ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինի անդամներէն Սէրուժ Աբիկեան 24 ապրիլին հիւրն էր «Օ.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանի «Ժարիտաթ Եոմ» յայտագիրին, որուն ընթացքին պատասխանելով զրուցավարներուն հարցումներուն անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան հարցին:
Աբիկեան նշեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը բաւարար չէ, այլ ատոր պէտք է հետեւին վնասուց հատուցումն ու իրաւունքներու վերականգնումը` աւելցնելով, որ այդ երեք հարցերը միատեղ են եւ զանոնք կարելի չէ իրարմէ անջատել:
Ան նաեւ ընդգծեց, որ ժամանակը չի կրնար տկարացնել արդարութեան պայքարը:
Աբիկեան զրուցավարներուն խնդրանքով անդրադարձաւ ՀՅԴ Հայ դատի աշխարհատարած մարմիններու գործունէութեան եւ նպատակներուն:
Ան յայտնեց, որ հայ ժողովուրդը յաջողեցաւ Ցեղասպանութենէն վերապրիլ շնորհիւ իր կամքին եւ այժմ ունի ցեղասպանութիւնները կանխարգիլելու առաքելութիւնը:
Զրոյցի աւարտին Աբիկեան վերահաստատեց Լիբանանի Նահատակաց տօնի վերականգնման պահանջը