Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ս. Ստեփանոս Նախասարկաւագի Տօնի Նշում Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Մէջ

December 30, 2025
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, մասնակցութեամբ թեմի սարկաւագներուն եւ կիսասարկաւագներուն, հինգշաբթի, 25 դեկտեմբեր 2025-ի առաւօտեան ժամը 9:30-ին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր սուրբ պատարագ Ս. Ստեփանոս նախավկայի տօնին առիթով: Պատարագը մատուցեց Ղեւոնդ քհնյ. Լօշխաճեան:

Սրբազան հայրը իր քարոզին սկզբնաւորութեան ողջունեց թեմի եկեղեցիներէն ներս ծառայող սարկաւագները, նաեւ իրենց ընդմէջէն եկեղեցւոյ սպասաւորութեան լծուող բոլոր անձնաւորութիւնները, որոնք վստահաբար կ՛անդրադառնան, թէ աշխարհին մէջ Քրիստոսի եկեղեցին կը պահուի, կը բարգաւաճի եւ կը պայծառանայ մեր ծառայութեան ընդմէջէն:

Ան դիտել տուաւ, որ կ՛ոգեկոչենք յիշատակը մեր եկեղեցւոյ առաջին սարկաւագին, առաջին մարտիրոսին` Ս. Ստեփանոս նախավկային, որուն մասին շատ չնչին յիշատակներ կան, որ կը վկայեն, թէ Ստեփանոս Աստուծոյ շնորհքով լեցուած անձ մըն էր եւ եկեղեցւոյ աշխատանքները աշխուժացնելու համար առաքեալներուն կողմէ ղրկուած եօթը սարկաւագներէն մէկն էր, որուն վիճակուեցաւ ծառայութեան նուիրական գործը: Ստեփանոս տարբեր կարողութիւններով օժտուած անձնաւորութիւն էր եւ ոչ միայն իրեն թելադրուածը կը կատարէր, այլ` աւետարանական քարոզչութեամբ կը զբաղէր, նաեւ հրաշագործութիւններ կ՛ընէր շրջանակներու մէջ: Ան այնքան ազդու էր, որ կրօնաւորներ մտահոգութեամբ կը հետեւէին անոր շարժումներուն եւ ի վերջոյ զայն հրապարակէն հեռացնելու համար տարբեր տեսակի ամբաստանութիւններէ ետք քարկոծելով կը սպաննեն Ստեփանոսը:

Շարունակելով իր խօսքը` սրբազանը ըսաւ, որ Քրիստոսի խաչելութենէն երկու տարի ետք եկեղեցին կ՛ունենայ իր առաջին նահատակը, առաջին անձը, որ հաւատքի գոյատեւման համար կը զոհուի: Մենք մեր եկեղեցիներէն ներս իր յիշատակը տարին անգամ մը պաշտօնապէս կը նշենք, որպէսզի իբրեւ յաղթական դրօշ իր օրինակը պարզելով ժողովուրդին ուշադրութեան յանձնենք, թէ աշխարհի մէջ եկեղեցին իր առաքելութիւնը կը շարունակէ շնորհիւ իր հաւատաւոր զաւակներու հաւատքին, անսակարկ նուիրումին: Ան իր գնահատանքը յայտնեց մեր եկեղեցւոյ սպասարկուներուն: Շահէ արք. Փանոսեան այս առիթով հաւատացեալ ժողովուրդին կոչ ուղղեց` գործելու այնպէս, որ Աստուծոյ կողմէն տրուած շնորհները, ձիրքերը եւ կարողութիւնները, որոնք արժէք կը ներկայացնեն, հասկի նման  ճառագայթեն եւ իրենց փայլքը տարածեն մեր կեանքէն ներս:

Առաջնորդը հաստատեց, թէ մեր եկեղեցիները կարիքը ունին մեր զաւակներուն` աւելցնելով, որ հեռուէն դիտելով ոչինչ կը փոխուի մեր կեանքին մէջ, ուրիշին հետեւելով ոչ մէկ տեսակի յառաջդիմութիւն կը ստեղծուի  մեր ընկերութեան մէջ: Պէտք է աշխատանքին մասնակից դառնալ մեր կարողութիւններով, մեր ունեցած ձիրքերով եւ շնորհներով եւ վստահաբար այդ բոլորին վրայ պիտի աւելնայ նաեւ աստուածային շնորհը` հրաշք գործելով մեր իրականութեան մէջ: Ան ըսաւ, որ անկասկած բոլորս ալ կ՛անդրադառնանք, թէ այսօր մեր եկեղեցին պէտք ունի դպիր-դպրուհիներու, սուրբ խորանին սպասարկող սարկաւագներու, դպրապետներու, լուսարարներու, որոնք կրնան մեր եկեղեցւոյ դարպասները բաց պահել եւ իրենց համեստ նուիրական աշխատանքով մեր եկեղեցւոյ զանգակին ղօղանջը հասցնել ամէնուր, որպէսզի օտարութեան պայմաններու մէջ մեր ժողովուրդը հետեւող ըլլայ իր եկեղեցւոյ կոչին ու պատգամին:

Եզրափակելով իր պատգամը` սրբազան հայրը կոչ ուղղեց աղօթելու, որպէսզի մեր եկեղեցւոյ նօսրացող սպասաւորներու թիւը իր շնորհով առատանայ, մեր եկեղեցւոյ ծառայութեան սպասաւորներուն հաւատքի կայծը վերստին ճառագայթէ մեր իրականութեան մէջ  եւ մեզ առաւել եւս մօտեցնէ եկեղեցւոյ կեանքին:

Նախորդը

Ազգային Առաջնորդարանին Նախաձեռնութեամբ. Ս. Ստեփանոս Նախասարկաւագի Տօնին Նուիրուած Հոգեմտաւոր Միօրեայ Սեմինար

Յաջորդը

«Էն. Պի. Էյ.» Քուայ Լենըրտ 55 Կէտ Նշանակեց

RelatedPosts

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին

October 28, 2026
ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.