին: Պէտք է նշել, որ երաժշտական երեկոն անդրանիկ ձեռնարկն է «Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» սրահին:
Այս ձեռնարկին պիտի մասնակցին` մայեսթրօ Զաքար Քէշիշեանը, Նայիրի Ղազարեանը, Մարիա Եսայեանը, Թամար Իսկէնեանը, սոփրանօ Շողիկ Թորոսեանը, որոնք դասական մարզին մէջ իբրեւ մասնագիտութիւն ընտրած են երաժշտութիւնը եւ այդ մասնագիտութեամբ կ՛ապրին իրենց կեանքը: Յատկանշական է, որ երաժիշտները աւարտած են ազգային վարժարաններ: Իրենց համար կարեւոր եւ ուրախ փորձառութիւն մը պիտի ըլլայ Ազգային միացեալ վարժարանի երաժշտական երեկոն:
Ըստ երաժիշտներուն, ձեռնարկը կապ մը պիտի ստեղծէ անցեալի յիշատակներուն եւ ապագային հետ: Անոնք սիրով ընդառաջած են իրենց կայք հաստատած երկիրներէն վերադառնալ տուն` Լիբանան եւ այս համերգին մասնակցիլ:
Երաժիշտները ճիգ պիտի չխնայեն նուագել, օրինակ ծառայել եւ յարգանքի տուրք մատուցել նոր սերունդին եւ նոր կրթական կառոյցին հանդէպ: Անոնք արտերկրի իրենց համերգներուն մէջ հայկական գործեր կը դնեն եւ հայկական մշակոյթը կը ներկայացնեն:
Իւրաքանչիւր երաժիշտ 3-4 գործ պիտի նուագէ: Անոնք պիտի նուագեն նաեւ միասին: Մարիա Եսայեանը օրուան դաշնակահարն է, որ բոլորին պիտի նուագակցի: Թամար Իսկէնեանը պիտի նուագէ շուի, պարոք սրինգ եւ դասական սրինգ, Զաքար Քէշիշեանը` շուի, տուտուկ, իսկ Նայիրի Ղազարեանը` թաւջութակ:
Մէկ ժամ տեւող յայտագիրի 90 տոկոսէն աւելի հայկական կտորներ են` Սայաթ Նովա, Կոմիտաս, Խաչատուրեան, Խաչատուր Աւետիսեան, Ադամեան եւ Դուլուխանեան:
Ստորեւ` երաժշտական երեկոյի մասնակիցներուն ամփոփ կենսագրականը:
ԶԱՔԱՐ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
Խմբավար, շվիահար, տուտուկահար
Ծնած է Այնճար, Լիբանան: Շրջանաւարտ է Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճէն` 1986-ին: Երաժշտական բարձրագոյն ուսումը ստացած է Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական բարձրագոյն երաժշտանոցին մէջ, զոր աւարտած է պատուոյ յիշատակութեամբ` իբրեւ շվիահար, տուտուկահար եւ խմբավար:
Անցնող երեսուն տարիներուն հիմնադրած կամ վերաորակաւորած է շարք մը երգչախումբեր եւ նուագախումբեր, ինչպէս` «ԾԻԱԾԱՆ», Շուշիի «ՎԱՐԱՆԴԱ», Համազգայինի «ԿԱՐԿԱՉ», «ԿԱՔԱՒԻԿ», «ԱՅԳ», Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «ՇՆՈՐՀԱԼԻ» երգչախումբերը:
Իբրեւ խմբավար եւ շվիահար ելոյթներ ունեցած է` Հայաստանի, Արցախի, Աւստրալիոյ, Աւստրիոյ, Ֆրանսայի, Յունաստանի, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Եգիպտոսի, Սուրիոյ, Լիբանանի եւ Կիպրոսի մէջ:
Մաս կազմած է Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի տնօրէն-խորհուրդին: Դասախօս է Լիբանանի պետական բարձրագոյն երաժշտանոցին եւ Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճին մէջ: Այցելու դասախօս է Լիբանանի Հայկազեան համալսարանին մէջ:
Շուշիի «Վարանդա» երգչախումբին հետ ձայնագրած է «Բերդաքաղաք» եւ իր կնոջ` Կամիլա Քէշիշեանին հետ` «Նռնենի» խտասալիկները:
ՇՈՂԻԿ ԹՈՐՈՍԵԱՆ
Սոփրանօ
Շրջանաւարտ է Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճէն` 1988-ին: Աւարտած է Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճը: Տասնեակ մը մենահամերգներով հանդէս եկած է Լիբանանի, Հայաստանի ու Քանատայի մէջ: Մենակատարուհիներէն է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Շնորհալի» եւ Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբերուն: Նշանակուած է «International association of singers» կազմակերպութեան Լիբանանի բաժինի վարիչ-տնօրէն:
Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան «Մշակութային կանգառ» ծրագիրի ծիրին մէջ նշանակուած է Մշակոյթի եւ երգարուեստի միջազգային ակադեմիայի Լիբանանի մասնաճիւղի միջազգային կապերու տնօրէն:
Յատկապէս իրեն համար երգեր յօրինած են հայրենի երաժշտահաններ Սասուն Պասկեւիչեանը, Գէորգ Մանասեանը եւ Էտկար Գեանճումեանը:
Հրատարակած է երկու խտասալիկ` «Փունջ մը շարականներ» եւ «Մեղեդիներ, տաղեր եւ գանձեր»: Կը դասաւանդէ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցին մէջ` իբրեւ ձայնամարզութեան եւ սոլֆեժի ուսուցչուհի: Երգի եւ երաժշտութեան ուսուցչուհին է Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանին:
ՄԱՐԻ ԱՒԵՏԻՍ ԵՍԱՅԵԱՆ
Դաշնակահար
Ծնած է Լիբանան: Շրջանաւարտ է Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճէն` 1988-ին: Երաժշտական նախակրթութիւնը ստացած է Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճին մէջ, որմէ ետք աւարտած է Լիբանանի պետական բարձրագոյն երաժշտանոցը:
Երաժշտական բարձրագոյն ուսումը ստացած է Գերմանիոյ մէջ` աւարտելով Հանովըրի Hochschule fur Musik und Theater-ը:
Իբրեւ մենակատար` Լիբանանի պետական ֆիլհարմոնիք նուագախումբին հետ կատարած է Շումանի դաշնամուրային քոնչերթոն: Մենահամերգով կամ սենեկային խումբերու հետ զանազան ելոյթներ ունեցած է Լիբանանի եւ Գերմանիոյ մէջ: Թաւջութակահար Քարոլին Շչոլզի հետ ստեղծած է «Քարմա» երկեակը` տալով զանազան համերգներ:
Կատարողական իր արուեստին զուգահեռ, դասաւանդած է Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճին ու Լիբանանի պետական բարձրագոյն երաժշտանոցին մէջ: Այժմ կ՛ապրի ու կը դասաւանդէ Գերմանիոյ մէջ, ուր հրապարակած է իր իսկ հեղինակած դաշնամուրային երաժշտութեան «Արձագանգներ» եւ «Որոնումներ» խտասալիկները:
ԹԱՄԱՐ ԻՍԿԷՆԵԱՆ
Սրնգահար, շվիահար
Շրջանաւարտ է Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճէն` 2004-ին: Երաժշտական նախակրթութիւնը ստացած է Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճին մէջ` ուսուցիչ ունենալով Զաքար Քէշիշեանը, ապա` Լիբանանի պետական բարձրագոյն երաժշտանոցին մէջ: Այնուհետեւ ուսումը կատարելագործած է Պասելի Hochschule fur Musik-ին եւ Սալզպուրկի Mozarteum-ին մէջ` մասնագիտանալով դասական, պարոք եւ ժամանակակից սրինգներու կատարողական արուեստին մէջ: Աւելի՛ն. սրինգ նուագարանի պատմագիտութեան ու կատարողական արուեստին, ինչպէս նաեւ դասաւանդման կերպերու մասին մասնագիտական ուսման հետեւած է նշանաւոր ScholaCantorumBasiliensis-ին եւ Պասելի մանկավարժական համալսարանին մէջ:
Վարպետութեան դասերու հետեւած ու առնչուած է համաշխարհային առաջին մեծութեան վարպետներու, ինչպիսիք են` James Galway, Aurel Nicolet, Emmanuel Pahud, Walter Auer, Felix Renggli, Wissam Boustany, Vicens Prats Paris, Mathieu Dufour, Barthold Kuijken, Karl Kaiser:
Արժանացած է բազմաթիւ միջազգային հեղինակաւոր մրցանակներու, ինչպէս` Barenboim-Said Scholarship-ին, Edition Kossack Trinational երիտասարդական եւ Զուիցերիոյ երաժշտական ընկերութեան մրցոյթներուն: Եւրոպական տասնեակ մը երկիրներ շրջագայած է Տանիէլ Պարենպոյմի West-Eastern Divan Orchestra-ին հետ` իբրեւ սրնգահար: Նշանակալից ելոյթներ ունեցած է` Լոնտոնի, Սեւիլիայի, Փարիզի, Պերլինի, Պուէնոս Այրեսի, Պրազիլի, Ուրուկուէյի, Էքուատորի, Քոլոմպիոյ, Վենեզուելայի, Չինաստանի, Քորէայի, Հայաստանի եւ Նիւ Եորքի մէջ:
ՆԱՅԻՐԻ ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Թաւջութակահար
Ծնած է Լիբանան: Շրջանաւարտ է Ազգային Ս. Խանամիրեան քոլեճի իննամեայ կրթութեան` 2004-ին: Ապա երկրորդական ուսումը շարունակած է Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան երկրորդական վարժարանին մէջ:
Երաժշտական նախակրթութիւնը ստացած է Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճին մէջ` իբրեւ թաւջութակահար: Ապա Երեւանի Կոմիտասի անուան բարձրագոյն երաժշտանոցին մէջ կը շարունակէ իր ուսումնառութիւնը եւ շուտով կը վկայուի մագիստրոս արուեստից որակաւորումով:
Լայն մասնակցութիւն կը բերէ լիբանանահայ կամ առհասարակ Լիբանանի ու Հայաստանի երաժշտական կեանքին` մասնակցելով զանազան համերգներու եւ երաժշտախումբերու: Մասնակցած է նաեւ «Մարկօ Պապիկեան» երաժշտական սենեկային մրցումին:
Այժմ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճին եւ լիբանանեան երաժշտական քանի մը դպրոցներու մէջ թաւջութակ կը դասաւանդէ: