Գաղութային

Նախագահ Բակօ Սահակեան «Արուեստի Վաստակաւոր Գործիչ» Կոչումով Պարգեւատրեց Լիբանանահայ Խմբավար Զաքար Քէշիշեանը

Նախագահ Բակօ Սահակեան «Արուեստի Վաստակաւոր Գործիչ» Կոչումով Պարգեւատրեց Լիբանանահայ Խմբավար Զաքար Քէշիշեանը

Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան 27-րդ տարեդարձին առիթով, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան «Արուեստի վաստակաւոր գործիչ» կոչումով պարգեւատրեց լիբանանահայ  երաժիշտ, խմբավար, շուիահար եւ տուտուկահար, Շուշիի «ՎԱՐԱՆԴԱ» պետական երգչախումբի հիմնադիր եւ գեղարուեստական ղեկավար Զաքար Քէշիշեանը: Պարգեւատրման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 1 սեպտեմբեր 2018-ին, Արցախի նախագահական ապարանքին մէջ: Արարողութեան ընթացքին նախագահ Բակօ Սահակեան բարձրօրէն գնահատեց Արցախի պետականութեան ամրապնդման գործին մէջ բազմակողմանի ոլորտներու մասնագիտական ներդրումներու...

Լիբանանի Հայոց Թեմի Նորընտիր Առաջնորդ  Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան Արժանացաւ  Ժողովրդային Ընդունելութեան

Լիբանանի Հայոց Թեմի Նորընտիր Առաջնորդ Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան Արժանացաւ Ժողովրդային Ընդունելութեան

Երէկ` կիրակի 2 սեպտեմբեր 2018-ին Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ Լիբանանի հայոց թեմի նախկին առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան    մատուցեց հրաժեշտի Ս. պատարագ: Ներկայ էին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ, երեսփոխան Յակոբ Թերզեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան, հայ քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը: Պատարագի ընթացքին, կէսօրէ...

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «2 Սեպտեմբերին  Ուրիշին Տրուած Մեր Իրաւունքին Վերատիրացանք`  Հաւաքական Հաւատքով Ու Վճռակամութեամբ,  Արեամբ Ու Իմացեալ Մահով»

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «2 Սեպտեմբերին Ուրիշին Տրուած Մեր Իրաւունքին Վերատիրացանք` Հաւաքական Հաւատքով Ու Վճռակամութեամբ, Արեամբ Ու Իմացեալ Մահով»

Արցախի անկախութեան 27-ամեակին առիթով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը յղեց հետեւեալ պատգամը. «Սիրելի՛ ժողովուրդ հայոց, «Ազգերու պատմութեան մէջ կան թուականներ, որոնք չեն սահմանափակուիր ժամանակի ու միջոցի մէջ: Թուականներ, որոնք իրենց խորհուրդով ու պատգամով կ՛անցնին ժամանակն ու միջոցը եւ կը պատկանին յաւերժութեան: Ազգեր կ՛ապրին, կը գոյատեւեն ու կը ծաղկին խորհուրդ ու պատգամ ունեցող այդ թուականներով, տեսիլք ներշնչող, հաւատք ու կամք...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Արցախի  Հանրապետութեան  Ազգային Ժողովի Փոխնախագահը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի Փոխնախագահը

Կիրակի, 2 սեպտեմբեր 2018-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, Ս. Աստուածածին վանքին մէջ ընդունեց Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի փոխնախագահ Վահրամ Բալայեանը: Անոր կ՛ընկերանար Լիբանանի Հայ դատի մարմինի պատուիրակութիւն մը: Անոնք նախ մասնակցեցան վանքի մատրան մէջ մատուցուած Ս. եւ անմահ պատարագին եւ ապա հանդիպում ունեցան վեհափառ հայրապետին հետ: Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Արցախի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն եւ հոն իրագործուող ծրագիրներուն: Ներկաները նաեւ ունկնդրեցին...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Վաւերացուց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդի Ընտրութիւնը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Վաւերացուց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդի Ընտրութիւնը

