ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի կաթողիկէ Սուրբ Ծնունդին առիթով դիմատետրեան իր էջին վրայ կատարեց հետեւեալ գրառումը.
«Սուրբ Ծնունդը սիրոյ եւ փոխադարձ զօրակցութեան հրաւէր մըն է: Մեր տարակարծութիւնները վերածենք ուժի եւ մեր միասնականութիւնը` փրկութեան ուղիի: Շնորհաւոր Սուրբ Ծնունդ»:


