Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սփիւռքի Նախարարը Հանդիպում Ունեցաւ Լիբանանի Հայ Համայնքի Մշակութային Կառոյցներու Ղեկավարներու Եւ Ներկայացուցիչներու Հետ

September 24, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` կիրակի, 23 սեպտեմբեր 2018-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան մէջ սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի հայ համայնքի կրթական եւ մշակութային կառոյցներու ղեկավարներու եւ ներկայացուցիչներու հետ:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան: Ան ըսաւ. «Մեզի համար ուրախութեան եւ հպարտութեան առիթ է Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան մէջ հիւրընկալելու Հայաստանի Հանրապետութեան  սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեանը, որ վերջերս ստանձնած է այս կարեւոր պաշտօնը: Սփիւռքի նախարարի առաջին այցելութիւնն է Լիբանան եւ առաջին անմիջական ծանօթութիւնը Լիբանանի հայ համայնքի անդամներուն եւ ներկայացուցիչներուն հետ, բայց վստահ ենք , որ այցելութիւնները գալիքին աւելի յաճախակի կ՛ըլլան եւ առարկայական»:

Այնուհետեւ խօսք առաւ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան, որ ըսաւ. «Ուրախ եմ ձեզ տեսնելու Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան մէջ. սեպտեմբեր 20-ին ես աշխատանքային այցելութեամբ ժամանեցի Սուրիա` սեպտեմբեր 21-ին Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 27-րդ տարեդարձը Հալէպի մէջ հալէպահայութեան հետ տօնելու նպատակով: Հասկնալի պատճառներով 2011 թուականէն ի վեր Հայաստանի Հանրապետութիւնը ներկայացնող ոեւէ պաշտօնեայ չէր եղած Հալէպ: Ուրեմն սփիւռքի նախարարը կոտրեց սառոյցը եւ յաջողութեամբ այցելեց Հալէպ ու չափազանց կարեւոր տօնը նշեց հալէպահայութեան հետ միասին: Յաջորդ օրը ես ժամանեցի հայկական սփիւռքի մայր գաղութներէն մէկը` Լիբանան, ցաւօք սրտի երկօրեայ այցելութեամբ, որովհետեւ վաղը պաշտօնական այցելութեամբ պէտք է մեկնիմ Եգիպտոս»: Ան նշեց, որ այցելութիւնը չափազանց կարճ էր` թէ՛ Սուրիոյ, թէ՛ Լիբանանի մէջ հասկնալու խնդիրները, համայնքային գործիչներու հետ ծանօթանալու, ուղղակի ներկայացուցիչներու հետ շփուելու համար, սակայն առաջին քայլը արդէն առնուած է: Ան նշեց, թէ եկած է ծանօթանալու, պատկերացումներով կիսուելու, կարիքները լսելու, որովհետեւ համայնքի կարիքներուն հիման վրայ պիտի մշակուին քաղաքականութիւնները եւ ռազմավարութիւնը` Հայաստանի եւ սփիւռքի միջեւ կապի առողջացման, կապի ամրապնդման համար: Ան յայտնեց, որ այցելութիւնները եւ հանդիպումները յաճախակի պիտի ըլլան: Ապա Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան, Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովուրդին անունով Մխիթար Հայրապետեան սրտանց շնորհաւորեց ներկաները Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման 27-ամեակին առիթով եւ ըսաւ. «Ունենալով հազարամեայ պատմութիւն` հայ ժողովուրդը ունի երիտասարդ հանրապետութիւն, որ դարձաւ 27 տարեկան: Իբրեւ սփիւռքի նախարար խորհրդանշական է ինծի համար Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ տօնել այս տօնը: Կ՛ուզեմ ըսել, թէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը իր անկախութիւնը բոլորովին նոր իրականութեան մէջ կը նշէ, եւ անիկա ալ աւելի իմաստաւորուած է ապրիլին ու մայիսին տեղի ունեցած Թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք, որովհետեւ նոր Հայաստանի մէջ մենք ունինք բոլորովին այլ իրականութիւն. մեր հասարակութիւնը, մեր ժողովուրդը վերագտած է իր սեփական արժանապատուութիւնը եւ վստահութիւնը: Մեզի հետ բերած ենք այն ջերմութիւնը, հարազատութիւնը եւ այն ժպիտները հայաստանցիներու դէմքին եւ այն յոյսն ու հաւատը լեցուած ապագային եւ ներկային նկատմամբ: Շնորհակալ եմ, որ ժամանակ գտաք հանդիպելու ինծի հետ»:

Խօսքի աւարտին ան անմիջական առանձնազրոյցներ ունեցաւ մշակութային կառոյցներու ղեկավարներուն եւ ներկայացուցիչներուն հետ:

 

 

Նախորդը

Բազմավաստակ Ուսուցիչ, Տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեանը Պարգեւատրուեցաւ Սփիւռքի Նախարարութեան Ոսկիէ Մետալով

Յաջորդը

Նախարար Հայրապետեանի Հանդիպումը Աւետարանական Համայնքի Ներկայացուցիչներուն Հետ

RelatedPosts

Գաղութային

January 31, 2026
39 Տարի Առաջ, Այսօր.  Դաշնակցութեան Նուիրեալներ Զոհ Կ՛երթան Անարգ Ոճիրի Մը
Գաղութային

31 Յունուար 1986-ի Նահատակները, Ու Պայքարը Կը Շարունակուի

January 31, 2026
«Ազդակ»-ի 83-րդ Առցանց Լսարան.  Արցախի Վերջին Պատերազմը. Ծալքեր,  Պատճառներ, Արդիւնքներ
Գաղութային

«Ազդակ»-ի 83-րդ Առցանց Լսարան. Արցախի Վերջին Պատերազմը. Ծալքեր, Պատճառներ, Արդիւնքներ

January 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.