Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երեւանի Հիմնադրութեան 2800-ամեակին Եւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-Ամեակի Յոբելեաններուն Առիթով. «Երեւանը Երեք Հանրապետութիւնների Մայրաքաղաք» Խորագիրով Ցուցահանդէս

March 21, 2018
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երեքշաբթի, 20 մարտ 2018-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, կազմակերպութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան եւ Երեւանի պետական թանգարանին, համագործակցութեամբ Երեւանի քաղաքապետարանին եւ Էրեբունի պատմահնագիտական արգելոց-թանգարանին, «Երեւանը երեք հանրապետութիւնների մայրաքաղաք» խորագիրով ցուցահանդէս մը կայացաւ Հայաստանի դեսպանատան մէջ Երեւանի հիմնադրութեան 2800-ամեակի եւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակի զոյգ յոբելեաններու առիթով:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան: Ան յայտնեց, որ այս ցուցահանդէսը կարեւոր ձեռնարկ է, որովհետեւ Երեւանի քաղաքապետարանը պետական թանգարանին հետ համագործակցութեամբ մեզի պիտի առնչէ 2800-ամեայ պատմութիւն ունեցող մեր մայրաքաղաքին հետ: Ան անդրադառնալով ցուցահանդէսի խորագիրին զայն նկատեց խորհրդանշական. նորագոյն շրջանի հայ պետականութեան շարունակականութիւնը սկսած Ա. հանրապետութեան ստեղծմամբ, Խորհրդային հանրապետութիւնը եւ վերանկախացած Հայաստանի Գ. հանրապետութիւնը: Դեսպանը յայտնեց, որ Երեւանը ամբողջ հայութեան մայրաքաղաքն է, կեդրոնատեղին, հաւաքական իղձերու մարմնաւորման վայրը, եւ բոլորս գուրգուրանքով կը վերաբերինք Երեւանի հանդէպ: Ան ողջունեց Հայաստանի բարձրաստիճան հիւրերուն ներկայութիւնը` նշելով, որ անոնք են Երեւանի պատմութիւնը պահպանողները եւ բոլոր լուսանկարներն ու պատմական փաստագրութիւնները հաւաքողներն են ու դասակարգողները: Մէկ խօսքով` անոնցմէ կախեալ է մեր յիշողութիւնը եւ թէ մենք ինչքան լաւ կը փոխանցենք զայն ապագայ սերունդներուն: Ան ողջունեց նաեւ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկի մեծ խումբը, որ եկած է մասնակցելու Անթիլիասի մէջ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակին առիթով տեղի ունենալիք գիտաժողովին: Ան եզրափակեց իր խօսքը յայտնելով, որ այս ձեռնարկով մեկնարկը կը կատարուի Երեւանի հիմնադրութեան 2800-ամեակի տօնակատարութիւններուն:

Ապա ակադեմիկոս Եուրի Սուվարեան սրտի խօսք արտասանեց: Ան նշեց, որ 2018 տարին յոբելեաններով հարուստ տարի մըն է Հայաստանի համար: Ան Երեւանի հիմնադրութեան 2800-ամեակը առանձնայատուկ նկատեց, որովհետեւ Երեւանը այսօր ամբողջ հայութեան մայրաքաղաքն է: Այս ամեակի նշումով սկիզբը կը դրուի նոր ձեռքբերումներու եւ զարգացումներու: Հայաստանը բաւական դժուար պայմաններ ունեցաւ Գ. հանրապետութեան սկիզբը: Այսօր արտաքին պայմանները բարւօք չեն յատկապէս շրջափակման առումով: Տնտեսական նուաճումներ արձանագրուած են: Ստեղծուած են պաշտպանական անվտանգութեան պաշարներ եւ կան ծրագիրներ: Յոյսով ենք, որ 21-րդ դարը Հայաստանի դարը ըլլայ եւ նոր յաջողութիւններ կարելի ըլլայ ձեռք ձգել:

Ան մաղթեց, որ լուսանկարներու այս ցուցահանդէսը խթան հանդիսանայ բոլոր անոնց համար, որոնք տակաւին չեն այցելած Երեւան: Այսօր բոլորիս մեկնակէտը պէտք է դառնայ Հայաստանի տնտեսական եւ մշակութային զարգացումը, ներդրումներու ապահովումը: Սուվարեան իր խօսքը եզրափակեց մաղթելով, որ ամբողջ հայ ժողովուրդը ձգտի դէպի Հայաստան:

Երեւանի պատմութեան թանգարանի տնօրէն Արմինէ Սարգսեան կարդաց Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի ուղերձը: Քաղաքապետը իր ուղերձին մէջ շեշտած էր, թէ սիրել հարազատ քաղաք Երեւանը կը նշանակէ ունենալ ազգային ու քաղաքացիական արժանապատուութեան բարձր զգացում` չմոռնալով, որ իւրաքանչիւրս մեր վարքագիծով պատասխանատու ենք ապագայ սերունդներուն դիմաց: Ապա Արմինէ Սարգսեան նշեց, որ այս ցուցահանդէսին ցուցադրուած են 100 լուսանկարներ, ինչ որ կը խորհրդանշէ Հայաստանի Հանրապետութեան 100-րդ տարեդարձը եւ հնարաւորութիւն կու տայ  շրջելու հին Երեւանի փողոցներով եւ տեսնելու ներկայիս ժամանակակից կշռոյթով առաջնորդոուղ Երեւանը:

Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան հայ համայնքի հետ տարուող աշխատանքի պատասխանատու դիւանագէտ Վլատիմիր Պօղոսեան ընթերցեց Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի ուղերձը: Նախարարը իր ուղերձին մէջ իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան եւ Երեւանի քաղաքապետութեան համագործակցութիւնը հասած է Մերձաւոր արեւելք, իսկ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան պատրաստակամութիւնը կարելիութիւն կու տայ արձանագրելու եռակողմ գործակցութիւն: Ցուցահանդէսը իր բովանդակութեամբ անցեալի, ներկայի եւ ապագայի իւրօրինակ համադրութիւնն է: Ան մաղթեց, որ Հայաստան-սփիւռք մշակութային կապերու ամրապնդման ուղղուած գործակցութիւնը շարունակուի:

 

 

Նախորդը

Այս Յուշակոթողը Անկախ Պետականութեան Խորհրդանիշն Է. Հարցազրոյց` Ալեքքօ Պէզիքեանին Հետ Անթիլիասի Մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակի Յուշակոթողին Կանգնեցման Առիթով

Յաջորդը

Ապպաս Իսրայէլի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը «Շան Որդի» Կոչած Է

RelatedPosts

Ակնարկ.  Հորմուզ, Պապ Մանտեպ Եւ Ռուս-Ամերիկեան  Ուժանիւթային Խորհրդակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Հորմուզ, Պապ Մանտեպ Եւ Ռուս-Ամերիկեան Ուժանիւթային Խորհրդակցութիւններ

October 6, 2026
Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահ  Զօրավար Ժոզեֆ Աուն Այցելեց  Արամ Ա. Կաթողիկոսին
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահ Զօրավար Ժոզեֆ Աուն Այցելեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին

October 6, 2026
«Իմացէք, Որ Եթէ Իրանի Դէմ Նոր Պատերազմ  Ծագի, Անոր Բոցերը Բոլորին Պիտի Հասնին»  Շեշտեց Զօր. Ապտելլահի
Գլխաւոր լուրեր

«Իմացէք, Որ Եթէ Իրանի Դէմ Նոր Պատերազմ Ծագի, Անոր Բոցերը Բոլորին Պիտի Հասնին» Շեշտեց Զօր. Ապտելլահի

October 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.