Երէկ երեկոյեան ժամը 8:00-ին «Ազդակ»-ի խմբագրատուն այցելեց ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան պատուիրակութիւնը` բաղկացած Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանէ եւ Կեդրոնական վարչութեան անդամներ Վաչէ Նաճարեանէ ու տոքթ. Իշխան Եղիայեանէ: Հանդիպումին մասնակցեցաւ նաեւ ՀՄԸՄ-ի «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի խմբագիր, «Վանայ ձայն»-ի տնօրէն Վիգէն Աւագեան:
ՀՄԸՄ-ի պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցաւ «Ազդակ»-ի տնօրէնութեան, խմբագրակազմին եւ վարչական բաժինի պատասխանատուներուն հետ: Հանդիպման ընթացքին Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան ըսաւ, որ այցելութեան նպատակն է գնահատել «Ազդակ»-ի եւ «Վանայ ձայն»-ի կատարած աշխատանքը` ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակի ձեռնարկներուն պատշաճ լուսաբանութիւնը կատարելու առումով: Նշուեցաւ, որ ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակի նախաձեռնութիւնները ցոյց տուին, թէ այս միութիւնը կը պատկանի համայն հայութեան, եւ այս իրականութիւնը աւելի ցայտուն արտացոլաց, երբ մանաւանդ «Ազդակ»-ի հրապարակումներուն միջոցով ամբողջ սփիւռքահայութիւնը տեղեակ պահուեցաւ 100-ամեակի անցուդարձերէն, եւ նոյնիսկ շատ յաճախ հայրենի մամուլը օգտուեցաւ այդ հրապարակումներէն` օրը-օրին անդրադառնալու համար յոբելենական իրադարձութիւններուն: Յատուկ կերպով խօսեցաւ ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակին նուիրուած «Ազդակ»-ի յաւելուածին մասին, որ բառին իսկական առումով ձեռքէ ձեռք խլուած է Երեւանի մէջ:
Հանդիպման ընթացքին «Ազդակ»-ի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան շեշտը դրաւ այն իրականութեան վրայ, որ ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակի նախաձեռնութիւնները եկան նոր երանգ մը հաղորդելու Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակի նախաձեռնութիւններուն: Շեշտուեցաւ, որ հայ մամուլի պարտականութիւնն է համահայկական իրադարձութիւններուն լուսաբանումը, այս ծիրին մէջ կարեւոր էր լաւագոյնս արձագանգել ՀՄԸՄ-ի 100-ամեայ յոբելեանին առիթով հայրենիքի մէջ տեղի ունեցած բազմաբնոյթ ձեռնարկներուն, որոնք տեղի ունեցան հայրենի իշխանութիւններուն բարձր հովանիին ներքեւ:
Այնուհետեւ, իբրեւ գնահատանք զոյգ լրատուամիջոցներու աշխատանքին, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան 100-ամեակի յուշանուէր յանձնեց «Ազդակ»-ի տնօրէն Շահան Գանտահարեանին եւ «Վանայ ձայն»-ի տնօրէն Վիգէն Աւագեանին` իբրեւ գնահատանք զոյգ լրատուամիջոցներու ընտանիքներուն կատարած լրագրական լուրջ եւ հետեւողական աշխատանքին: