Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Րաֆֆի» մասնաճիւղին, երէկ` ուրբաթ, 17 օգոստոս 2018-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Մհեր Ջուլհաճեանի նահատակութեան 25-ամեակին նուիրուած ձեռնարկ, որուն ընդմէջէն յարգանքի տուրք մատուցուեցաւ իր կեանքը հայրենիքին եւ Արցախի ազատագրութեան սրբազան պայքարին նուիրած օրինակելի միութենական, տիպար դաշնակցական եւ անձնազոհ հայ Մհեր Ջուլհաճեանին, որուն կեանքէն եւ նահատակութենէն տարբեր պատգամներ կը փոխանցուին իրերայաջորդ սերունդներու:
Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Նարեկ Ճեմճեմեան, որ ներկայացուց Մհեր Ջուլհաճեանի կենսագրականը, ազգային, կուսակցական կեանքին մէջ անոր տարած աշխուժ գործունէութիւնը, հայրենիքի ազատագրութեան երազով ապրելու եւ անոր սիրոյն կեանքն իսկ չզլանալու Մհերի պատրաստակամութիւնն ու ընթացքը: Ան հաստատեց, որ գաղափարապաշտ երիտասարդը չկրցաւ անտարբեր մնալ, երբ մարտի դաշտէն կանչեր կը հասնէին բոլորին, իսկ այդ կանչերը մղեցին Մհերը մերժելու խաղաղ կեանքը` ուղղուելու Արցախ, նետուելու կռուի դաշտ, զէնք բարձրացնելու թշնամիին դէմ եւ իր արիւնը շաղախելու հայրենի հողին:
Նարեկ Ճեմճեմեան ըսաւ, թէ Մհերի նահատակութեամբ հպարտացաւ իւրաքանչիւր հայ, անդուլ պայքարի դաշտ նետուելու եւ հայրենի հողին ազատագրութեան համար զոհուելու անոր արարքէն ուժ առին իրերայաջորդ սերունդներ, կազմաւորուեցան նուիրեալ զինուորներ, որոնք պայքարեցան ազատ ու հզօր Հայաստանի ու Արցախի կերտման ի խնդիր:
Ապա ԼԵՄ-ի «Րաֆֆի» մասնաճիւղէն խումբ մը անդամներ ներկայացուցին փունջ մը ազգային հայրենասիրական երգեր:
Անկէ ետք ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը, որ լաւագոյնս ներկայացուց Մհեր Ջուլհաճեանի մասնակցութիւնը արցախեան ազատագրական պայքարին: Նահատակ ընկերոջ մասին վկայութիւններ տուին Յակոբ Բագրատունի, Վիգէն Աւագեան եւ Հարմիկ Յովսէփեան:
Օրուան բանախօսն էր Համբիկ Պիլալեան, որ դիտել տուաւ, թէ Մհեր Ջուլհաճեանի նահատակութեան 25-ամեակին նուիրուած ձեռնարկը կը պարփակէ երկու հիմնական թելադրականութիւն` նախ այն, որ մեր աննման նահատակ Մհեր Ջուլհաճեան հասակ առած էր միութեան ջամբած գաղափարական դաստիարակութեամբ եւ իր եզակի նկարագիրը կերտած` դաշնակցականի երիտասարդական մթնոլորտի հնոցին մէջ, իսկ երկրորդ` ան անդամ եղած էր 45 տարի շարունակ իր երթը յամառօրէն, անվհատ եւ առանց երկմտանքի շարունակող ԼԵՄ-ին:
Ապա ան ծանրացաւ Մհեր Ջուլհաճեանի` 26-ամեայ երիտասարդի կեանքին, մտածումներուն ու ապրելու եղանակին վրայ` հաստատելով, որ ան օժտուած էր «Դէպի երկիր» ճախրելու խայտանքով, եռանդով, ազգային ազատագրական պայքարին իր տիրական մասնակցութիւնը բերելու ներքին մղումով, ուժով, հայրենապաշտութեան բարձր գիտակցութեամբ, հայրենի հողին վրայ ապրելու, ընտանեկան բոյնը կազմելու համոզումով, ժողովուրդին նուիրուելու երկնամերձ երազանքով, որ շնորհուած է քիչերու, անկրկնելիներու, որոնց կարգին էր Մհեր Ջուլհաճեան: «Սասնայ լեռներու տոհմէն սերած տղեկ մըն էր Մհեր, որ իր պատանեկանի եւ երիտասարդականի տարիքը անցուցած է լիբանանահայ գաղութի ծառայութեան մէջ, յատկապէս պատերազմի տարիներուն, երբ շատերու կողքին, եւ անվերապահօրէն կը լծուէր իր խանդն ու ժպիտը, միտքն ու հոգին, հաւատքն ու աշխատանքը շաղախել հայ իրականութեան, յանուն սեփական ժողովուրդի պաշտպանութեան եւ խաղաղ ապրելու իրաւունքին: Իսկ ո՞վ էր այս գլխագիր ՏՂԱՆ, որ երիտասարդ տարիքին երդուեց մաս կազմել ՀՅ Դաշնակցութեան շարքերուն, որպէսզի իր կարգին, Հայ դատի աշխատանքներուն մէջ իր վարակիչ ներկայութիւնը ունենայ, ազնուական հոգին ու գիտական միտքը ներդրէ, կամքը կռանէ, հաւատամքը բիւրեղացնէ եւ եթէ հարկ ըլլայ, իր թանկագինը` կեանքը զոհաբերէ: Ահաւասիկ, վերոնշեալ հասկացողութենէն թելադրուած, այսօր, մենք հաւաքուած ենք երկիւղածօրէն ոգեկոչելու յիշատակը անզուգական երիտասարդի մը, որուն անունն է Մհեր Ջուլհաճեան», յայտնեց բանախօսը: Ապա ան անդրադարձաւ Մհեր Ջուլհաճեանի նահատակութեան պատգամին` դիտել տալով, որ անօրինակ քաջութեամբ, կենդանի շունչով եւ բոցավառ անհատականութեամբ օժտուած նահատակը իր ուրոյն դրոշմը կոթողեց հայ ժողովուրդի ժամանակակից պատմութեան ոսկեայ էջերուն մէջ` ցոյց տալով առասպելական կամքի ու ոգիի բացառիկ գեղեցկութիւն: «Աւելի՛ն. Մհեր Ջուլհաճեանի ստեղծած դպրոցին մաս կրնան կազմել բոլոր անոնք, որոնք Արարատ մը ունին իրենց հոգիին մէջ, բոլոր անոնք, որոնք հիւլէ մը ունին Քրիստափորի տաղանդէն, միւռոն մը` Զաւարեանի սրբութենէն, եւ բջիջ մը` Ռոստոմի դաշնակցականակերտ մեծութենէն», աւելցուց բանախօսը: Ապա ան լուսարձակի տակ առաւ այն տուեալները, որոնք կերտած են նման երիտասարդ մը` նշելով, որ ազգասէր ծնողքը, հայկական վարժարանը, հայաշունչ ակումբն եւ հայատրոփ միջավայրը իրենց մեծ ու հիմնական դերակատարութիւնը ունեցան:
Համբիկ Պիլալեան տարբեր անձերէ վկայութիւններ մէջբերելով անդրադարձաւ Մհեր Ջուլհաճեանին` իբրեւ դաշնակցական վարիչի, մարդու եւ դաշնակցականի: Անկէ ետք խօսեցաւ անոր Հայաստան ուղղուելուն` «Դէպի երկիր» պատմական ու դաշնակցականավայել մտածումին, հրաւէրին, կոչին անսալով, հաւատալով ներքին վեհափառ ձայնին, տէրը ըլլալով իր ստացած ջինջ դաստիարակութեան, ականջալուր` գաղափարի մարտիկներու արեան կանչին ու պատգամին: «Փաստօրէն, Հայաստանի վերանկախացումն ու Արցախի ազատագրական պայքարը հանդիսացան այն պատուանդանը, որուն վրայ քաջաբար ու առանց դոյզն երկմտանքի ուզեց իր անունը փորագրել գաղափարապաշտ մեր տղան` ապացուցելով իր կազմաւորման մեծութիւնն ու նախնեաց հանդէպ ունեցած սիրոյ ու յարգանքի բացառիկ իւրայատկութիւնը», աւելցուց ան:
«Չափազանցած չենք ըլլար, եթէ կրկնենք, որ Մհերի հայրենապաշտութիւնը ինքնին դպրոց մըն է, չհինցող, չմաշող, ժամանակի թաւալքին տոկացող եւ ազգ մը ամբողջ դէպի յաւերժութիւն ու յաղթանակ առաջնորդող», հաստատեց բանախօսը, որ նաեւ խօսեցաւ անոր գրած նամակներուն եւ արտայայտած գաղափարներուն մասին, ուր տիրական է երիտասարդներուն վարքագիծին նկատմամբ մտահոգութիւնը, իր շուրջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններով հետաքրքրուածութիւնը, Հայաստանի թէ Արցախի մէջ գոյութիւն ունեցող ընկերային, տնտեսական, քաղաքական թէ դաստիարակչական հարցերը:
