Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօնը

December 27, 2025
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. Յակոբ Մծբնայ հայրապետին անուանակոչութեան առիթով, կիրակի, 14 դեկտեմբերին համանուն եկեղեցւոյ մէջ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան մատուցեց ս. պատարագ եւ կատարեց մատաղօրհնէք:

Իր քարոզին սկիզբը սրբազանը ողջունեց` եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքը, յարակից մարմինները, շրջանին մէջ գործող մեր կազմակերպութիւնները եւ կառոյցները, որոնք իրենց նուիրումով եւ հաւատքով կը շարունակեն կանգուն պահել մեր համայնական կեանքը: Սրբազան հայրը ըսաւ, որ մեր կեանքը փորձութիւններով լեցուն է, եւ մենք վստահաբար պէտք ունինք զօրաւոր յենարանի, որ մեզ կանխող սերունդներուն նուիրական ճրագն է եւ կենդանի այն օրինակը, որոնցմով մեզ կանխող սերունդները կանգուն պահեցին անհատապէս իրենց սեփական կեանքը, ինչպէս նաեւ` հաւաքաբար մեր համայնական կեանքին իմաստը:

Սրբազանը ըսաւ, որ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տարեդարձին առիթով մենք մեր հայեացքները պէտք է ուղղենք դէպի սրբազան այն դէմքը, որուն անունը կը կրէ այս սրբարանը: Սրբազանը պատմական ակնարկ մը նետեց 3-րդ դարուն ապրած Ս. Յակոբի կեանքին` հաստատելով, որ անոր համբաւը այնքան կը տարածուի, որ մեր Եկեղեցւոյ շարականագիրը զինք կը նմանցնէ մեծն Մովսէս մարգարէի: Սրբազանը ըսաւ, որ ծագումով ասորի Ս. Յակոբ երկու յատկանիշներ ունէր, որոնք զինք սրտամօտիկ դարձուցին մեր ժողովուրդին, առաջինը իր սրբակեաց կեանքի օրինակն էր, իսկ երկրորդը իր յառաջացած տարիքին դէպի Արարատ լեռ  իր կատարած ուղեւորութեան յիշատակն էր, աւելցնելով, որ Ս. Յակոբ մեր իղձերուն եւ երազներուն թեւ ու թռիչք տուող անձնաւորութիւն է եւ Աստուծոյ մօտ բարեխօս է բոլոր անոնց համար, որոնք հաւատքով կը դիմեն իրեն, որպէսզի աստուածային շնորհքը նաեւ իրենց հետ ըլլայ:

Շարունակելով իր խօսքը` սրբազանը յայտնեց, որ այսօր եկեղեցւոյ ուխտաւոր զաւակներուն համար առիթ է հարց տալու, թէ ի՞նչ էր անցեալին այս եկեղեցին մեր ժողովուրդին համար եւ ի՞նչ կը նշանակէ այս եկեղեցին այսօր մեզի համար, ի՞նչ տեսակ պատգամ կը փոխանցէ մեզի, որպէսզի մենք ալ այս եկեղեցւոյ կամարներուն տակ, մեր նախնիներուն նուիրական օրինակին հետեւողութեամբ, ներկայ ժամանակներու դժուարին պայմաններուն մէջ կարողանանք ե՛ւ քրիստոնէական արժէքներով ե՛ւ ազգային անմահ յիշատակներով յարատեւել ու պահել մեր կեանքը:

Սրբազանը դիտել տուաւ, որ այսօր, 21-րդ դարու պայմաններուն մէջ, սուրբերը թերեւս այնքան ալ ծանօթ չեն մեզի, եւ մեր կեանքը այնքան ալ չի հետեւիր անոնց կեանքի օրինակին, եւ մենք երբեմն, կամայ թէ ակամայ, հեռու ենք նաեւ անոնց արտայայտած հաւատքի օրինակէն, սակայն պէտք է զգանք,  թէ տարուան ընթացքին մեր Եկեղեցին իր սուրբերուն օրինակը մեր ուշադրութեան կը յանձնէ, որպէսզի այդ օրինակով մենք փորձենք վերանայիլ, վերաքաղի ենթարկել մեր կեանքը եւ այդտեղ վերադասաւորումներ կատարել, որպէսզի մենք չհեռանանք Աստուծմէ, նաեւ չխրինք կեանքի տիղմին մէջ:

«Եկեղեցին սուրբերուն օրինակը, իբրեւ յաղթական դրօշ, կը պարզէ մեր դիմաց, որպէսզի անոր նայելով, գալիք սերունդներու հաշուոյն, մեր զաւակներուն համար վերադասաւորումներ կատարենք եւ այդ ձեւով մեր կեանքի ամրութիւնը ապահովենք նաեւ գալիք ժամանակներուն դիմաց», հաստատեց առաջնորդը` աւելցնելով, որ մեր կեանքը նորութիւններով լեցուն է, որոնք աւելի արժէքաւոր կը դառնան, եթէ հաստատուած են մեր հաւատքի եւ ինքնութեան արմատներուն վրայ:

Սրբազանը ըսաւ, որ այս նորութիւնները անխուսաբելի են մեր կեանքէն ներս, սակայն անհրաժեշտ է, որ զանոնք որդեգրելով` մենք նորոգուինք մեր սեփական եղանակով, ամրապնդուինք մեր սեփական հաւատքին մէջ եւ գալիքին համար գոյացնենք նոր վաստակ, որպէսզի այդ ձեւով կանգուն մնանք` իբրեւ անձ, Եկեղեցի եւ Քրիստոսի հօտ:

Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ մատաղօրհնէք:

Նախորդը

Յովհաննէս Այվազովսքիի Մահուան 125-Ամեակի Նշում ԼՕԽ-ի Յարկին Տակ

Յաջորդը

Համազգայինի «Գայեանէ» Պալէի Դպրոցի «Նաթքըրաքըր» Խորագրեալ Հեքիաթային Բարձրորակ Ներկայացումը

RelatedPosts

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
Կրծքագեղձի Քաղցկեղի Մասին Իրազեկման Հանդիպում
Գաղութային

Կրծքագեղձի Քաղցկեղի Մասին Իրազեկման Հանդիպում

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.