Համաձայն վերջին տարիներուն տեղի ունեցած ուսումնասիրութիւններուն, ժամանակակից հոգեբաններու եւ մանկավարժներու մեծամասնութիւնը կը հաւատայ, թէ տեսողական գործօնը շատ աւելի ներազդեցիկ, տպաւորիչ եւ ուսուցողական է, քան` լսողականը: Ահա թէ ինչո՛ւ մեր օրերուն բացառիկ կարեւորութիւն կը տրուի կերպարուեստի ցուցահանդէսներուն` ըլլան անոնք առեւտրական, քաղաքական, ընկերային, մշակութային կամ այլ: Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութիւնը իր կարգին կը շարունակէ կարեւոր նկատել տեսողական արուեստի գեղագիտական ուժը եւ յառաջ կը մղէ բազմաթիւ ժողովուրդներու մշակութային հանդիպման եւ զարգացման հոլովոյթը: Անցնող դարու սկիզբին մեծ տարողութեամբ ստեղծագործ մտքի ներհոսք տեղի ունեցաւ դէպի «Լոյսի քաղաքը», որ ժամանակի ընթացքին դարձաւ ազգային արուեստներու հանդիպման, բարգաւաճման ու ներշնչման կեդրոն:
Այս առումով հինգշաբթի, 13 սեպտեմբերի երեկոյեան Զալքայի «Նոազ Արք» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցած ցուցահանդէսը իր տեսակին մէջ ո՛չ միայն բացառիկ յաջողութիւն արձանագրեց, այլեւ միաժամանակ երեք մշակոյթներու (ֆրանսական, հայկական եւ լիբանանեան) մշակոյթներու հանդիպման վկան հանդիսացաւ:
Տրուած ըլլալով, որ «Նոազ Արք» ցուցասրահը վերջին տարիներուն առաւելաբար միջազգային ցուցահանդէսներու կը մասնակցի եւ շատ քիչ պարագաներու միայն արուեստասէր հանրութեան կը ներկայանայ Լիբանանի մէջ, ֆրանսական եւ հայկական զոյգ դեսպանատուներու բարձր հովանաւորութիւնը վայելող այս գեղանկարչական ձեռնարկը ներկաներուն համար առիթ մը եղաւ ըմբոշխնելու ֆրանսահայ բարձրորակ արուեստը: Ներկայացուած են տարբեր սերունդներու պատկանող ականաւոր եւ միջազգայնօրէն գնահատուած հինգ գեղանկարիչներ` Էտկար Շահին, Գառզու, Ժանսէմ, Շարթ եւ Ասատուր: Թէ՛ մշակութային եւ թէ՛ ազգային քաղաքական տեսանկիւնէ դիտուած, այս ձեռնարկը եղաւ եռակողմանիօրէն խիստ շահեկան ցուցահանդէս մը, որուն ներկայ էին Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշէ, Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, Հայաստանի հիւպատոս Լէոնար Հաճեան, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ այլ քաղաքական գործիչներ, պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ, հոգեւոր հայրեր եւ արուեստասէրներու հոծ բազմութիւն մը:
«Նոազ Արք»-ի Հիւսիսային Ամերիկայի նեկայացուցիչ Հերակ Հերկելեան իր բացման խօսքին մէջ շեշտը դրաւ նախ եւ առաջ ֆրանսերէնի դերին վրայ, որ կը միաւորէ տարբեր ազգեր, հետեւաբար` տարբեր մշակոյթներ կրող ժողովուրդներ: Ըստ Հերկելեանի, ցուցահանդէսին ներկայացուած ֆրանսահայ գեղանկարիչները նոյնպէս կը դրսեւորեն ե՛ւ Ֆրանսայի բարձր մշակութային հարստութիւնը, ե՛ւ հայութեան 20-րդ դարուն ապրած տարագրութիւնն ու տառապանքները` Ցեղասպանութենէն մինչեւ նոր գաղութներու հաստատումն ու անոր կրած դժուարութիւնները:
Հերակ Հերկելեան նաեւ նշեց Լիբանանի դերը ֆրանսախօսութեան ծիրին մէջ` յիշեցնելով, թէ գտնուած ըլլալով արեւելեան եւ արեւմտեան քաղաքակրթութեան հանդիպման քառուղիին վրայ, Լիբանան հրաշալի վայր կը հանդիսանայ տարբեր մշակոյթներու համակեցութեան ու փոխազդեցութեան` ընդգծելով այն փաստը, թէ ֆրանսահայ գեղանկարիչներուն մէկ մասը ծնած եւ մեծցած է Լիբանանի մէջ, իսկ մնացածն ալ պարբերաբար այցելելով ներշնչուած է այս երկրէն:
Ապա խօսք առաւ Ֆրանսայի դեսպան Պրիւնօ Ֆուշէն, որ իր կարգին երախտագիտութիւն յայտնեց հայերուն (Ֆրանսա, Լիբանան թէ այլուր)` Ֆրանսայի պատմութեան եւ առհասարակ մշակութային կեանքին մէջ իրենց բերած նպաստին համար` իբրեւ փաստ նկատելով այս ցուցահանդէսը: Ան վերյիշեց հայ-ֆրանսական սերտ կապերը եւ խանդավառութիւն յայտնեց առաւել եւս զարգացնելու զանոնք բոլոր ոլորտներուն մէջ:
Իր սրտի խօսքը ուղղեց նաեւ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, որ մեծ խանդավառութեամբ արտայայտուեցաւ հոկտեմբերին Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք Ֆրանսախօսութեան վեհաժողովին մասին եւ վստահեցուց , որ ասիկա իւրայատուկ առիթ մը պիտի հանդիսանայ ֆրանսախօս ժողովուրդներու համախմբումին եւ համագործակցութեան համար: Մկրտչեան խօսեցաւ ֆրանսահայ նկարիչներու մասին` իբրեւ լաւագոյն օրինակ մշակոյթի միջոցով երկու ժողովուրդները միաւորող կապի: Ապա նշեց նաեւ, որ պարագաներու բերումով Փարիզի մէջ ուսանած, ապրած ու ֆրանսական եւ առհասարակ եւրոպական մշակոյթէն ներշնչուած հայեր մեզի պարգեւեցին իւրայատուկ ստեղծագործութիւններ, որոնք բոլորիս հիացնելու եւ հպարտանալու առիթ կը հանդիսանան:
Այս ցուցահանդէսով «Նոազ Արք» անգամ մը եւս կը հաստատէ արուեստի նկատմամբ իր մասնագիտական մօտեցումն ու ցուցասրահը արուեստի տաճարի վերածելու ձգտումը:
Ցուցահանդէսը պիտի շարունակուի մինչեւ 27 սեպտեմբեր, ամէն օր կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00: