Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքը Օժտուեցաւ «Նունէ Եւ Նինարէ Նազարեան» Վերանորոգեալ Մատենադարանով

Օգոստոս 17, 2018
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուրբաթ, 10 օգոստոս 2018-ի երեկոյեան, նախագահութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքին մէջ տեղի ունեցաւ բացումը վերանորոգեալ «Նունէ եւ Նինարէ Նազարեան» մատենադարանին, որուն բարերարութիւնը ստանձնած է քուէյթահայ ազգային տէր եւ տիկին Անուշաւան եւ Անահիտ Նազարեան ամոլը: Յայտնենք, որ մատենադարանը կը կրէ անոնց դուստրերուն անունները:

Ժապաւէնի հատումէն ետք, վեհափառ հայրապետը արտասանեց իր ողջոյնի խօսքը: Վեհափառ հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց բարերար ամոլին, յատկապէս ընդգծելով Անուշաւան Նազարեանին գործօն մասնակցութիւնը Քուէյթի եկեղեցական ու ազգային կեանքին մէջ: Վեհափառ հայրապետը ըսաւ, թէ Նազարեան իր ժամանակն ու նիւթական աջակցութիւնը կը տրամադրէ եկեղեցաշինութեան ու ազգաշինութեան առաքելութեան, եւ այս անգամ ան իր ներդրումը բերած էր դպրեվանքի մատենադարանին վերանորոգման:

Վեհափառ հայրապետը դիտել տուաւ, որ արհեստագիտութիւնը որքան ալ փոխէ կեանքի արժէքները, սակայն մատենադարանը կը պահէ իր անփոխարինելիութիւնը: Հակառակ թուայնացած աշխարհին պարգեւած դիւրութիւններուն, աշակերտին զարգացումը կ՛ամբողջանայ մատենադարանին մէջ ուսումնասիրութիւններ կատարելով, անոր փորձառութենէն օգտուելով եւ անոր դարաններէն գիրքեր պրպտելով: Վեհափառ հայրապետը նաեւ շեշտեց կրթական հաստատութիւններուն մէջ մատենադարաններու գոյութեան անհրաժեշտութիւնը, իսկ դպրեվանքին մէջ ատիկա առաջնահերթութիւն է, որովհետեւ հոնկէ կը ծնին եկեղեցւոյ ու ազգին ծառաները: Մատենադարանը ունի կարծրացած միտքերը իրենց սահմաններէն դուրս հանելու կարելիութիւնը, ինչպէս որ մեր եկեղեցին կը ջանայ պատերը քանդելով երթալ քարացած սահմաններէն անդին: Վեհափառ հայրապետը եզրափակելով իր խօսքը` աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, որ Նազարեան ընտանիքին յաջողութիւն ու արեւշատութիւն պարգեւէ:

Վեհափառ հայրապետի ողջոյնի խօսքէն ետք գործադրուեցաւ գեղարուեստական կարճ յայտագիր, ուր Նունէ ու Նինարէ քոյրերը արտասանեցին «Ընկերը» եւ «Հայրենի տուն» բանաստեղծութիւնները:

Աւարտին, Արամ Ա. կաթողիկոս բարերարներուն յանձնեց յուշանուէր մը, ինչպէս նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքին կողմէ հրապարակուած «Նոր արեւ» շարականներու խտասալիկին առաջին օրինակը:

Նախորդը

Հայաստան. «Թաւշեայ Յեղափոխութենէն« Ետք Դէպի Ո՞ւր – Բ.

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Գործադիր Տնօրէնի Պաշտօնակատար Պետրոս Թերզեանը

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը

Յուլիս 12, 2025
Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?