Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սրբոց Հռիփսիմեանց Կոյսերու Տօնին Նուիրուած Աղօթքի Օրերու Բացում

Մայիս 15, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սրբոց Հռիփսիմեանց  կոյսերու տօնին առիթով 14-28 մայիսին, երեկոյեան ժամը 7:00-8:00 Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ կոյսերուն նուիրուած աղօթք, որուն աւարտին պիտի փոխանցուի պատգամ` թեմի քահանայ հայրերուն կողմէ:

Արդարեւ, երէկ` երկուշաբթի, 14 մայիսին տեղի ունեցաւ Սրբոց Հռիփսիմեանց  կոյսերուն նուիրուած աղօթքի օրերուն բացումը` հանդիսապետութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի եւ ներկայութեամբ քահանայից դասուն:

Աղօթքի աւարտին սրբազան հայրը ուղղեց օրուան պատգամը: Ան նկատել տուաւ, որ կեանքի ներկայ դժուար պայմաններուն մէջ մենք կարիքը ունինք սուրբերուն եւ անոնցմէ եկող սրբութեան, որպէսզի յաջողինք նոր ուղղութիւն եւ մղում տալ մեր կեանքին: Սրբազան հայրը  ակնարկելով Հռիփսիմեանց կոյսերու կեանքին ըսաւ, թէ անոնք 3-րդ դարու վերջաւորութեան ապրած հռոմէացի կրօնաւորուհիներ էին, որոնք Դիոկղետիանոս կայսեր հալածանքներէն խոյս տալու համար եկան Հայաստան, սակայն ենթարկուելով Տրդատ թագաւորի հալածանքին կալանուեցան եւ ահաւոր չարչարանքներէ ետք քարկոծուելով մարտիրոսացան: Երբ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հրաշքով դուրս եկաւ Խոր Վիրապէն, անձամբ ամփոփեց կոյսերուն նշխարները եւ անոնց վրայ հաստատեց սրբարան:

«Դարեր ետք, մենք երկիւղածութեամբ կը յիշենք զիրենք, որովհետեւ կ՛անդրադառնանք, թէ անոնք իբրեւ կրօնաւորուհիներ նախընտրեցին իրենց կեանքը ապրիլ համաձայն այն արժէքներուն, որոնցմով ուխտած էին ծառայել Քրիստոսի` կուսութեան ճամբով: Անոնք յանձն առին նահատակութիւնը` փոխանակ վայելելու պալատական կեանքի պայմանները: Անոնք գերադասեցին մահը, քան քրիստոնէական արժէքներէ պարպուելով ենթարկուիլը կայսեր կամ թագաւորի կամքին», շեշտեց առաջնորդ սրբազանը` աւելցնելով, որ անոնք նահատակուեցան, սակայն հաւատքի ճամբով կ՛ապրին մեր եկեղեցւոյ կեանքին մէջ:

Շարունակելով իր խօսքը` առաջնորդ սրբազանը ըսաւ, թէ ժամանակին հետ կրնանք պատմութիւնը մոռնալ, սուրբերու անունն ու յիշատակը մոռնալ, սակայն պէտք չէ մոռնալ, թէ սրբութեան հասնելու ճամբան Աստուծոյ հետ մեր ունեցած յարաբերութեան իրականութիւնն է եւ դէպի Աստուած ընթանալով միայն կարելի է հասնիլ սրբութեան: Ան շեշտեց, որ սուրբերը չեն պատկանիր միայն անցեալի մեր կեանքին, այլեւ` սրբութիւնը ներկայ է մեր այսօրուան կեանքին մէջ: Շատեր կը փորձեն սրբութեամբ պահել իրենք զիրենք կեանքի տեսակաւոր փորձութիւններուն ու տագնապներուն դիմաց:

«Եթէ մենք չենք ուզեր Սրբոց Հռիփսիմեանց հաւատքին, նուիրումին օրինակը որդեգրել, եթէ չենք կրնար քրիստոնէական մեր  հաւատալիքներուն հետ վարուիլ անոնց ունեցած գիտակցութեամբ, ի՞նչ կ՛արժեն մեր բարեպաշտութիւնը, աղօթքները», շեշտեց առաջնորդ սրբազանը: Ան յայտնեց, որ մեր աշխարհին մէջ վերիվայրումներ եւ փոփոխութիւններ միշտ տեղի պիտի ունենան, եւ անոնց համար ամուր պէտք է պահենք մեր հաւատքը ու կառչած մնանք այն բոլոր սրբութիւններուն, որոնք մեր ժողովուրդի ամրութիւնը եղած են:

Եզրափակելով իր խօսքը` առաջնորդ սրբազան հայրը յորդորեց հաւատացեալ ժողովուրդը Սրբոց Հռիփսիմեանց օրինակին դիմաց սթափելու եւ նոր գիտակցութիւն յառաջացնելու իրենց կեանքին մէջ, զգացնելու իրենց շրջապատին, թէ իրենք Քրիստոսի հետեւորդներն են, եւ Սրբոց Հռիփսիմեանց  հաւատքով պայքարելու` իրենց կեանքին մէջ արժէք եւ սրբութիւն պահելու համար:

 

Նախորդը

Նիկոլ Փաշինեանի Ծրագրային Ելոյթը Ազգային Ժողովին Մէջ

Յաջորդը

Յարգանքի Տուրք` Արցախեան Ազատամարտի Լիբանանահայ Նահատակ Վիգէն Զաքարեանի Յիշատակին

RelatedPosts

Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»
Գաղութային

Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայագիտական Հիմնարկ»-ի 2025-2026 Ուսումնակրթական Տարեշրջանի Պաշտօնական Բացում
Գաղութային

«Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայագիտական Հիմնարկ»-ի 2025-2026 Ուսումնակրթական Տարեշրջանի Պաշտօնական Բացում

Հոկտեմբեր 25, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վահան Թէքէեան Եւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարաններ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վահան Թէքէեան Եւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարաններ

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?