Գաղութային

«Օ. Թի. Վի.»-ի Զրոյցը` Երեսփոխան  Բագրատունիի Եւ Նախարար Կիտանեանի Հետ

«Օ. Թի. Վի.»-ի Զրոյցը` Երեսփոխան Բագրատունիի Եւ Նախարար Կիտանեանի Հետ

Երէկ երեկոյեան «Օ. Թի. Վի.»-ի արաբերէն լուրերուն ընթացքին ուղղակի կապ հաստատուեցաւ Երեւան գտնուող կայանի թղթակից Ապտօ Հելուի հետ, որ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն ներկայացնող պատուիրակութեան Հայաստան տուած այցելութեան նպատակին մասին ամփոփ զրոյց մը ունեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի հետ: Երեսփոխան Բագրատունի տեղեկացուց, որ Հայաստանի մէջ հանդիպում ունեցած են թաւշեայ յեղափոխութիւն կատարած...

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

Ուրբաթ, 24 օգոստոս 2018-ին, Լիբանանի Մանուկներու ազգային մարմինէն պատուիրակութիւն մը` նախագահութեամբ դոկտ. Նուր Սալմանի, այցելեց ԼՕԽ-ի «Ա. եւ Ա. Գլպաշեան» կազդուրման կայանի փոքրիկներուն: Հանդիպման ներկայ էին ԼՕԽ-ի մօտ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Նելլի Վեքիլեան, Շրջանային վարչութենէն ընկերուհիներ: Մարմինի անդամները դրուատեցին Կազդուրման կայանի ծրագիրը, որուն ընձեռած բարիքները կը նպաստեն կարիքաւոր փոքրիկներու հոգեմտաւոր զարգացումին: Անոնք ծանօթ ըլլալով Լիբանանահայ օգնութեան խաչի գործունէութեան, շեշտեցին...

ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակի Նախաձեռնութիւններուն  Պատշաճ Լուսաբանման Առիթով.  ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը  Յուշանուէրներ  Յանձնեց «Ազդակ»-ի  Եւ «Վանայ Ձայն»-ի Ընտանիքներուն

ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակի Նախաձեռնութիւններուն Պատշաճ Լուսաբանման Առիթով. ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը Յուշանուէրներ Յանձնեց «Ազդակ»-ի Եւ «Վանայ Ձայն»-ի Ընտանիքներուն

Երէկ երեկոյեան ժամը 8:00-ին «Ազդակ»-ի խմբագրատուն այցելեց ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան պատուիրակութիւնը` բաղկացած Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանէ եւ Կեդրոնական վարչութեան անդամներ Վաչէ Նաճարեանէ ու տոքթ. Իշխան Եղիայեանէ: Հանդիպումին մասնակցեցաւ նաեւ ՀՄԸՄ-ի «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի խմբագիր, «Վանայ ձայն»-ի տնօրէն Վիգէն Աւագեան: ՀՄԸՄ-ի պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցաւ «Ազդակ»-ի տնօրէնութեան, խմբագրակազմին եւ վարչական բաժինի պատասխանատուներուն հետ: Հանդիպման ընթացքին Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան ըսաւ, որ...

Լրագրութեան Վարժողական Ծրագիր (25).  «Երիտասարդութիւնը Պիտի Գիտնայ,  Որ Ինք Մեր Կեանքին Մէջ Կարեւոր Տեղ Ունի  Եւ Կոչուած Է Ունենալու Առանցքային Դերակատարութիւն» Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Լրագրութեան Վարժողական Ծրագիր (25). «Երիտասարդութիւնը Պիտի Գիտնայ, Որ Ինք Մեր Կեանքին Մէջ Կարեւոր Տեղ Ունի Եւ Կոչուած Է Ունենալու Առանցքային Դերակատարութիւն» Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

«Ազդակ»-ի կազմակերպած Լրագրութեան վարժողական ծրագիրի աւարտը խորհրդանշող իբրեւ եզրափակիչ հանդիպում, ուրբաթ, 17 օգոստոս 2018-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ. Ա. վեհափառ հայրապետը Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին մէջ ընդունեց «Ապագայ լրագրող»-ները` ընկերակցութեամբ ծրագիրի պատասխանատու` «Ազդակ»-ի խմբագիրներէն Արշօ Պալեանի: Հանդիպումին սկիզբը Ա. Պալեան Արամ Ա. կաթողիկոսին ներկայացուց Լրագրութեան վարժողական ծրագիրի ընդգրկած աշխատանքները եւ այդ ծրագիրին հետեւող «Ապագայ լրագրող»-ներուն աշխատանքները: Շուրջ մէկ ժամ տեւած...

Մհեր Ջուլհաճեանի Նահատակութեան 25-Ամեակ.  «Մհեր Պիտի Մնայ Բոլորիս Եւ Յատկապէս Դաշնակցական Երիտասարդութեան Կողմնացոյցը»  Ըսաւ Համբիկ Պիլալեան

Մհեր Ջուլհաճեանի Նահատակութեան 25-Ամեակ. «Մհեր Պիտի Մնայ Բոլորիս Եւ Յատկապէս Դաշնակցական Երիտասարդութեան Կողմնացոյցը» Ըսաւ Համբիկ Պիլալեան

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Րաֆֆի» մասնաճիւղին, երէկ` ուրբաթ, 17 օգոստոս 2018-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Մհեր Ջուլհաճեանի նահատակութեան 25-ամեակին նուիրուած ձեռնարկ, որուն ընդմէջէն յարգանքի տուրք մատուցուեցաւ իր կեանքը հայրենիքին եւ Արցախի ազատագրութեան սրբազան պայքարին նուիրած օրինակելի միութենական, տիպար դաշնակցական եւ անձնազոհ հայ Մհեր Ջուլհաճեանին, որուն կեանքէն եւ նահատակութենէն տարբեր պատգամներ կը փոխանցուին իրերայաջորդ սերունդներու: Հայաստանի եւ...

Լրագրութեան Վարժողական Ծրագիր (24).  Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը  Ընդունեց «Ապագայ Լրագրողներ»-ը

Լրագրութեան Վարժողական Ծրագիր (24). Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց «Ապագայ Լրագրողներ»-ը

«Ազդակ»-ի կազմակերպած Լրագրութեան վարժողական ծրագիրը արդէն իսկ հասած է իր աւարտին: Իբրեւ ծրագիրի եզրափակիչ հանդիպում, «Ապագայ լրագրող»-ները երէկ այցելեցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին: Հանդիպումին մանրամասնութիւններուն կ՛անդրադառնանք «Ազդակ»-ի երկուշաբթի, 20 օգոստոս 2018-ի թիւով:

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց «Հայաստան»  Համահայկական Հիմնադրամի Գործադիր Տնօրէնի  Պաշտօնակատար Պետրոս Թերզեանը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Գործադիր Տնօրէնի Պաշտօնակատար Պետրոս Թերզեանը

Չորեքշաբթի, 15 օգոստոս 2018-ի երեկոյեան, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի վեհարանին մէջ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէնի պաշտօնակատար Պետրոս Թերզեանը: Վեհափառ հայրապետը ջերմօրէն ողջունեց Թերզեանի նշանակումը յիշեալ յոյժ կարեւոր պատասխանատուութեան եւ իր համոզումը յայտնեց, որ ան պիտի կարենայ իրեն վստահուած կարեւոր առաքելութիւնը կատարել խոր գիտակցութեամբ եւ ամբողջական նուիրումով: Պետրոս Թերզեան վեհափառ հայրապետին պարզեց վերջերս Հայաստանի ու...

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքը Օժտուեցաւ «Նունէ Եւ Նինարէ Նազարեան» Վերանորոգեալ Մատենադարանով

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքը Օժտուեցաւ «Նունէ Եւ Նինարէ Նազարեան» Վերանորոգեալ Մատենադարանով

Ուրբաթ, 10 օգոստոս 2018-ի երեկոյեան, նախագահութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքին մէջ տեղի ունեցաւ բացումը վերանորոգեալ «Նունէ եւ Նինարէ Նազարեան» մատենադարանին, որուն բարերարութիւնը ստանձնած է քուէյթահայ ազգային տէր եւ տիկին Անուշաւան եւ Անահիտ Նազարեան ամոլը: Յայտնենք, որ մատենադարանը կը կրէ անոնց դուստրերուն անունները: Ժապաւէնի հատումէն ետք, վեհափառ հայրապետը արտասանեց իր ողջոյնի խօսքը: Վեհափառ հայրապետը իր գնահատանքը...

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Եզրափակիչ Խօսքով  Երիտասարդական Խտացեալ  Դասընթացքը Հասաւ Իր Աւարտին

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Եզրափակիչ Խօսքով Երիտասարդական Խտացեալ Դասընթացքը Հասաւ Իր Աւարտին

Ուրբաթ, 10 օգոստոս 2018-ի երեկոյեան, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին մէջ տեղի ունեցաւ երիտասարդական խտացեալ դասընթացքին փակումը: Արամ Ա. կաթողիկոսին թելադրութեամբ եւ նախագահութեամբ այս ծրագիրին նպատակն էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Միացեալ Նահանգներու եւ Քանատայի թեմերու երիտասարդներուն մատակարարել թէ՛ եկեղեցագիտութիւն եւ թէ՛ քրիստոնէական դաստիարակութիւն, ինչպէս նաեւ ծանօթացնել զանոնք կաթողիկոսարանի առաքելութեան: Այս առումով, վեհափառ հայրապետը բազմաթիւ անգամներ այս երիտասարդները հրաւիրած էր պաշտօնական...

Յիշատակելի Օր Մը ԼՕԽ-ի Կազդուրման Կայանին Մէջ.  Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի Այցելութիւնը  Կազդուրման Կայանի Փոքրիկներուն

Յիշատակելի Օր Մը ԼՕԽ-ի Կազդուրման Կայանին Մէջ. Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի Այցելութիւնը Կազդուրման Կայանի Փոքրիկներուն

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւնը երկուշաբթի, 13 օգոստոս 2018-ին այցելութիւն տուաւ Այնճար հայաւանի ԼՕԽ-ի «Ալեքսան եւ Արաքսի Գլպաշեան» կազդուրման կայանի փոքրիկներուն: Տարիներու աւանդութիւն դարձած կազդուրման կայանի ծրագիրը ընթացք առած էր 6 օգոստոսին եւ անոր կը մասնակցին Պուրճ Համուտէն եւ Այնճարէն փոքրիկներ: Կառոյցին մէջ երեք շաբաթներու յատուկ ծրագիրով մը մասնակից փոքրիկները առիթ պիտի ունենան իրար ծանօթանալու, դաստիարակչական, ընկերային պահեր անցընելու եւ վայելելու շրջանի...

Ս. Աստուածածին Վանքին Մէջ Տեղի Ունեցաւ  Պաշտօնական Հոգեհանգստեան Արարողութիւն`  Հայ Ազգի Բոլոր Ննջեցեալներուն Համար

Ս. Աստուածածին Վանքին Մէջ Տեղի Ունեցաւ Պաշտօնական Հոգեհանգստեան Արարողութիւն` Հայ Ազգի Բոլոր Ննջեցեալներուն Համար

Երկուշաբթի, 13 օգոստոս 2018-ին, հանդիսապետութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի համանուն մատրան մէջ մատուցուեցաւ մեռելոցի Ս. եւ անմահ պատարագ: Արդարեւ, հայ եկեղեցւոյ հայրապետներուն կողմէ հաստատուած կանոններուն համաձայն, պատարագի աւարտին, նախագահութեամբ վեհափառ հայրապետին, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան յատուկ պաշտօն` ամբողջ հայ ազգի ծանօթ թէ անծանօթ, յայտնի թէ անյայտ ննջեցեալներու, ինչպէս նաեւ հայրենիքի ազատութեան ու անկախութեան սիրոյն իրենց արիւնը թափած քաջարի...

Դոկտ. Նորա Արիսեանի «Հայերու  Տարագրութիւնը  Տէր Զօրի Մէջ» Գիրքի  Շնորհահանդէսը` Դամասկոսի Մէջ

Դոկտ. Նորա Արիսեանի «Հայերու Տարագրութիւնը Տէր Զօրի Մէջ» Գիրքի Շնորհահանդէսը` Դամասկոսի Մէջ

Դամասկոսի «Ասատ գրադարան»-ի տարեկան միջազգային ցուցահանդէսին ընթացքին տեղի ունեցաւ Սուրիոյ խորհրդարանի հայ երեսփոխան դոկտ. Նորա Արիսեանի «Հայերու տարագրութիւնը Տէր Զօրի մէջ»` ԺԹ. դարու վերջը եւ Ի. դարու սկիզբը» գիրքին շնորհահանդէսը: «Հայերն այսօր»-ի փոխանցումով, «Աշշարք» հրատարակչատան կողմէ հրատարակուած գիրքի շնորհահանդէսին ներկայ գտնուեցան երեսփոխաններ, քաղաքական գործիչներ, Սուրիոյ մշակոյթի նախարարութեան ներկայացուցիչներ, արաբ մտաւորականներ, Արաբ գրողներու միութեան անդամներ, դամասկահայեր եւ հայկական հարցով հետաքրքրուողներ: Գիրքի...

Դոկտ. Նորա Արիսեանի «Արաբերէնի Եւ Հայերէնի Առնչութիւնները» Նիւթով Դասախօսութիւնը

Դոկտ. Նորա Արիսեանի «Արաբերէնի Եւ Հայերէնի Առնչութիւնները» Նիւթով Դասախօսութիւնը

Սուրիոյ մշակոյթի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ 9 օգոստոսին Դամասկոսի «Ապու Ռըմաննէ» մշակութային կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ դոկտ. Նորա Արիսեանի «Արաբերէնի եւ հայերէնի առնչութիւնները» նիւթով դասախօսութիւնը: Ներկայ էին Սուրիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան ներկայացուցիչ Ռուբէն Սողոյեան, Արմաշ եպս. Նալպանտեան, դամասկահայեր, արաբ մտաւորականներ եւ մամլոյ ներկայացուցիչներ: Մշակութային կեդրոնի տնօրէն Ռապապ Ահմետ ներկայացուց դասախօսը` ակնարկելով անոր գիտական կարողութիւններուն, ինչպէս նաեւ հայ-սուրիական յարաբերութիւններուն մէջ անոր ներդրումին:...

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Յանձնառու Սլացքով»  Նշանաբանով Բանակումը Վերջ Գտաւ

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Յանձնառու Սլացքով» Նշանաբանով Բանակումը Վերջ Գտաւ

ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութեան Կեդրոնական վարչութեան կազմակերպած «Յանձնառու սլացքով» նշանաբանով  տարեկան բանակումը, որ սկսած էր 5 օգոստոսին, երէկ` 13 օգոստոսին աւարտեց իր աշխատանքները: Բանակումը այս տարի կազմակերպուած էր ՀՅԴ ԼԵՄ-ի 45-ամեակին առիթով եւ շուրջ 105 ԼԵՄ-ականներու կողքին յատկանշական էր, որ անոր իրենց մասնակցութիւնը բերին Հայաստանէն, Արցախէն, Ջաւախքէն, Իրանէն եւ Սուրիայէն դաշնակցական երիտասարդներ: Բանակումը ունէր տեսական եւ գործնական բաժիններ, անոր ծրագիրին...

Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման Տօնին Առիթով.  Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Օրինականութեան Գերիշխանութեան Հաստատումը Հայաստանի Մէջ Եւ Սիրոյ Ու Համերաշխութեան Ամրապնդումը Հրամայական Անհրաժեշտութիւն Են»

Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման Տօնին Առիթով. Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Օրինականութեան Գերիշխանութեան Հաստատումը Հայաստանի Մէջ Եւ Սիրոյ Ու Համերաշխութեան Ամրապնդումը Հրամայական Անհրաժեշտութիւն Են»

Նախագահութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, շաբաթ, 11 օգոստոս 2018-ին, Ս. Աստուածածին վանքի բացօթեայ խորանին վրայ մատուցուեցաւ Ս. եւ անմահ պատարագ` նուիրուած վանքի ուխտի օրուան: Պատարագը մատուցեց Քուէյթի եւ շրջակայից թեմի առաջնորդ Մասիս եպս. Զօպուեան: Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց կաթողիկոսարանի մանկապատանեկան «Նարեկացի» երգչախումբը` ղեկավարութեամբ  Մեղրիկ եպս. Բարիքեանի: Պատարագի աւարտին, վեհափառ հայրապետը հայրապետական թափօրով Ս. խորան բարձրացաւ եւ համաձայն հայ եկեղեցւոյ հայրերու կանոններուն,...

Տեղի Ունեցաւ Համազգայինի Եւրոպայի Ուսանողական Անդրանիկ Հաւաքը

Տեղի Ունեցաւ Համազգայինի Եւրոպայի Ուսանողական Անդրանիկ Հաւաքը

Տարիներէ ի վեր Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան կողմէ կազմակերպուող եւ սկիզբը Լիբանանի, իսկ երկար տարիներէ ի վեր Հայաստանի մէջ կայացած 24 ուսանողական հաւաքներուն (ֆորում) վրայ այս տարի եկաւ աւելնալու առաջին անգամն ըլլալով Եւրոպայի տարածքին նախաձեռնուած հաւաքը, որ տեղի ունեցաւ 10-12 օգոստոսին, Վենետիկի մէջ: Համազգայինի Եւրոպայի ուսանողական հաւաքի առաջին օրը յայտագիրին, կեցութեան վայրին, օրէնքներուն մասին ներկայացումը կատարեց հաւաքի պատասխանատու Արա Բարսեղեան: Համազգայինին,...

Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Քաղաքացիական Պայմանագիր Կուսակցութեան Երեսփոխանները

Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Քաղաքացիական Պայմանագիր Կուսակցութեան Երեսփոխանները

Անցնող երկու օրերու ընթացքին, երկու առիթներով, Քաղաքացիական պայմանագիր կուսակցութեան երեսփոխանները` Ալեն Սիմոնեան, Լենա Նազարեան եւ Հրաչեայ Յակոբեան, այցելեցին Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ խորհրդակցութիւններ ունեցան Հայաստանի ներկայ կացութեան առնչուած հարցերու շուրջ: Պատուիրակութիւնը վեհափառ հայրապետին փոխանցեց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ողջոյններն ու բարեմաղթութիւնները: Վեհափառ հայրապետը իր կարգին անգամ մը եւս ողջունեց Նիկոլ Փաշինեանի կատարած աշխատանքը` Հայաստանի մէջ օրէնքի գերիշխանութիւնը հաստատող եւ ժողովուրդին...

Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարը Ընդունած Է ՀՅԴ «Նոր Սերունդ» Երիտասարդական Միութեան Անդամները

Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարը Ընդունած Է ՀՅԴ «Նոր Սերունդ» Երիտասարդական Միութեան Անդամները

9 oգոստոսին Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան ընդունած է ճանաչողական այցելութեամբ Ֆրանսայէն Արցախ եկած ՀՅԴ «Նոր սերունդ» երիտասարդական միութեան անդամները: Հանդիպումին մասնակցած է նաեւ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէին անդամ Վահագն Դադայեան: Հանդիպումի ընթացքին արտաքին գործոց նախարարը հիւրերուն ներկայացուցած է Արցախի արտաքին քաղաքականութեան հիմնական ուղղութիւնները և առաջնահերթ խնդիրները, ինչպէս նաև ազրպէյճանա-ղարաբաղեան տագնապի լուծման շուրջ Արցախի դիրքորոշումը: Արցախի արտաքին գործոց...

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Լիբանանի Մէջ Եւրոպական Միութեան Դեսպանատուն

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Լիբանանի Մէջ Եւրոպական Միութեան Դեսպանատուն

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինէն պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին Վահրամ Էմմիեան, Սէրուժ Աբիկեան եւ Գրիգոր Հաշէօլեան երէկ այցելեց Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպանատուն, ուր հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի մէջ Եւրոպական միութեան դեսպանի քաղաքական խորհրդատու Թու Քրիսթոֆըր Ուեսթհոֆի հետ: Պատուիրակութիւնը դեսպանի խորհրդատուին ներկայացուց Արցախի Հանրապետութիւն-Ազրպէյճան եւ Հայաստանի Հանրապետութիւն-Նախիջեւան շփման գիծերուն վրայ տիրող կացութիւնը` մտահոգութիւն յայտնելով ազրպէյճանական ուժերու կուտակման մասին: Պատուիրակութիւնը...

Ուխտերթ` Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման Տօնին Առիթով

Ուխտերթ` Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման Տօնին Առիթով

Հովանաւորութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի ուխտի շաբաթը տեղի ունեցաւ 6-11 օգոստոս 2018-ին: Այս տարի եւս, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքը կազմակերպած էր Աստուածամօր նուիրուած յատուկ արարողութիւններ, աղօթասացութիւններ եւ խորհրդածութեան պահեր: Ուխտի շաբթուան ընթացքին, ամէն առաւօտ, հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը վանքի մատրան մէջ հետեւեցաւ կաթողիկոսարանի երիտասարդ միաբաններու կողմէ ներկայացուած հոգեւոր դասախօսութիւններուն, իսկ երեկոները մասնակցեցաւ Ս. պատարագներու,...

Page 222 of 365 1 … 221 222 223 … 365

Արխիւներ