Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յովհաննէս Այվազովսքիի Մահուան 125-Ամեակի Նշում ԼՕԽ-ի Յարկին Տակ

December 27, 2025
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երեքշաբթի, 16 դեկտեմբեր 2025-ին ԼՕԽ-ի յարկին տակ նշուեցաւ Յովհաննէս Այվազովսքիի մահուան 125-ամեակը:

ԼՕԽ-ի քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, դաստիարակչական յանձնախումբի անունով բացման խօսքը արտասանեց Ազնիւ Միքայէլեան: Ողջունելով ներկաները` ան անդրադարձաւ ընտրուած նիւթին` աշխարհահռչակ նկարիչ, ծովային արուեստի վարպետ` Յովհաննէս Այվազովսքիի մահուան 125-ամեակին նուիրուած: «Իր ծովային բնանկարները արուեստի գլուխ գործոցներ են: Իր գլուխ գործոց նկարներն են` «Իններորդ ալիքը», «Նաւաբեկութիւնը» եւ «Փոթորիկը», ըսաւ ան` դիտել տալով, որ Յովհաննէս Այվազովսքին առաջին հայ նկարիչն էր, որ գծեց Արարատ լեռը` «Արարատեան դաշտավայր» գեղանկարին մէջ: Իր գործերուն մեծ մասը կը գտնուի Երեւանի Արուեստի ազգային թանգարանին մէջ:

Ապա Ազնիւ Միքայէլեան ներկայացուց օրուան դասախօսը` Գօգօ Կարապետը, եւ հրաւիրեց զայն ներկայացնելու Այվազովսքիի նկարչական արուեստը:

Դասախօսը իր խօսքը սկսաւ ԼՕԽ-ի դրուատիքով` որպէս լաւագոյն միութիւն: Ապա անցնելով նիւթին` ըսաւ.  «Իւան Այվազովսքին ծանօթ է աշխարհին ռուսական անունով, բայց իր աւազանի անունը Յովհաննէս Այվազեան եղած է, ծնած է Խրիմի մէջ, 1817-ին: Ս. Փեթերսպուրկի Արուեստի կայսերական ակադեմիայի մէջ կրթութիւն ստանալէ ետք կը մեկնի Եւրոպա, 1840-ական թուականի սկիզբը կ՛ապրի Իտալիա, ապա կը վերադառնայ Ռուսիա եւ կը նշանակուի ռազմածովային ուժերու գլխաւոր նկարիչ: Ինք սերտ կապեր ունէր ռուսական կայսրութեան ռազմական եւ քաղաքական վերնախաւին հետ եւ յաճախ կը մասնակցէր զօրավարժութիւններուն:

Գօգօ Կարապետ յայտնեց, որ Այվազովսքին նշանաւոր էր նաեւ թէ՛ Եւրոպայի եւ թէ՛ Ամերիկայի մէջ, ուր անհատական ցուցահանդէսներ տուած էր: Իր ստեղծագործական ժամանակաշրջանի գրեթէ 60 տարիներուն ստեղծած է շուրջ 6000 նկար, իր գործերուն մէկ մասը կը գտնուի Երեւանի Ազգային թանգարանին մէջ` շուրջ 400 նկար:

Գօգօ Կարապետ խօսեցաւ Այվազովսքիի կեանքին մասին. «Ան Խրիմի Սուրբ Սարգիս Հայ առաքելական եկեղեցւոյ մկրտութեան տոմարներուն մեջ արձանագրուած է իբրեւ Յովհաննէս Գէորգ Այվազեանի որդի: Իր նախնական կրթութիւնն ալ ստացած է Թէոդոսիա, Սուրբ Սարգիս հայկական եկեղեցւոյ մէջ: 1838-ին Այվազովսքին միացաւ Ալեքսանտր Չաուերվետի մարտական նկարչութեան դասին եւ մասնակցեցաւ Պալթեան նաւատորմի զօրավարժութիւններուն` Ֆինլանտայի ծոցին մէջ, եւ ան կայսերական արուեստի ակադեմիան աւարտեց ոսկի մետալով: Այնուհետեւ անոր յաջողութիւնները կը տարածուին ամբողջ աշխարհի մէջ: 1851-ին Ռուսիոյ կայսր Նիքոլայ Առաջինին հետ կը մեկնի Սեւաստափոլ` մասնակցելու ռազմական զօրավարժութիւններուն, եւ 1853 թուականին կ՛ընտրուի ռուսական Աշխարհագրական ընկերութեան լիիրաւ անդամ:

Ապա Գօգօ Կարապետ խօսեցաւ Այվազովսքիի ստացած շքանշաններուն մասին` Ֆրանսայէն, Մոսկուայէն, Կոստանդնուպոլիսէն եւ Յունաստանէն: 1848-ին Այվազովսքին կ՛ամուսնանայ անգլիացի Ժուլիա Կրեւսիի հետ, կ՛ունենայ չորս դուստր, բայց 1860-ին անոնք կ՛ամուսնալուծուին:

1872-ին Այվազովսքին կը հրաւիրուի Կոստանդնուպոլիս` սուլթան Ապտուլազիզի կողմէ, որուն կողմէ անոր կը շնորհուի oսմանեան թրքական շքանշան: 1880-ին ան իր Թէոտոսիայի տունը կը վերածէ արուեստի պատկերասրահի, որ դարձաւ ռուսական կայսրութեան երրորդ թանգարանը:

Դասախօսը յայտնեց, որ Այվազովսքի երկրորդ անգամ ամուսնացաւ Աննա Բարնազեանի հետ, որ իրմէ 40 տարեկան փոքր էր, եւ անոր հետ ամուսնանալով` աւելի մտերմացաւ իր ազգին, հայ ժողովուրդին հետ: Աւելի ուշ, երբ համիտեան ջարդերը տեղի ունեցան 1894-1896 թուականներուն, օսմանեան սուլթանի կողմէ իրեն տրուած մետալները ծովը նետեց: Նշանաւոր արուեստագէտը կը մահանայ 1900 թուականին, իր փափաքով զինք կը թաղեն Սուրբ Սարգիս հայկական եկեղեցւոյ բակը, իսկ իր տապանաքարին վրայ փորագրուած է Մովսէս Խորենացիի մէջբերումը. «Ծնած է մահկանացու եւ թողած է անմահ ժառանգութիւն»:

 

Նախորդը

Տօնածառի Լոյսերուն Մէջ Ընտանեկան Սրբութեան Վկայութիւն

Յաջորդը

Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօնը

RelatedPosts

Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Սրբազան Հայրը  Այցելեց Վեհափառ Հայրապետին
Գաղութային

Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Այցելեց Վեհափառ Հայրապետին

January 10, 2026
Կամաւորներու Օրուան Նշում Կամաւորութեան Խորհրդանիշ Նկատուող ԼՕԽ-ի Յարկին Տակ
Գաղութային

Կամաւորներու Օրուան Նշում Կամաւորութեան Խորհրդանիշ Նկատուող ԼՕԽ-ի Յարկին Տակ

January 10, 2026
Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Պատրիարք Պուրճ Համուտէն Աւետեց Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Աստուածայայտնութիւնը
Գաղութային

Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Պատրիարք Պուրճ Համուտէն Աւետեց Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Աստուածայայտնութիւնը

January 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.