Երեքշաբթի, 9 դեկտեմբեր 2025-ի երեկոյեան Լիբանանի թեմի կիրակնօրեայ դպրոցներու Պուրճ Համուտ շրջանին մէջ ծառայող ուսուցիչները եւ տեսուչները իրենց վարիչ-տնօրէն Սարգիս Ա. քհնյ. Սարգիսեանի գլխաւորութեամբ, այցելեցին Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան կազմակերպած Հայ գիրքի փառատօնի գիրքերու ցուցահանդէսի սրահը, ուր ներկայ գտնուեցան օգտաշատ հանդիպում- զրոյցի մը` Հայաստանէն ժամանած աստուածաբան եւ արձակագիր Դաւիթ Սամուէլեանին հետ:
Դ. Սամուէլեան մասնակիցներուն հետ բաժնեկցեցաւ իր ծառայողական փորձառութիւնը` իբրեւ կիրակնօրեայ վարժարաններու մշակ եւ Հայաստանի մէջ իր ունեցած գործունէութենէն գաղափարներ ներկայացուց, ապա ներկաները յորդորեց իրենց առաքելութիւնը կատարելու հոգիով եւ մտքով պատրաստ: Հանդիպումը շինիչ էր եւ օգտաշատ բոլորին:
Աւարտին Սարգիս Ա. քհնյ. Սարգիսեան շնորհակալութիւն յայտնեց Դաւիթ Սամուէլեանին` մաղթելով նորանոր նուաճումներ, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտեց Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչական տնօրէն Յակոբ Հաւաթեանին` այս օգտաշատ առիթը ստեղծելուն համար:


