ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի սկաուտները, Շրջանային վարչութեան եւ Շրջանային սկաուտական խորհուրդին հովանաւորութեամբ, ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն:
Երկուշաբթի, 23 ապրիլ 2018-ի երեկոյեան, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Պէյրութի, Պուրճ Համուտի, Անթիլիասի եւ Ժըտէյտէի մասնաճիւղերը ներկայացնող` երէց – պարմանուհիները, խմբապետական կազմերը, մասնաճիւղի սկաուտական խորհուրդները, ինչպէս նաեւ Շրջանային խմբապետական կազմը, Շրջանային սկաուտական խորհուրդն ու Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչները հաւաքուեցան Պիքֆայայի վանք, ուր տեղի ունեցաւ մէկուկէս միլիոն սրբադասուած Ս. նահատակներուն նուիրուած եկեղեցական արարողութիւն:
Ապա բոլորը միասին լուռ երթով ուղղուեցան դէպի Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձան, ուր խօսք առաւ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային սկաուտական խորհուրդի ատենապետ Ալին Քեչեպաշեան: Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Ապրիլ 23-ը հայ սկաուտին համար պայքարի օր է, ուխտի օր է, պահանջատիրութեան օր է»: Ան աւելցուց, թէ յաճախ կ՛այցելենք այս վայրը, բայց ապրիլ 23-ին տարբեր զգացում մըն է, որ կը պատէ մեր հոգիները, եւ որ կը մղէ ՀՄԸՄ-ական սկաուտները, տարիներու աւանդութիւն դարձած, Պիքֆայայի յուշարձանին առջեւ հաւաքուած, վերանորոգեն իրենց խոստումը` թելադրելով, որ այս խոստումին հաւատարիմ մնալով անոնք շարունակեն պահանջել հայութեան ազգային արդար իրաւունքները, մինչեւ որ հասնինք Հայ դատի պահանջատիրութեան ամբողջական յաղթանակին:
Ապա «Կիլիկիա»-ի երգի եւ «Յառաջ, նահատակ» քայլերգի երգեցողութեամբ սկաուտները միասնաբար ուխտեցին վառ պահել Հայոց ցեղասպանութեան Սուրբ Նահատակներուն յիշատակը ու ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի ընտանիքին անունով ծաղկեպսակ ու ծաղիկներ զետեղեցին` առ ի յարգանք մէկուկէս միլիոն սրբադասուած Նահատակներուն անթառամ յիշատակին:
Իսկ երեքշաբթի, 24 ապրիլ 2018-ին, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Պէյրութի, Պուրճ Համուտի, Անթիլիասի եւ Ժըտէյտէի մասնաճիւղերը ներկայացնող 400 սկաուտներ ներկայ գտուեցան Հայոց ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն նահատակներուն յիշատակի ոգեկոչման Սուրբ եւ անմահ պատարագին,Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարի մէջ: Յաւարտ սուրբ պատարագի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի պատգամին, ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին առաջնորդութեամբ` ՀՄԸՄ-ի սկաուտական խումբերը տողանցեցին մայրավանքի շրջափակին մէջ: