Ուրբաթ, 11 մայիս 2018-ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոսին այցելեց Կիպրոսի Հանրապետութեան նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Ֆոդիս Ֆոդիուն:
Ֆոդիս Ֆոդիու Կիպրոսի համայնքներու եւ կիպրական սփիւռքի առնչուած հարցերու պատասխանատուն է: Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Լիբանանի մէջ Կիպրոսի դեսպան Քրիսթինա Ռաֆթի եւ դեսպանատան քաղաքական ու հիւպատոսական հարցերու պատասխանատուները:
Նախ եւ առաջ Ֆոդիու վեհափառ հայրապետին փոխանցեց նախագահին անձնական ողջոյններն ու շնորհակալութիւնները իր վերընտրութեան առիթով անոր ցուցաբերած զօրակցութեան համար: Ան նաեւ յայտնեց, որ վեհափառ հայրապետին առաջարկին հետեւելով, պետութիւնը Կիպրոսի Ազգային առաջնորդարանին ու դպրոցներուն տրուող տարեկան նպաստին վրայ յաւելում կատարած է:
Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ տեսակէտներու փոխանակում կատարելու Կիպրոսի հայ համայնքին, Լիբանանի ներկայ կացութեան, Միջին Արեւելքին, Հայ դատին եւ Հայաստան-Կիպրոս յարաբերութեանց հետ աղերս ունեցող հարցերու շուրջ:
Հանդիպման աւարտին յուշանուէրներու փոխանակում տեղի ունեցաւ. ապա, պատուիրակութիւնը այցելեց կաթողիկոսարանի Նահատակաց յուշարձան: