Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան վերականգնման 27-րդ տարեդարձին առիթով Հալէպի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոսութիւնը կազմակերպած էր ընդունելութիւն, որուն ներկայ էին Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան, Պաաս կուսակցութեան Հալէպի մասնաճիւղի քարտուղար Ֆատըլ Նաճար եւ Հալէպի նահանգապետ Հիւսէյն Տիապ: «Հաերն այսօր»-ի փոխանցումով, այս մասին կը գրէ Հալէպի «Ճամահիր» կայքը:
Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան իր գոհունակութիւնը յայտնած է ձեռնարկին մասնակելու համար` ընդգծելով, որ Սուրիոյ եւ Հայաստանի ժողովուրդները Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ ենթարկուած են նոյն ահաբեկչութեան, թալանին, ցեղասպանութեան: Սակայն այսօր ամուր կառչած են իրենց հողին եւ պիտի կառուցեն իրենց երկիրը:
Հալէպի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոս Արմէն Սարգսեան նշած է, որ հայերը, թուրքի եաթաղանէն մազապուրծ ըլլալով, ապաստան գտած են Սուրիոյ մէջ, եւ այսօր անոնք Սուրիոյ ժողովուրդի անբաժան մասը կը կազմեն: Դոկտ. Հուրի Ազէզեան նշած է, որ այսօրուան տօնակատարութիւնը կը փաստէ երկու ժողովուրդներու փոխյարաբերութիւններու ամրութիւնը:
Հալէպի Հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Պետրոս արք. Միրիաթեան իր խօսքին մէջ ընդգծած է, որ երկու ժողովուրդները մէկ պատմութիւն եւ ճակատագիր ունին:
Սուրիոյ Հայ աւետարանական համայնքի նախագահ վեր. Յարութիւն Սէլիմեան իր կարգին նշած է, որ իրենք Սուրիոյ քաղաքացի են, պիտի մնան ու կառուցեն այդ երկիրը` կոչ ուղղելով պատերազմի պատճառով արտագաղթած սուրիահայերուն վերադառնալու եւ աջակցելու վերակառուցման աշխատանքներուն:
Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան դիտել տուած է, որ Սուրիոյ եւ Հայաստանի միջեւ ձեւաւորուած յարաբերութիւններու խորութեան շնորհիւ է, որ կրցան յաղթահարել դժուարութիւններն ու դիմակայել ահաբեկչութեան: Սրբազան հայրը աւելցուցած է նաեւ, որ հայերը չհեռացան, շարունակեցին ապրիլ երկրին մէջ եւ պայքարիլ բոլոր տեսակի ահաբեկչութիւններուն դէմ:
Աւելցնենք, որ սոյն ընդունելութեան կը մասնակցէին նաեւ Սուրիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Արշակ Փոլատեան, Հալէպի համալսարանի Պաաս կուսակցութեան քարտուղար Իպրահիմ Հատիտ, համալսարանի տնօրէն Մուսթաֆա Էֆիունի, կուսակցութեան մասնաճիւղի անդամ Ապտուլլահ Հանիշ, քրիստոնեայ թեմերու առաջնորդներ, ժողովրդական, տնտեսական եւ պաշտօնական շրջանակներու շարք մը ներկայացուցիչներ:



