Սփիւռքի Նախարարը Հանդիպում Ունեցաւ Լիբանանի Հայ Համայնքի Մշակութային Կառոյցներու Ղեկավարներու Եւ Ներկայացուցիչներու Հետ
Երէկ` կիրակի, 23 սեպտեմբեր 2018-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան մէջ սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի հայ համայնքի կրթական եւ մշակութային կառոյցներու ղեկավարներու եւ ներկայացուցիչներու հետ: Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան: Ան ըսաւ. «Մեզի համար ուրախութեան եւ հպարտութեան առիթ է Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան...




