Ապա խօսքը Մհեր Ջուլհաճեանին ուղղելով` Համբիկ Պիլալեան ըսաւ. «25 տարի է դուն բացակայ ես մեր շրջապատէն, տունէն, ընտանիքէն եւ պաշտած միջավայրէդ: Բացակայ ես մարմնովդ, սակայն կենդանի ես քու բացառիկ տիպարովդ: Դուն, իբրեւ գաղափարի զինուոր, ստեղծեցիր քու կեանքի ճանապարհը եւ հպարտօրէն քալեցիր այդ ճամբէն: Դուն եղար նոր օրերու վիպապաշտ տղան, որ գիտէ իր սեփական հեքիաթը հիւսել եւ ատով ապրիլ յաւիտեան: Դուն քու խանդավառ հայրենասիրութեամբդ վարակեցիր շրջապատդ եւ ճախրեցիր դէպի Երկիր, հայոց աստուածներու բնօրրան` հոն կառուցելու երազանքիդ բոյնը: Դուն տեսար վեհափառ Արարատը, հրճուեցար անոր գագաթին վառուող կանթեղով եւ ուզեցիր մաս կազմել անոր ճառագայթներուն: Դուն եղար տիպար դաստիարակ, որ խօսքը գործի վերածեց, գաղափարը` շունչի, մտածումը` ամէնօրեայ աշխատանքի, կեանքը` գիտակցական արժէքի: Դուն կրցար քու հաւատարմութեամբդ կամրջել հոգիները, քով-քովի բերել թոյլ կամքերը, իրարու շաղկապել անցեալի ու ներկայի ֆետայական հերոսութիւնը: Դուն կեանքովդ ցոյց տուիր սիրոյ, յարգանքի եւ երախտագիտութեան այնպիսի բարձունք, որուն ձգտելու յանձնառութեամբ զինուած կ՛ըլլան բոլոր անոնք, որոնք ունին գաղափարապաշտի քու տեսակդ: Դուն մեր կենդանի քարոզիչն ես, ու պիտի մնաս իբրեւ այդպիսին»: Բանախօսը հաստատեց, որ Մհեր պիտի մնայ բոլորիս ու յատկապէս դաշնակցական երիտասարդութեան կողմնացոյցը, որպէսզի մեր դժուարին օրերուն, խարխափումի ատեն, տկար ու խեղճացած պահերուն, թուլացած կամքի, անտարբեր վիճակներու թէ բարոյալքուած ժամերուն, ան կանգնի մեր կողքին, զգաստութեան հրաւիրէ բոլորը, տէր ըլլայ մեր ճակատագիրին եւ մեզ առաջնորդէ դէպի ապահով հայրենիք:
Իր խօսքին վերջին բաժինով պատգամ ուղղելով ԼԵՄ-ականներուն, դաշնակցական ուսանողներուն` Հ. Պիլալեան ըսաւ, որ անոնք պէտք է իրենց քաղաքակիրթ ու գաղափարական կեցուածքով, գիտական միտքով եւ յանձնառութեամբ տէր կանգնին դաշնակցական նահատակ հերոսներու փառքին, հպարտօրէն եւ նախանձախնդիր ոգիով զգաստութեան հրաւիրեն բոլոր մոլորածներն ու հակադաշնակցական մոլուցքով տարուածները` դիտել տալով, որ Մհերներու ուսմունքը չ՛արտօներ մեզի ըլլալ դաւաճաններ ու ապազգային մարդուկներ:
«Մհերն ու մեր նահատակ ընկերները, եթէ երբեք ունին պատասխան, այդ ալ` իրենց դաշնակցականի երդումն է, անտեղիտալի ու անսակարկելի: Դաշնակցականի երդում, որ այս օրերուս, ցաւօք սրտի, շատերու համար եղած է զբօսանք, առեւտուրի միջոց, անձնական կիրքեր յագեցնող կրկէս:
«Մենք պիտի յիշենք ձեզ, պիտի ապրինք ձեզմով, պիտի ներշնչուինք ձեր սուրբ արարքով, պիտի ոգեւորուինք ձեր գաղափարականի բարձունքով ու պիտի երդուենք հաւատարիմ մնալու ձեր ձայնին, կանչին ու հաւատամքին: Կ՛ուխտենք միշտ բարձր պահել ձեր անունն ու սխրանքը, հակառակ ներքին ու արտաքին բազմաթիւ ու այլազան դժուարութիւններու, մտահոգութիւններու եւ մարտահրաւէրներու:
«Սիրելի՛ Մհեր, հաւատացողն ենք, որ ԼԵՄ-ի ընկերներն ու ընկերուհիները, նաեւ մենք` բոլորս պիտի շարունակենք տիրութիւն ընել մեր դաշնակցականի կոչումին, յիշել ու յիշեցնել, թէ պիտի չմոռնանք սուր նայուածքդ, որ մեզ միշտ զգաստութեան պիտի հրաւիրէ, պիտի չմոռնանք սխրանքիդ մեծութիւնը, որ մեզի պատուախնդրութիւն պիտի սորվեցնէ, պիտի չմոռնանք դաշնակցական երդումիդ տէր կանգնելու հզօր ուժդ, որ մեզ միշտ ամուր պիտի պահէ», եզրափակեց Համբիկ Պիլալեան:
Աւարտին յուշանուէր մը յանձնուեցաւ Մհեր Ջուլհաճեանի ընտանիքին: Ձեռնարկը փակուեցաւ Վիգէն Տիշչէքէնեանի կողմէ մեկնաբանուած Մհերի, Արցախի եւ բոլոր նահատակներուն նուիրուած երգերով` երգեհոնի ընկերակցութեամբ Սեդօ Պաղտասարեանին: