Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանահայ Բժշկական Միութիւն. Դասախօսութիւն` Հայկական Բժշկական Միջազգային Ընկերակցութեան Պատմութեան Մասին

March 24, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հինգշաբթի, 22 մարտի երեկոյեան ժամը 7:00-ին Լիբանանահայ բժշկական միութեան տան մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսական երեկոյ` նուիրուած միութեան եւ Հայկական բժշկական միջազգային ընկերակցութեան պատմութեան: Ձեռնարկին բացման խօսքը կատարեց Լիբանանահայ բժշկական միութեան ատենապետ տոքթ. Գրիգոր Էճիտեան, որ ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց օրուան դասախօս տոքթ. Վարդան Թաշճեանի կենսագրութիւնը եւ Լիբանանահայ բժշկական միութեան գործունէութեան ու Հայկական բժշկական միջազգային ընկերակցութեան մէջ անոր ունեցած ներդրումը:

Տոքթ. Վարդան Թաշճեան սկսաւ իր դասախօսութեան` նշելով, որ ծնած է Պուրճ Համուտ` համեստ ընտանիքի մը յարկին տակ: Ապա ան ներկայացուց այն պայմանները, որոնց լոյսին տակ Լիբանանահայ բժշկական միութեան վարչութիւնը 1974-ին մտածեց Լիբանանի մէջ կազմակերպել Հայկական բժշկական միջազգային առաջին համագումարը, որուն քննարկումներուն հիման վրայ պիտի հիմնադրուէր Հայկական բժշկական միջազգային ընկերակցութիւնը: Տոքթ. Թաշճեան մասնաւորապէս յիշատակեց Հայկական բժշկական միջազգային ընկերակցութեան պատուոյ նախագահներ տոքթ. Համբարձում Քեքլիկեանի եւ տոքթ. Յակոբ Քրքեաշարեանի եւ նախագահ տոքթ. Երուանդ Ճիտեճեանի անունները: Ընկերակցութեան վարչութեան անդամ էին, այլոց շարքին, տոքթ. Մելքոն Էպլիղաթեան, տոքթ. Անդրանիկ Մանուկեան եւ դասախօսը ինք:

Հայկական բժշկական միջազգային ընկերակցութիւնը խթանը հանդիսացաւ հայկական բժշկական միութիւններու վերաշխուժացման կամ ստեղծման` տարբեր երկիրներու մէջ` Ֆրանսա, Քանատա, Իրան, Իտալիա, Միացեալ Նահանգներ: Հայկական բժշկական միջազգային ընկերակցութիւնը կազմակերպած է բժշկական միջազգային իրերայաջորդ համագումարները, որոնցմէ երկրորդը տեղի ունեցած է Վենետիկի մէջ 1980-ին, իսկ 12-րդը Արժանթինի մէջ, 2017-ին:

Ապա տոքթ. Թաշճեան պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն: Ձեռնարկի աւարտին տոքթ. Գրիգոր Էճիտեան Լիբանանահայ բժշկական միութեան անունով յուշանուէր մը յանձնեց դասախօսին` առ ի գնահատանք իր բժշկական ասպարէզին եւ կազմակերպական ներդրումին: Հիւրասիրութեան ընթացքին զրոյցը շարունակուեցաւ ներկաներուն եւ դասախօսին միջեւ:

 

Նախորդը

Հարիւր Պատմական Դէպք` Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադրութեան Հարիւրամեակին

Յաջորդը

Երաժշտական Երեկոյ` Ազգային Միացեալ Վարժարանին Մէջ

RelatedPosts

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին

October 28, 2026
ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.