Շաբաթ, 1 սեպտեմբեր 2018-ի առաւօտուն, Ս. Աստուածածին վանքին մէջ, Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովի ատենապետները` Գառնիկ Մկրտիչեանն ու Կարօ Սալխանեանը: Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Լիբանանի թեմի նորընտիր առաջնորդ Նարեկ արք. Ալեէմէզեան եւ նախկին առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան: Անոնք վեհափառ հայրապետին ներկայացուցին 31 օգոստոս 2018-ին Երեսփոխանական ժողովի ընթացքին տեղի ունեցած նոր առաջնորդի ընտրութեան արդիւնքը` յանձին Նարեկ...

Յուղարկաւորութիւն` Անարգ Ոճիրի  Զոհ Գացած Խոսրով Քիւրտեանին

Յուղարկաւորութիւն` Անարգ Ոճիրի Զոհ Գացած Խոսրով Քիւրտեանին

Ինչպէս «Ազդակ»-ի շաբաթ օրուան թիւին մէջ հաղորդած էինք, ուրբաթ օր Պուրճ Համուտի կեդրոնական թաղերէն մէկուն մէջ հայորդիներու եւ թաղեցիներու միջեւ պատահած միջադէպին ընթացքին անարգ ոճիրի զոհ գնաց Խոսրով Քիւրտեան: Երէկ կատարուեցաւ Խոսրով Քիւրտեանի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը` Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, ներկայութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի, Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ, երեսփոխան...

Արցախի Ազգային Ժողովի  Փոխնախագահը Այցելեց «Ազդակ»

Արցախի Ազգային Ժողովի Փոխնախագահը Այցելեց «Ազդակ»

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի փոխնախագահ Վահրամ Բալայեան այցելեց «Ազդակ»` ընկերակցութեամբ Լիբանանի Հայ դատի մարմինի անդամներուն: Տնօրէնութեան հետ կայացած հանդիպումին ընթացքին Վահրամ Բալայեան զեկուցեց Արցախի առնչուած ներքին եւ արտաքին գործընթացներուն մասին: Խորհրդակցութիւնը ապա կեդրոնացաւ տեղեկատուական ոլորտին վրայ` յատկապէս Արցախի եւ սփիւռքի զանգուածային լրատուամիջոցներուն միջեւ իրականացուող համագործակցութեան: Արցախի Ազգային ժողովի փոխնախագահը բարձր գնահատեց «Ազդակ»-ի կատարած լրատուութիւնները, մեկնաբանութիւններն ու վերլուծումները արցախեան հակամարտութեան եւ...

Զոհ Եւ Վիրաւորներ` Պուրճ Համուտի Մէջ  Տեղի Ունեցած Բախումի Մը Ընթացքին

Զոհ Եւ Վիրաւորներ` Պուրճ Համուտի Մէջ Տեղի Ունեցած Բախումի Մը Ընթացքին

Երէկ Պուրճ Համուտի կեդրոնական թաղերէն մէկուն մէջ թաղեցիներու եւ հայ բնակիչներու միջեւ տեղի ունեցած բախումի մը ընթացքին արձանագրուեցան զոհ մը եւ վիրաւորներ: Կը հաղորդուի, որ թաղեցիներ անարգական խօսքեր եւ լուտանք արձակած են հայորդիի մը հասցէին, որ պատասխանած է այդ անարգական խօսքերուն, ինչ որ պատճառ դարձած է, որ թաղեցիներէն մէկը սպաննէ դէպքին միջամտած հայորդիներէն Խոսրով Քիւրտեանը: Իբրեւ հակազդեցութիւն այս ահաւոր ոճիրին,...

Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան Ընտրուեցաւ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ

Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան Ընտրուեցաւ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ

Երէկ` ուրբաթ, 31 օգոստոս 2018-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովը Պէրութի Ազգային առաջնորդարանի դահլիճին մէջ գումարեց յատուկ նիստ` միակ օրակարգ ունենալով թեմի նոր առաջնորդի ընտրութիւնը: Ժողովը սկսաւ Շահէ եպս. Փանոսեանի աղօթքով, որմէ ետք Ազգային երեսփոխանական ժողովի ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան ներկաներուն ընթերցեց Թեմական կանոնագրութեան մէջէն առաջնորդի ընտրութեան վերաբերող օրէնքները եւ ներկայացուց անցնող շաբաթներուն, Ազգային վարչութեան Խառն ժողովին...

Հաղորդագրութիւն

Ազգային Ինքնութեան Ամրապնդման Ֆոնտ. 18 Դիմումի Ընդառաջում` Օգոստոս Ամսուան Ընթացքին 16-ամսեայ Հաշուեկշիռ` 288 Պարագայ

ՀՅ Դաշնակցութեան Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի հաստատած Ազգային ինքնութեան ամրապնդման ֆոնտը օգոստոս ամսուան ընթացքին ընդառաջած է 18 դիմումի, մինչ մայիս 2017-էն մինչեւ յուլիս 2018 ֆոնտէն օգտուելու իրաւունքին արժանացած է 270 պարագայ: Այսպէս, Հայ ընտանիքի կազմութեան ֆոնտին (պսակադրութեան) դիմում կատարած են 6 զոյգեր, որոնցմէ 5-ը պայմանները լրացուցած ըլլալով արժանացած են ֆոնտէն օգտուելու իրաւունքէն: Հայ մանուկի ֆոնտին (մկրտութեան) դիմում կատարած են 13 պարագաներ,...

Հաղորդագրութիւն

Հաշուետուութիւն Երեսփոխանական Գրասենեակ Մայիս – Յունիս – Յուլիս – Օգոստոս 2018

Կը ներկայացնենք վերջին խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք Երեսփոխանական գրասենեակի աշխատանքներուն հաշուետուութիւնը: Ներկայացուած պատկերը իր ստորաբաժանումներով կը ներկայացնէ ծառայութեան տարբեր ոլորտները: Արդ, մայիսէն մինչեւ օգոստոսի աւարտ չորս ամիսներուն, գրասենեակ դիմող 1142 պարագաներէն 904-ին հարցերը համապատասխան լուծում գտած են, ընթացքի մէջ է 218 հարց: Գրասենեակը, որ բաց է ամէն օր առաւօտեան ժամը 9:00-էն 7:00, յառաջիկայ ամիսներուն կարելիութիւնը պիտի ունենայ ընդարձակելու իր աշխատանքի ծիրը,...

Ճեզիրէի Մէջ Ստեղծուած Զգայուն Կացութեան  Գծով Խորհրդակցութիւն` Արամ Ա., Աֆրամ Բ.  Եւ Իգնատիոս Եուսեֆ Գ. Հոգեւոր Պետերուն Միջեւ

Ճեզիրէի Մէջ Ստեղծուած Զգայուն Կացութեան Գծով Խորհրդակցութիւն` Արամ Ա., Աֆրամ Բ. Եւ Իգնատիոս Եուսեֆ Գ. Հոգեւոր Պետերուն Միջեւ

Չորեքշաբթի, 29 օգոստոս 2018-ին, Արամ Ա. կաթողիկոսին, Աֆրամ Բ. եւ Իգնատիոս Եուսեֆ Գ. Եունան պատրիարքներուն միջեւ խորհրդակցութիւն մը տեղի ունեցաւ Սուրիոյ Ճեզիրէ շրջանին մէջ, յատկապէս համայնքային դպրոցներու գծով ստեղծուած դժուարութիւններու շուրջ: Յայտնենք, որ վերջին շաբաթներուն յիշեալ շրջանին մէջ տիրական ներկայութիւն դարձած քիւրտերու իշխանութիւնը կարգ մը քայլերու դիմած է համայնքային դպրոցներուն մէջ շարք մը կարգադրութիւններ իր հայեցողութեամբ կատարելու որոշումով: Առաջարկուեցաւ, որ...

Յայտարարութիւններ (27 Յունուար 2018)

Համազգայինի 90-ամեակի Հանդիսաւոր Նշում` Հայաստանի Մէջ

Համազգային Հայ կրթական եւ մշակութային միութիւնը 9 սեպտեմբերին, ժամը 19:00-ին, պիտի նշէ իր հիմնադրութեան 90-ամեակը` յոբելենական յատուկ հանդիսութեամբ, որ տեղի պիտի ունենայ Գ. Սունդուկեանի անուան ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ: Հանդիսութենէն առաջ թատրոնի նախասրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ Համազգայինի հրատարակչական գործունէութեան նուիրուած ցուցահանդէս: Յոբելենական հանդիսութեան ընթացքին պիտի ցուցադրուի համերգային-թատերական ինքնատիպ ներկայացում, որուն պիտի մասնակցին Գ. Սունդուկեանի անուան ակադեմական թատրոնը, Սօս Սարգսեանի...

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Եւ Արցախի Հանրապետութեան  Նախագահ Բակօ Սահակեանին Միջեւ  Հեռաձայնային Խորհրդակցութիւն

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Եւ Արցախի Հանրապետութեան Նախագահ Բակօ Սահակեանին Միջեւ Հեռաձայնային Խորհրդակցութիւն

Չորեքշաբթի, 29 օգոստոս 2018-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը հեռաձայնային խորհրդակցութիւն մը ունեցաւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ: Վեհափառ հայրապետը անգամ մը եւս վերահաստատեց իր ամբողջական զօրակցութիւնը Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան ամրապնդման ձգտող բոլոր աշխատանքներուն եւ նոյն այդ աշխատանքներուն նուիրուած Արցախի նախագահին: Վեհափառ հայրապետը  շեշտեց, որ Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան ամրապնդումը ճակատագրական նշանակութիւն ունի Հայաստանի ու ազգային պահանջատիրութեան համար: Հետեւաբար, բարձրագոյն աստիճանի...

Զուիցերիոյ Նախագահին Ուղղելով Իր Խօսքը` «Լիբանանի Վերածաղկումին Մէջ Զուիցերիոյ Դերը Կենսական Է» Ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս

Զուիցերիոյ Նախագահին Ուղղելով Իր Խօսքը` «Լիբանանի Վերածաղկումին Մէջ Զուիցերիոյ Դերը Կենսական Է» Ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս

Երեքշաբթի, 28 օգոստոս 2018-ին, երկօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ Լիբանան եկած Զուիցերիոյ նախագահ Ալեն Պերսէ Տիմանի մէջ հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի քրիստոնեայ եւ իսլամ հոգեւոր պետերուն հետ: Հանդիպումին սկիզբը յաջորդաբար խօսք առին մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը եւ Զուիցերիոյ նախագահը: Ապա խօսք առնելով Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը յայտնեց, թէ «արեւմուտքի Զուիցերիոյ ու արեւելքի Զուիցերիոյ` Լիբանանի այս հանդիպումը իւրայատուկ նշանակութիւն մը ունի հասարակաց աւանդութիւններ...

Այնճարի Մէջ.  Սկսաւ Դաշնակցական Երէց  Պատանիներու Տարեկան Բանակումը

Այնճարի Մէջ. Սկսաւ Դաշնակցական Երէց Պատանիներու Տարեկան Բանակումը

ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու (ԼՊՄ) Ընդհանուր վարիչ մարմինին կազմակերպութեամբ, երէկ Այնճարի ՀՅԴ ԼՊՄ-ի բանակավայրին մէջ ընթացք առաւ երէց պատանիներու տարեկան բանակումը: Ինչպէս կրտսեր պատանիներու բանակումը, նոյնպէս այս բանակումը նուիրուած է Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակին: Ընդհանուր վարիչ մարմինին հրաւէրով, այս տարուան պատանեկան բանակումին կը մասնակցին նաեւ ՀՅԴ Սուրիոյ եւ Կիպրոսի պատանեկան միութիւններէն 6 պատանիներ եւ 2 պատասխանատու ընկերներ: Բանակումին պաշտօնական բացումը...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Ղասսանի  Արքայական Տան Ղարիոս Էլ Չեմոր Է. Իշխանը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Ղասսանի Արքայական Տան Ղարիոս Էլ Չեմոր Է. Իշխանը

