Հաղորդագրութիւն. Յարգանքի Եւ Գնահատանքի Յուշանուէրներու Յանձնում
Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը Համազգայինի 90-ամեակին առիթով պատրաստուած յատուկ յուշանուէրներ յանձնեց Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Ա. վարչապետ Յովհաննէս Քաջազնունիի ծոռան` Քսենիա Օրլովային եւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան վարչապետ, Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան (օրին` ընկերակցութեան) հիմնադիր` Համօ Օհանջանեանի թոռան` Էլիզավետա Օհանջանեան-Մեհրապեանին: Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը յուշանուէրներ յանձնեց նաեւ «Նայիրի» բառարաններու գաղափարը մտայղացող եւ զայն իրագործող, ֆորումական (2001) Սէրուժ Ուրիշեանին, եւ այս վերջինին ձեռամբ`...


















