Շաբաթ, 20 եւ կիրակի, 21 դեկտեմբերին «Լա Սաժես» սրահին մէջ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան հովանիին տակ գործող Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու տնօրէնութիւնն ու խնամակալութիւնը կազմակերպեցին Համազգայինի «Գայեանէ» պալէի դպրոցի «Նաթքրաքըր» խորագրեալ պալէի ներկայացումը: Այս գեղեցիկ բեմադրութիւնը իրականութիւն դարձաւ «Գայեանէ» պալէի դպրոցի պարուսոյցներու` Ժագլին Սարխոշեանին եւ Կարէն Մակինեանին անխոնջ ու նուիրական աշխատանքով:
Վարագոյրի հանդիսաւոր բացումէն առաջ իսկ սրահին մէջ կը տիրէր խանդավառ ու ոգեւորիչ մթնոլորտ, ակնկալիքի քնարական շունչը համարեա կը շօշափուէր բոլորիս մօտ: Հազիւ «Գայեանէ» պալէի դպրոցի պարողներուն առաջին շարժումները յայտնուեցան բեմին վրայ, անմիջապէս ակնյայտ դարձաւ, որ ներկայացուողը սովորական ելոյթ մը չէր, այլ խորքային հանդիպում մը` հոգեւոր ու մշակութային ժառանգութեան հետ, որ ծնունդ առած էր երկարատեւ, համբերատար եւ հետեւողական աշխատանքի շնորհիւ:
«Նաթքըրաքըր»-ը արկածի եւ երեւակայութեան կախարդական ու յաւերժական պատմութիւն մըն է: «Գայեանէ» պալէի դպրոցի մասնակիցները իրենց սքանչելի կատարումներով հանդիսատեսը տարին ձիւնապատ էտուարտեան Լոնտոնի հեքիաթային գունագեղ աշխարհը, ուր Չայքովսքիի հմայիչ երաժշտութեան ալիքներուն հետ միաձուլուելով` պարողներուն մարմինները պատմեցին առանց բառերու` ստեղծելով ամանորեան եւ Ս. Ծննդեան ջերմ մթնոլորտ, ուր սիրոյ, երազանքներու եւ ստեղծագործութեան շունչը առկայ էր:
Ամէն քայլ, ամէն թեքում եւ ամէն ոստում կը վկայէր խստապահանջ փորձերու, ֆիզիքական ու հոգեկան տոկունութեան, ինչպէս նաեւ արուեստին հանդէպ անսակարկ նուիրումի մասին:
Առանձնակի տպաւորիչ էին «Քնար» պարախումբի արհեստավարժ կատարումները, անոնց հմայիչ շարժումները կը բխէին միասնական արտայայտութենէ եւ կը ձուլուէին հաւաքական գեղեցկութեան մէջ` ստեղծելով ներդաշնակ եւ ամբողջական բեմական պատկեր: Ողջունելի էր «Գայեանէ»-ի պարի դպրոցի փոքր աշակերտներուն մասնակցութիւնը, անոնք յաւելեալ համ ու բոյր տուին ելոյթին:
Բեմադրութիւնը, լոյսերու նուրբ խաղը եւ հագուստներու բծախնդրօրէն մտածուած ընտրութիւնը կը վկայէին ո՛չ միայն բարձր գեղագիտական ճաշակի, այլ նաեւ մեծ խնամքով տարուած ստեղծագործական աշխատանքի մասին: Ամէն մանրամասնութիւն կը ծառայէր մէկ նպատակի` հանդիսատեսին ներկայացնել Համազգայինի գեղարուեստական բարձրաճաշակ աշխարհը:
Վարագոյրը փակուեցաւ, բայց ներկայացումը իր ետին ձգեց խոր տպաւորութիւն եւ յստակ համոզում մը, որ արուեստը կը ծաղկի միայն այն ատեն, երբ կը սնանի համբերութեամբ, զոհողութեամբ եւ հետեւողական աշխատանքով:
Այս եզակի ելոյթը անհնար է դիտել առանց անդրադառնալու Համազգայինի գեղարուեստական առաքելութեան: Տարիներ շարունակ Համազգայինը կը գործէ իբրեւ մշակութային պահապան եւ ստեղծագործ հարթակ, ուր պարը, երաժշտութիւնը եւ բեմական արուեստը կը վերածուին ազգային ինքնութեան պահպանման եւ փոխանցման միջոցներու: Անոր բեմերուն վրայ արուեստը կը ստանայ խորք, նպատակ եւ շարունակականութիւն:
Սրտանց կը շնորհաւորեմ բոլոր այն նուիրեալները, որոնք քուլիսներու մէջ թէ բեմին վրայ իրենց մասնակցութիւնը բերին այս գեղեցիկ ելոյթին իրականացման: Թող «Նաթքըրաքըր»-ի ոգին եւ ամանորեան մթնոլորտը միշտ ուղեկցին ձեզի, եւ ձեր սրտերը լի մնան սիրով, ուրախութեամբ եւ ստեղծագործական ոգիով:
ՀԱՄԱԶԳԱՅՆԱԿԱՆ ՄԸ