Չորեքշաբթի, 22 օգոստոս 2018-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, Ս. Աստուածածին վանքի վեհարանին մէջ ընդունեց Ղասսանի արքայական տան Ղարիոս Էլ Չեմոր Է. իշխանը: Անոր կ՛ընկերանային միջեկեղեցական երկխօսութեան միջազգային տնօրէն Անթուան Գալայճեան, հանրային կապերու պատասխանատու Փետրօ Աշգար եւ իշխանի օգնական Քարլ Տումիթ: Վեհափառ հայրապետին ու իշխանին միջեւ հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ անդրադառնալու Ղասսանի արքայական տան կողմէ մշակուած աշխատանքներուն, Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնէութեան ներկայութիւնը...

ԼՕԽ-ի Կազդուրման Կայանը «Անկախութեան  Ժառանգորդը» Խորագրեալ Ամավերջի Հանդէսով  Եզրափակեց 2018 Տարուան Իր Ծրագիրը

ԼՕԽ-ի Կազդուրման Կայանը «Անկախութեան Ժառանգորդը» Խորագրեալ Ամավերջի Հանդէսով Եզրափակեց 2018 Տարուան Իր Ծրագիրը

Լիբանանահայ օգնութեան խաչը իր բազմաբնոյթ եւ մարդասիրական գործունէութեանց ծիրին մէջ հայ մանուկին առանձնայատուկ տեղ կը յատկացնէ: Արդարեւ, ԼՕԽ-ը տարուան ընթացքին բազմաթիւ յայտագիրներով եւ ձեռնարկներով հայ մանուկները ապահով ու ուրախ մթնոլորտի մէջ կը պահէ` զանոնք մղելով նաեւ զարգանալու եւ հմտանալու իրենց ձիրքերուն մէջ: Այս առումով մանուկներու օրուան նշումը, ԼՕԽ-ի «Նարօտ Արտալճեան» գրադարանի գործունէութիւնը եւ Կազդուրման կայանի յայտագիրը լաւագոյնս կը բնորոշեն ԼՕԽ-ի...

«Մեր Բոլոր Կարելիութիւնները` Հայրենի  Իշխանութիւններուն Տրամադրութեան Տակ,  Որովհետեւ Մենք Բոլորս  Մէկ Նպատակի Նուիրուած Ենք»  «Երկիր Մետիա»-ին Ըսաւ Յակոբ Բագրատունի

«Մեր Բոլոր Կարելիութիւնները` Հայրենի Իշխանութիւններուն Տրամադրութեան Տակ, Որովհետեւ Մենք Բոլորս Մէկ Նպատակի Նուիրուած Ենք» «Երկիր Մետիա»-ին Ըսաւ Յակոբ Բագրատունի

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութեան ունեցած հանդիպումին լոյսին տակ, Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Երկիր Մետիա» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցաւ հարցազրոյց մը, որուն ընթացքին անդրադարձաւ այդ հանդիպումին մանրամասնութիւններուն, Հայաստան-Լիբանան յարաբերութիւններու եւ տարբեր մարզերու մէջ գործակցութեան ամրապնդման, Երեւանի մէջ Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան վեհաժողովին, ինչպէս նաեւ լիբանանահայութեան ներկայ իրավիճակին: Երեսփոխան Բագրատունի շեշտեց, որ իբրեւ Հայ յեղափոխական...

Page 221 of 365 1 … 220 221 222 … 365

Արխիւներ