Կիմ Գաբրիէլեանը Վերընտրուեցաւ Արցախի Լրագրողներու Միութեան Նախագահ
Շաբաթ, 29 սեպտեմբերին, Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցաւ Արցախի լրագրողներու միութեան 5-րդ համագումարը: «Արցախփրես» կը հաղորդէ, որ համագումարին օրակարգային հարցերը կը վերաբերէին Արցախի լրագրողներու միութեան կանոնադրութեան մէջ լրացումներ կատարելուն, վարչութեան կատարած աշխատանքին եւ վերստուգիչ յանձնախումբի նախագահի հաշուետուութիւններուն, վարչութեան նախագահի, անդամներուն եւ վերստուգիչ յանձնախումբի ընտրութիւններուն: Բացման խօսքով անցած 5 տարիներու ընթացքին կատարուած աշխատանքներուն վերաբերեալ հաշուետուութեամբ հանդէս եկաւ միութեան նախագահ Կիմ Գաբրիէլեան: Համագումարի...




















