Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Առաջնորդարանին Նախաձեռնութեամբ. Ս. Ստեփանոս Նախասարկաւագի Տօնին Նուիրուած Հոգեմտաւոր Միօրեայ Սեմինար

December 30, 2025
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթ, 20 դեկտեմբեր 2025-ի առաւօտեան ժամը 9:00-ին, համագործակցութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքին եւ Լիբանանի հայոց թեմին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին մէջ տեղի ունեցաւ «Հոգեմտաւոր պատրաստութեան միօրեայ սեմինար»` Լիբանանի թեմի սարկաւագներուն եւ կիսասարկաւագներուն համար: Սեմինարը կը ներառէր եկեղեցական ծառայութեան եւ արարողութիւններու հետ առնչուած խորիմաստ խորհրդածութիւններ` ուղղուած հոգեւոր գիտակցութեան հարստացման:

Առաւօտեան ժամը 9:00-ին թեմի սարկաւագներէն շուրջ 30 անդամներ, ընկերակցութեամբ Կրօնական ժողովի ատենապետ Սարգիս Ա. քհնյ. Սարգիսեանի եւ Ղեւոնդ քհնյ. Լոշխաճեանին, մասնակից դարձան դպրեվանքի առաւօտեան ժամերգութեան, որուն աւարտին դպրեվանքի տեսուչ Պարոյր ծ. վրդ. Շէրնէզեան ողջունեց հիւրերը եւ հոգեմտաւոր ու դաստիարակիչ դրուագ մը պատմեց անոնց:

Ապա դպրեվանքի «Բրաբիոն Տումանեան» հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ առաջին խորհրդածութիւնը` «Եկեղեցական կոչումը» նիւթով, զոր ներկայացուց տեսուչ հայր սուրբը: Ան հաղորդական ոճով մանրամասնեց հոգեւորական կոչուելու ընտրութիւնը` Աստուածաշունչէն կատարուած մէջբերումներով: Ան ըսաւ. «Կոչումը աստուածային կանչ մըն է, որ կ՛իմաստաւորէ մեր կեանքը: Թէեւ զոհողութիւններ կ՛ենթադրէ, սակայն աստուածային խոստում մըն է, որուն մարդ պէտք է հաւատարիմ մնայ: Ամէն մարդ կոչում ունի, սակայն զայն ճանչնալու համար պէտք է յարատեւ աղօթել եւ մի՛շտ կարդալ Աստուածաշունչը»:

Երկրորդ խորհրդածութեան նիւթն էր «Եկեղեցական աստիճաններ»-ը, զոր ներկայացուց դպրեվանքի հսկիչ Ազատ աբղ. Ֆիլիքեանը: Ան պարզաբանեց եկեղեցական փոքր աստիճաններն ու կարգերը` դպիր, կիսասարկաւագ եւ սարկաւագ, ներկայացնելով անոնց իմաստն ու դերակատարութիւնը` եկեղեցական կեանքին մէջ: Ան ըսաւ. «Իւրաքանչիւր եկեղեցւոյ պաշտօնեայ` աւագ կամ կրտսեր, պէտք է երկիւղածութեամբ ու յարգալիր մօտենայ իր ընտանիքին` ժողովուրդին, եւ իր տան` եկեղեցւոյ»:

Այնուհետեւ, հսկիչ հայր սուրբին գլխաւորութեամբ, «Ստեփանոս քաղցրիկ տատրակ» շարականը կատարուեցաւ սարկաւագներուն եւ կիսասարկաւագներուն կողմէ:

Յետոյ բոլորը միասին պատրաստեցին օրուան ճաշը` խորովածը, ինչ որ առիթ հանդիսացաւ աւելի մօտէն ծանօթանալու իրարու, փոխանակելու ջերմ զրոյցներ եւ մշակելու անկեղծ ու սերտ յարաբերութիւններ:

Ճաշի դադարէն ետք տեղի ունեցաւ զարգացման մրցում, որ կազմակերպուած էր դպրեվանքի Ուսանողական խորհուրդին կողմէ: Մասնակիցները եղբայրական ջերմ մթնոլորտի մէջ վերյիշեցին աստուածաշնչական, ծիսական եւ պատմական զանազան գիտելիքներ: Անոնք բաժնուած էին չորս խումբերու` «Էմմանուէլ», «Կիլիկիա», «Թեմի սարկաւագներ» եւ «Սարդարապատ»: Յաղթութեան դրօշը պարզեց «Կիլիկիա» խումբը` երգելով «Կիլիկիա» օրհներգը:

Երեկոյեան ժամը 5:00-ին կատարուեցաւ երեկոյեան ժամերգութիւն, որմէ ետք տեսուչ հայր սուրբը շնորհակալութիւն յայտնեց Ճիւնիի եւ Ռըմէյլի հոգեւոր հովիւներուն` Սարգիս Ա. քհնյ. Սարգիսեանին եւ Ղեւոնդ քհնյ. Լոշխաճեանին, որոնք, Լիբանանի հայոց թեմի Կրօնական ժողովին միջնորդութեամբ, կազմակերպեցին այս անմոռանալի, բովանդակալից եւ օգտաշատ սեմինարը:

Աւարտին Պարոյր ծ. վրդ. Շէրնէզեան իր սրտի խօսքը արտասանեց` ըսելով. «Այսօր, երբ դուք կանչուած էք սարկաւագ կամ կիսասարկաւագ կոչուելու, պէտք է լիակատար գիտակցութեամբ եւ պատասխանատուութեամբ կատարէք Աստուծմէ ձեզի վստահուած սուրբ պաշտօնը, որպէսզի ձեր ծառայութեամբ ժողովուրդը աւելի մօտենայ Եկեղեցւոյ եւ ոչ թէ հեռանայ անկէ: Հետեւաբար, եկէ՛ք, խնդրենք Ս. Ստեփանոս Նախավկային բարեխօսութիւնը, որպէսզի բոլորս անոր նման դառնանք իմաստութեամբ եւ սուրբ հոգիով լեցուն անձեր»:

Աւարտին տեսուչ հայր սուրբը ներկաներուն մասնակցութիւնը գնահատեց հաստատագիրով մը եւ անոնց նուիրեց իր գրիչին պատկանող «Ունկն դիր, Տէ՛ր» աղօթագիրքը:

Նախորդը

«ԼՕԽ»-ի 2026-ի Օրացոյցը

Յաջորդը

Ս. Ստեփանոս Նախասարկաւագի Տօնի Նշում Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Մէջ

RelatedPosts

Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Սրբազան Հայրը  Այցելեց Վեհափառ Հայրապետին
Գաղութային

Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Այցելեց Վեհափառ Հայրապետին

January 10, 2026
Կամաւորներու Օրուան Նշում Կամաւորութեան Խորհրդանիշ Նկատուող ԼՕԽ-ի Յարկին Տակ
Գաղութային

Կամաւորներու Օրուան Նշում Կամաւորութեան Խորհրդանիշ Նկատուող ԼՕԽ-ի Յարկին Տակ

January 10, 2026
Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Պատրիարք Պուրճ Համուտէն Աւետեց Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Աստուածայայտնութիւնը
Գաղութային

Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Պատրիարք Պուրճ Համուտէն Աւետեց Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Աստուածայայտնութիւնը

January 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.