Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ. Երախտագիտութեան Եւ Մեծարանքի Ձեռնարկ` Նուիրուած Կրթական Վաստակաշատ Մշակ Եւ Տնօրէն Անի Ուրֆալեան-Բագրատունիի

December 24, 2025
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Չորեքշաբթի, 17 դեկտեմբեր 2025-ի առաւօտեան ժամը 11:00-ին Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի «Սիրան Մանուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ երախտագիտութեան եւ մեծարանքի ձեռնարկ` նուիրուած կրթական վաստակաշատ մշակ եւ տնօրէն Անի Ուրֆալեան-Բագրատունիի:

Հանդիսութեան ներկայ էին` Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդի ատենապետն ու անդամներ, քոլեճի տնօրէնութիւնը, ուսուցչական կազմը, խնամակալութիւնը, Տիկնանց յանձնախումբի անդամները, աշակերտներ եւ մտերիմներ, որոնք իրենց խօսքերով եւ վկայութիւններով երախտագիտութիւն յայտնեցին Անի Բագրատունիին` արժեւորելով այն երկարամեայ եւ անջնջելի հետքը, զոր ան ձգած է քոլեճին կեանքին մէջ:

Քոլեճի աշակերտութեան կողմէ քայլերգներու երգեցողութենէն ետք բացման խօսքով հանդէս եկաւ աւարտական դասարանէն Քեւըն Մանաշեան, որ իր եւ իր դասընկերներուն անունով վեր առաւ Անի Բագրատունիին երկարամեայ վաստակը եւ ըսաւ. «Անցնող տարիներու ձեր անխոնջ աշխատանքն ու նուիրումը լուսավառ ուղի մը դարձուցին մեր դպրոցական կեանքը: Ձեր համբերութիւնը, հեռատեսութիւնը եւ մարդկային վերաբերմունքը մեզ ներշնչեցին ըլլալու կարգապահ եւ պատասխանատու աշակերտներ: Դուք  մեզի սորվեցուցիք սիրել եւ գնահատել մեր դպրոցը` իբրեւ մեր երկրորդ տունը: Դուք եղաք այն ուսուցիչը, որուն խրատները երկար պիտի ուղեկցին մեզի` մեր կեանքի բոլոր փուլերուն»:

Ապա յաջորդաբար բեմ բարձրացան ԺԱ. դասարանէն Տեսիլ Սապունճեան` «Դաստիարակ» բանաստեղծութեամբ, նախակրթարանի երգչախումբը կատարեց փունջ մը ազգային- հայրենասիրական երգեր, իսկ նախակրթարանի եւ միջնակարգի նուագախումբը ներկայացուց  հայկական երաժշտական կտորներ: Տեսերիզի մը ընդմէջէն աշակերտներ իրենց անկեղծ եւ ջերմ վկայութիւնները տուին վերյիշելով Անի Բագրատունիի հետ իրենց ապրած փորձառութիւնները` լուսարձակի տակ առնելով վերջինին նուիրումն ու իրենց հանդէպ ցուցաբերած մարդկային վերաբերումը:

Այնուհետեւ խօսք առաւ քոլեճի տնօրէն Թալին Օրտողլեան, որ անդրադառնալով Անի Բագրատունիին կրթական ուղիին` ըսաւ.
«Հաւանաբար մեր ազգային յատկանիշներէն է ամչնալ շնորհակալութիւն յայտնելու կամ երախտագիտութեան զգացումներ արտայայտելու: Թերեւս մենք բոլորս ընդունած ենք, որ գործ մը տրուած է մեզի, եւ մենք այդ գործը պիտի կատարենք ու պիտի չակնկալենք, որ մէկը մեզի շնորհակալութիւն յայտնէ: Բայց պէտք է ընդունիլ, որ աղուոր բան է շնորհակալութիւն յայտնելը անձերու, որոնք կեանք մաշեցուցած են իրենց ընտրած ասպարէզին մէջ, սերունդներ դաստիարակած եւ ուղղութիւն տուած են անոնց` զինելով զանոնք գիտութեամբ ու գիտելիքով, որպէսզի երբ կեանք նետուին, պատրաստ ըլլան դիմագրաւելու որեւէ խոչընդոտ:

«Այսօր մենք հոս ենք` շնորհակալութիւն յայտնելու մեր սիրելի Անի Բագրատունիին, որ ուսուցչական ասպարէզ նետուած է աշակերտական գրասեղաններէն հազիւ հեռացած: Ընտրած է ըլլալ հայոց լեզուի ուսուցիչ եւ կէս դար մը ամբողջ նուիրուած է այդ առաքելութեան` երբեմն անտեսելով, իսկ շատ անգամ պայքարելով այլազան դժուարութիւններու դէմ: Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճին հետ իր կապը սկսած է 1986-ին, եւ գրեթէ 40 տարի անընդմէջ եղած է ուսուցիչ, ապա` Տնօրէն խորհուրդի անդամ, կրթական տնօրէն եւ վերջին տարիներուն` տնօրէն այս կառոյցին: Եղած է անշեղ սկզբունքներու տէր եւ հայ լեզուն ու հայեցի դաստիարակութիւնը եղած են իր անձնական եւ ազգային կեանքի կողմնացոյցն ու ուղեցոյցը: Անզիջող եղած է մայրենին աղաւաղող ամէն երեւոյթի դէմ: Իր աշակերտներուն ազգային ոգի փոխանցելը առաջնահերթութիւն էր իրեն համար, աւելի կարեւոր` քան գիտելիքն ու գիտութիւնը: Սիրելի՛ տիկին Անի, մենք գիտենք, որ Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան քոլեճը քու սրտիդ մէջ պիտի մնայ նոյնիսկ եթէ անոր շրջափակէն դուրս գտնուիս, սակայն դուն ալ գիտես, որ անոր դռները միշտ բաց են քեզ ընդունելու»: Ապա Թալին Օրտողլեան եւ խնամակալութեան անդամները Անի Ուրֆալեան-Բագրատունին պատուեցին յուշանուէրով մը, իսկ մանկապարտէզէն եւ երկրորդականէն աշակերտներ ծաղկեփունջ նուիրեցին անոր` ի նշան ամբողջ աշակերտութեան խոր յարգանքին եւ երախտագիտութեան:

Ապա խօսք առաւ Ուսումնական խորհուրդի ատենապետ Վիգէն Աւագեան: Ան ողջունեց քոլեճի տնօրէնութեան գնահատելի նախաձեռնութիւնը` «Վարձքդ կատար» ըսելու անձնաւորութեան մը, որ սովորական ուսուցիչ կամ տնօրէն չեղաւ, այլ` 53 տարուան կրթական ծառայութեան ընթացքին, ո՛ւր ալ գործեց (Ազգ. Աբգարեան վարժարան, Ազգ. Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի թեքնիք բաժին, Հռիփսիմեանց վարժարան, Համազգայինի Ճեմարան թէ Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ), ի՛նչ պաշտօն ալ վարեց (ուսուցիչ, Տնօրէն խորհուրդի անդամ թէ տնօրէն) բառին ամբողջական իմաստով եղաւ կրթական մշակ: Աւագեան հաստատեց, որ Անի Բագրատունի իրեն վստահուած սերունդներուն միայն գիտելիք եւ տեղեկութիւն չտուաւ, այլ անոնց հոգիներուն եւ միտքերուն մէջ մարդկայնականութեան եւ հայկականութեան սերմերը ցանեց, նկարագիր կերտեց, ոգի տուաւ, շունչ տուաւ, տեսիլք փոխանցեց:

Վիգէն Աւագեան շեշտեց, որ Անի Բագրատունին եղաւ ազգային արժէքներու ամուր պահակ: Ան անշեղօրէն կապուած մնաց ազգային վարժարաններու առաքելութեան եւ բուռն պաշտպան մը եղաւ ազգային արժէքներու` լեզուի, պատմութեան եւ մտածողութեան: Ան գործեց աննահանջ ոգիով եւ ամբողջական նուիրումով` իր բոլոր կարողութիւնները ի սպաս դնելով ազգային վարժարանի վերելքին եւ անոր յարկին տակ հասակ առնող սերունդներու դաստիարակութեան:

Ուսումնական խորհուրդի ատենապետը նաեւ նշեց, որ տնօրէնութեան իր տարիներուն Անի Բագրատունին եղաւ տեւաբար խորհրդակցող եւ գործակցող: Ան եղաւ նաեւ իրաւունքի մեծ պաշտպան: Պաշտպանեց ուսուցիչներու իրաւունքները, չհանդուրժեց որեւէ անիրաւութիւն, պաշտպանեց հայ մանուկին ազգային հայեցի կրթութիւն ստանալու իրաւունքը եւ չարտօնեց, որ նիւթականի պատճառով ոեւէ հայ մանուկ կրթութենէ զրկուի:

Խօսքին աւարտին Վիգէն Աւագեան յայտնեց, որ լիբանանահայ կրթական կեանքին պատմութիւնը գրող ապագայ պատմագիրը անպայման պիտի յիշատակէ անունը Անի Բագրատունիին` պատուաբեր կերպով արձանագրելով անոր աւելի քան կէս դարու ծառայութիւնը հայ դպրութեան, հայ դպրոցին եւ լիբանանահայ կեանքին:

Հուսկ, Վիգէն Աւագեան հրաւիրեց Ուսումնական խորհուրդի  անդամներ Նորա Բարսեղեանը եւ Անի Չէօրէքճեան-Թէնպէլեանը, որպէսզի միասնաբար Անի Բագրատունին յուշանուէրով մը պատուեն` «Իբրեւ կրթական մշակ եւ տնօրէն լիբանանահայ թեմի ազգային վարժարաններուն երկարամեայ ու նուիրեալ ծառայութեան առ ի երախտագիտութիւն»:

Աւարտին խօսք առաւ Անի Ուրֆալեան-Բագրատունի, որ ըսաւ. «Այն նուէրը, որ ինծի յանձնեց Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդը, կը նուիրեմ ազգային վարժարաններու նախկին եւ ներկայ բոլոր տնօրէններուն, փակուած եւ գործող վարժարաններու ուսուցիչներուն, ինչպէս նաեւ` բոլոր այն տնօրէններու եւ ուսուցիչներու յիշատակին, որոնք առյաւէտ բաժնուած են մեզմէ»: Ան վերյիշեց անցեալի օրերն ու տարիներու փորձառութիւնները, որոնք լի էին լաւ եւ դառն օրերով: Անդրադառնալով տնօրէնութեան  այս ձեռնարկի մտայղացման` ան ըսաւ. «Այս նախաձեռնութիւնը ճիշդ իմ ուզածս էր. ես կ՛ուզէի ուսուցչական ասպարէզիս էջը դարձնել ի՛մ աշակերտներուս հետ, ի՛մ հարազատ տանս մէջ, իմ պաշտօնակիցներուս, խնամակալութեան անդամներուն, իմ Ծնողական խորհուրդիս եւ բոլոր անոնց հետ, որոնք իմ կողքիս աշխատեցան, որպէսզի այս դպրոցը կանգուն մնայ: Շնորհակալութիւն` այս հանդիպման համար: Շնորհակալութիւն նաեւ Ուսումնական խորհուրդին, որ անակնկալ մը մատուցեց` գնահատելով զիս յուշանուէրով»: Անդրադառնալով հայկական զանազան վարժարաններու  մէջ իր ունեցած 53 տարուան փորձառութեան, խօսքը ուղղելով աշակերտներուն, ան ըսաւ. «53 տարուան ընթացքին երբե՛ք չեմ զղջացած այս ասպարէզը ընտրելուս: Ուսուցչական ասպարէզիս մէջ շատ բան սորված եմ ձեզմէ, սիրելի՛ աշակերտներ, եւ ես շնորհակալ եմ անոր համար: Երբ ես հեռացայ այս քոլեճէն, ես ինծի հարց տուի, թէ կեանքը ինծի ի՞նչ տուաւ, եւ ես անդրադարձայ, որ կեանքը ինծի ՍԷՐ տուաւ. սիրտս լի է սիրով: Ես կը սիրեմ իմ բոլոր աշակերտներս անխտի՛ր: Կը հաւատամ, որ իւրաքանչիւրին մէջ կաթիլ մը ձգած եմ: Կը սիրեմ հազարաւոր աշակերտներս, պաշտօնակիցներս եւ ծնողները: Իմ սիրտս ուրախութեամբ լեցուն է, որովհետեւ այս ասպարէզը ինծի առիթ ընծայեց ճանչնալու մեծ թիւով մարդիկ, որոնց հանդէպ իմ զգացած սէրս ինծի հետ պիտի մնայ յաւիտեան»: Իսկ Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան քոլեճին մէջ իր ունեցած փորձառութեան մասին ըսաւ, թէ այս քոլեճը եղած է իր հարազատ տունը: Իր խօսքը եզրափակեց` փափաք յայտնելով, որ այս հանդիսութիւնը նախընթաց մը ըլլայ յառաջիկայի հաշուոյն, որ բոլոր անիրաւուած ուսուցիչներն ու տնօրէնները գնահատուին իրենց կենդանութեան ընթացքին:

 

 

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

Հալէպահայերու Մէջ Վիրաւորներ Չեն Արձանագրուած

RelatedPosts

Գաղութային

January 6, 2026
«Տէ՜ր Իմ Եւ Աստուա՜ծ Իմ»
Գաղութային

Կարիքը Ունինք Երկնային Աջակցութեան, Որպէսզի Աստուծմով Փարատի Մեր Ազգին Կեանքը Պղտորող Խաւարը

January 6, 2026
Յարութեան Ընձեռած Յեղաշրջումը
Գաղութային

Ս. Ծնունդ Եւ Արժանապատուութիւն

January 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.