Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բազմավաստակ Ուսուցիչ, Տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեանը Պարգեւատրուեցաւ Սփիւռքի Նախարարութեան Ոսկիէ Մետալով

Սեպտեմբեր 24, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուրբաթ, 21 սեպտեմբեր 2018-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան մէջ տեղի ունեցաւ բազմավաստակ ուսուցիչ, տնօրէն, մտաւորական եւ հասարակական գործիչ Տիգրան Ճինպաշեանի պարգեւատրումը Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան ոսկիէ մետալով:

Այս առիթով Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան ըսաւ. «Այսօր նշանակալից առիթով հաւաքուած ենք, որպէսզի մեր երախտագիտութիւնը յայտնենք Տիգրան Ճինպաշեանին իր շատ երկարատեւ,  նուիրեալ ու ազգանուէր գործունէութեան համար եւ այդ երախտագիտութիւնը կը յայտնենք շնորհակալութեան տեսքով` Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան ոսկիէ մետալի տեսքով: Այն ուղին, որ անցած է Տիգրան Ճինպաշեանը իրօք օրինակելի է եւ բոլոր առումներով գնահատելի, որովհետեւ հայ ժողովուրդին մատուցուած ծառայութիւնը յատկապէս կրթական օճախին մէջ, միանշանակ գնահատելի եւ ընդօրինակման արժանի է: Այդ նուիրումը մեր բոլորին համար ոգեւորիչ հանգամանք է եւ նաեւ ուղղորդող: Խորհրդանշական է, որ մետալի յանձնումը տեղի կ՛ունենայ Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախութեան 27-րդ տարեդարձին օրը: Կը կարծեմ, որ այս պատահականութիւնը շատ մեծ խորհուրդ կը պարունակէ, որով կ՛ընդգծուի Տիգրան Ճինպաշեանի առաքելութեան կարեւորութիւնը եւ մեծութիւնը ո՛չ միայն սփիւռքի հայապահպանութեան գործին մէջ, այլ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան պետականութեան ամրապնդման մեր բոլորի ջանքերուն տեսանկիւնէն»: Իր խօսքի աւարտին ան շնորհաւորեց Տիգրան Ճինպաշեանը եւ ըսաւ. «Կը շնորհաւորեմ այս փոքր գնահատանքի համար այն մեծ աշխատանքի վաստակին, որ իրականացուցած էք  ամբողջ կեանքի ընթացքին: Ձեր օրինակը մեզի պիտի առաջնորդէ մեր գործունէութեան եւ ապագայ ձեռնարկումներուն մէջ»: Այնուհետեւ դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան ոսկիէ մետալը յանձնեց Տիգրան Ճինպաշեանին:

Իր կարգին, Տիգրան Ճինպաշեան շնորհաւորեց բոլոր ներկաները Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման 27-ամեակին առիթով եւ ըսաւ. «Իրապէս խորհրդանշական է, որ երկար ձգձգումներէ ետք մետալը տրուի Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման օրը, որովհետեւ իմ անցած կեանքիս ընթացքին Հայաստանը այս կամ այն ձեւով միշտ ներկայութիւն եղած է: Այն, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնն է, որ այսօր կը պարգեւատրէ զիս, անիկա մեծ պատիւ եւ մեծ գնահատանք է»: Ան նշեց, որ երկարատեւ գործունէութեան ընթացքին զանազան պաշտօններ եւ գործեր ունեցած է, բայց այդ բոլորին մէջ ամէնէն աւելի հիմնականը եւ ամէնէն աւելի կարեւորը կրթական ասպարէզն է, ուսուցչութիւնն է, որ սկսած է շատ երիտասարդ տարիքին` 1965 թուականին եւ շարունակած մինչեւ այսօր:

Տիգրան Ճինպաշեան նշեց նաեւ, որ կրթական գործին մէջ հարթ շարունակութիւն չէ ունեցած, որովհետեւ սկսած է դասաւանդել գիտական նիւթերով, բայց իբրեւ տնօրէն երբ հրաւիրուած է Քուէյթ` չգտնելով յարմար մէկը, որ հայոց պատմութիւն եւ հայ գրականութիւն դասաւանդէ, դարձած է հայ գրականութեան ուսուցիչ: Եւ անկէ ետք միշտ մնացած է հասարակական  գիծը, հայ քաղաքացիական կրթութիւնը, իսկ  վերջին տարիներուն Անթիլիասի հայագիտական ուսման կեդրոնին մէջ հայոց նորագոյն պատմութիւն դասաւանդած է: Ան ըսաւ. «17-18 տարի Լիբանանէն դուրս եղած եմ, բայց ինծի համար միշտ ներկայութիւն եղած է ճեմարանը, Հայ ճեմարանը ինչպէս ես կը սիրեմ կոչել, Լեւոն Շանթի, Նիկոլ Աղբալեանի եւ ուրիշներու հիմնած Հայ ճեմարանը, որուն հիմնական առաքելութիւնը եղած է սփիւռքի հայութեան համար պատրաստել գիտակից, պատրաստուած մտաւորական տարրեր, որոնք կարենան սփիւռքի ղեկավարումը ստանձնել: Այս շքանշանները ընդհանրապէս ասպարէզի մը աւարտը կը նշեն, բայց եւ այնպէս պարտաւորեցնող է, որովհետեւ եթէ քեզ կը գնահատեն, կը նշանակէ բան մը տուեր ես եւ նաեւ ունեցած փորձառութեամբդ տակաւին տալիք կրնաս ունենալ եւ այդ տալիքը ես կը խոստանամ, որ պէտք է շարունակեմ տալ մինչեւ մահ»:

Ձեռնարկի աւարտին բոլոր ներկաները շնորհաւորեցին Տիգրան Ճինպաշեանը եւ իրենց մաղթանքները յայտնեցին անոր:

Նախորդը

Սփիւռքի Նախարարը Այցելեց Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան

Յաջորդը

Սփիւռքի Նախարարը Հանդիպում Ունեցաւ Լիբանանի Հայ Համայնքի Մշակութային Կառոյցներու Ղեկավարներու Եւ Ներկայացուցիչներու Հետ

RelatedPosts

Լիբանանահայութիւնը Մայիսեան Փառատօնին  Ընդմէջէն Վճռեց Հաւատարիմ Մնալ Պետականութեան Արժէքներուն Եւ Յաղթահարել Այսօրուան Վիճակը
Գաղութային

Լիբանանահայութիւնը Մայիսեան Փառատօնին Ընդմէջէն Վճռեց Հաւատարիմ Մնալ Պետականութեան Արժէքներուն Եւ Յաղթահարել Այսօրուան Վիճակը

Մայիս 30, 2023
Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Ազգային Շահերուն  Եւ Պետական Շահերուն Միջեւ Բաժանման  Գիծեր Հաստատելը Խոտոր  Կը Համեմատի Մեր Պատսութեան»
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Ազգային Շահերուն Եւ Պետական Շահերուն Միջեւ Բաժանման Գիծեր Հաստատելը Խոտոր Կը Համեմատի Մեր Պատսութեան»

Մայիս 30, 2023
«Մենք Պարտաւո՛ր Ենք Յարգելու Անկախութեան  Հռչակագիրը Եւ Ատով Իսկ Վերակերտելու Մայիս 28-եան  Աւանդներուն Հարազատ Ազգային Պետականութիւն»  Շահան Գանտահարեան
Գաղութային

«Մենք Պարտաւո՛ր Ենք Յարգելու Անկախութեան Հռչակագիրը Եւ Ատով Իսկ Վերակերտելու Մայիս 28-եան Աւանդներուն Հարազատ Ազգային Պետականութիւն» Շահան Գանտահարեան

Մայիս 30, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In