9 oգոստոսին Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան ընդունած է ճանաչողական այցելութեամբ Ֆրանսայէն Արցախ եկած ՀՅԴ «Նոր սերունդ» երիտասարդական միութեան անդամները: Հանդիպումին մասնակցած է նաեւ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէին անդամ Վահագն Դադայեան:
Հանդիպումի ընթացքին արտաքին գործոց նախարարը հիւրերուն ներկայացուցած է Արցախի արտաքին քաղաքականութեան հիմնական ուղղութիւնները և առաջնահերթ խնդիրները, ինչպէս նաև ազրպէյճանա-ղարաբաղեան տագնապի լուծման շուրջ Արցախի դիրքորոշումը:
Արցախի արտաքին գործոց նախարարը պատասխանած է նաեւ հիւրերու հարցումներուն: