Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ. Լիբանանահայ Վարժարաններու Աշակերտները Յարգեցին Ցեղասպանութեան Մէկուկէս Միլիոն Նահատակներուն Յիշատակը

Ապրիլ 26, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին, երկուշաբթի, 23 ապրիլին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Հայոց ցեղասպանութեան 103-ամեակին առիթով Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Ստեփանոս մատրան դիմաց տեղի ունեցաւ աշակերտական հաւաք` մասնակցութեամբ լիբանանահայ վարժարաններու աշակերտութեան, տնօրէններուն եւ ուսուցչակազմերուն: Ներկայ էին Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի եւ Ազգային միացեալ վարժարանի, Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի, Հայ Աւետարանական Թորոսեան վարժարանի, Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարանի, Հայ աւետարանական քոլեճի, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի, Հայ կաթողիկէ Սրբոց Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարանի, Ս. Խաչ-Գ. Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանի, Հայ կաթողիկէ Սրբուհի Ագնէս վարժարանի, Մխիթարեան վարժարանի, ՀԲԸՄ-ի Դարուհի-Յովակիմեան եւ Պօղոս Կարմիրեան վարժարաններու, Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի եւ Վահան Թէքէեան վարժարանի աշակերտները:

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակներու զետեղում` վարժարան առ վարժարան: Այնուհետեւ հաւաքին բացման խօսքը արտասանեց Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի 12-րդ դասարանի աշակերտ Ռիթա Քէրթէնեան: Ան ըսաւ, մէկուկէս միլիոն նահատակներուն մասունքները կը խայտան ուրախութեամբ, տեսնելով իրենց ծոռներու հոծ բազմութիւնը, լսելով անոնց հայերէն խօսքերը եւ անգամ մը եւս մխիթարուած ու մասամբ հատուցուած կը զգան, սպասելով ամբողջական հատուցման: «Ձեր ծոռները չեն մոռցած ու չեն մոռնար ձեր նահատակութիւնը: Յուսանք կը մնանք արժանավայել ջահակիրները ու մեր ջահերուն բոցերը թող հասնին բռնագրաւուած մեր հողերէն մինչեւ Կիլիկիա», հաստատեց Քէրթէնեան` աւելցնելով, որ Ցեղասպանութենէն 103 տարի անցած է, սակայն անիկա կը մնայ մեր արդար դատը, որովհետեւ իր ետին ունի հետապնդող, պահանջատէր ու քաջ ժողովուրդ մը: «Այլեւս 24 ապրիլը սուգի ու ողբի օր չէ, այլ` յաղթանակի: Փաստը` մեր ներկայութիւնն ու յաջողութիւններն են: Մենք թանգարանի մէջ զմռսուած յիշատակ մը չենք թշնամիին փափաքին համաձայն, այլ` եաթաղաններէն ճողոպրած որակաւոր ժողովուրդ, որ կ՛արժեւորէ աշխատանքն ու վայելքը, սակայն չի մոռնար իր բռնաբարուած իրաւունքը», շեշտեց Ռիթա Քէրթէնեան եւ եզրափակելով իր խօսքը կոչ ուղղեց անգամ մը եւս ուխտելու` հայ մնալու, հայավայել ապրելու, հայ ընտանիք կազմելով մեր զաւակներուն հայեցի կրթութիւն ջամբելու եւ մեր նահատակներուն յիշատակը վառ պահելու:

Այնուհետեւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր: Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի աշակերտ Ռազմիկ Տէրունեան ընթերցեց` «Հոգեհանգիստ» քերթուածը, ՀԲԸՄ Դարուհի-Յովակիմեան վարժարանէն Ռիթա Չարըքեան ասմունքեց Դանիէլ Վարուժանի «Դերենիկ»-ը, Հայ աւետարանական քոլեճի եւ Հայ աւետարանական Թորոսեան վարժարանի միացեալ երգչախումբը մեկնաբանեց` «Ապրիլ» երգը, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանէն Մարիա-Ճեսիքա Հաշէօլեան եւ Արտա Ներսէսեան երգեցին «Աղբերս ու ես» երգը, Ազգային միացեալ վարժարանէն Արազ Էլէյճեան ասմունքեց Ռոզա Պետրոսեանի «Զարթնիր լաօ մռնիմ քըզի» բանաստեղծութիւնը, որուն զուգահեռ երգչախումբը երգեց «Գնդակ որոտաց», «Աքսորի երգեր», «Ասէք լեռներ», «Կիլիկիա» եւ «Խուժան ասկեար» երգերը:

Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան աշակերտներուն ուղղուած իր խօսքին մէջ բացատրեց, որ 24 ապրիլի առիթով մեր նահատակները յիշել կը նշանակէ իրենց նահատակութեան պատկերին մէջ դիտել մեր կեանքը, քննել մեր ազգային հաւատարմութեան հասկացողութիւնը եւ վաղուան պատմութիւնը կերտելու պատասխանատուութեամբ կշռել մեր հայրենասիրութեան հարազատութիւնը: «Մեր նահատակներուն յիշատակը պէտք է այսուհետեւ ուղղութիւն տայ մեր կեանքին: Մեզ տանի դէպի մեր ազգային երազներն ու իտէալները, նաեւ մեր հաւատքը ուղղէ դէպի հայրենիք, դէպի Հայաստան աշխարհ, որուն ձեռքբերումին համար թափուեցաւ բիւր բիւրաւոր նահատակներու արիւն», շեշտեց առաջնորդ սրբազան հայրը` կոչ ուղղելով աշակերտներուն, որ փառք տան Աստուծոյ, որ մեր ազգային փորձառութեան ծանրագոյն պահերուն եղաւ մեզի ապաւէն եւ ցոյց տուաւ լուսաւոր ճամբան: Առաջնորդ սրբազանը յորդորեց աշակերտները աղօթելու, որ մեր մէկ ու կէս միլիոն նահատակներուն սրբազան յիշատակը անգամ մը եւս լուսաւորէ մեր կեանքին ընթացքը, որպէսզի մենք եւս անխախտ պահենք մեր անմահ նահատակներուն կտակը եւ հասնինք արդարութեան պսակին:

Այնուհետեւ բոլոր ներկաները միասնաբար աղօթեցին Տէրունական աղօթքը, որմէ ետք սրբազան հայրը յատուկ աղօթք մը կարդաց նուիրուած սրբադասուած նահատակներուն:

 

 

 

Նախորդը

24 Ապրիլի Առիթով Հարցազրոյց «Օ.Թի.Վի.»-էն

Յաջորդը

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Սկաուտները Կ՛ոգեկոչեն Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակներուն Յիշատակը

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը

Յուլիս 12, 2025
Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի  Քեսապի Շուրջ Բռնկած Վտանգալից Հրդեհին
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի Քեսապի Շուրջ Բռնկած Վտանգալից Հրդեհին

Յուլիս 12, 2025
Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարան.  Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարան. Հաղորդագրութիւն

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?