Անցնող երկու օրերու ընթացքին, երկու առիթներով, Քաղաքացիական պայմանագիր կուսակցութեան երեսփոխանները` Ալեն Սիմոնեան, Լենա Նազարեան եւ Հրաչեայ Յակոբեան, այցելեցին Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ խորհրդակցութիւններ ունեցան Հայաստանի ներկայ կացութեան առնչուած հարցերու շուրջ:
Պատուիրակութիւնը վեհափառ հայրապետին փոխանցեց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ողջոյններն ու բարեմաղթութիւնները: Վեհափառ հայրապետը իր կարգին անգամ մը եւս ողջունեց Նիկոլ Փաշինեանի կատարած աշխատանքը` Հայաստանի մէջ օրէնքի գերիշխանութիւնը հաստատող եւ ժողովուրդին կենսամակարդակը բարձրացնող: Միաժամանակ ան անդրադարձաւ Հայաստանի եւ սփիւռքի գործակցութեան կենսական կարեւորութեան` շեշտելով սփիւռքի առանցքային դերը Հայաստանի եւ Արցախի առաւել ծաղկման եւ հզօրացման աշխատանքներուն մէջ: