Գաղութային

Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ Մէջ.  Քահանայական Ձեռնադրութիւն  Եւ Օծում` Ձեռամբ Մեղրիկ Եպս. Բարիքեանի

Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ Մէջ. Քահանայական Ձեռնադրութիւն Եւ Օծում` Ձեռամբ Մեղրիկ Եպս. Բարիքեանի

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքէն շրջանաւարտ Սարգիս սրկ. Աճեմեան կիրակի, 7 հոկտեմբեր 2018-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ քահանայ ձեռնադրուեցաւ ձեռամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբան Մեղրիկ եպս. Բարիքեանի` ցնծութիւն պատճառելով հաւատացեալ ժողովուրդին: Շաբաթ օր տեղի ունեցաւ Սարգիս սարկաւագին կոչման արարողութիւնը` յետ երեկոյեան ժամերգութեան: Քահանայական ձեռնադրութեան խարտաւիլակն էր Օշին աբղյ. Չուալերթանեան: Կիրակի օր եպիսկոպոսական հանդիսաւոր պատարագ մատուցեց Մեղրիկ եպս. Բարիքեան:...

Ազնաւուրեան Յուզիչ Մթնոլորտ`  Պուրճ Համուտի Հրապարակին Վրայ

Ազնաւուրեան Յուզիչ Մթնոլորտ` Պուրճ Համուտի Հրապարակին Վրայ

Անցնող 3-4 օրերուն Պուրճ Համուտի հրապարակին վրայ եւ քաղաքի զանազան թաղամասերու շէնքերուն տեղադրուած էին համաշխարհային երգիչ Շարլ Ազնաւուրի պատկերները: Յատկանշական էր նաեւ, որ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի հրապարակին վրայ Շարլ Ազնաւուրի վերջին հրաժեշտի եւ յուղարկաւորութեան օրերուն սփռուեցան ազնաւուրեան երգեր:  

Հաղորդագրութիւն. «ՀՄԸՄ-ի Եկամտաբեր Հիմնադրամ»-ի Մեկնարկ` Եղբայր Ժիրայր Եւ Քոյր Սրբուկ  Սարգիսեաններու Նուիրատուութեամբ

Հաղորդագրութիւն. «ՀՄԸՄ-ի Եկամտաբեր Հիմնադրամ»-ի Մեկնարկ` Եղբայր Ժիրայր Եւ Քոյր Սրբուկ Սարգիսեաններու Նուիրատուութեամբ

ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակի տօնակատարութիւններուն ծիրին մէջ, յուլիս 2018-ին ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը Միացեալ Նահանգներուն մէջ հաստատեց նախապէս ծրագրուած, ՀՄԸՄ-ի յաջորդական պատգամաւորական ժողովներու կողմէ հետապնդուած, սակայն ցարդ չիրականացած «ՀՄԸՄ-ի եկամտաբեր հիմնադրամ»-ը (Endowment Fund): Եղբայր Ժիրայր եւ քոյր Սրբուկ Սարգիսեաններ, որոնք իրենց միութենական մեծ վաստակի կողքին, մնայուն կերպով նեցուկ կանգնած են ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւններու զանազան ծրագիրներուն, 50.000 ամերիկեան տոլարով եղան առաջին արձագանգողները «ՀՄԸՄ-ի եկամտաբեր...

Համազգային.  Ազգային Եւ Ազգագրական Երգերու Երեկոյ

Համազգային. Ազգային Եւ Ազգագրական Երգերու Երեկոյ

Համազգայինի 90-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրին մէջ, կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան վերականգնման 27-ամեակին առիթով երէկ` ուրբաթ, 5 հոկտեմբեր 2018-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Հայ կաթողիկէ «Յովհաննէս Պօղոսեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ազգագրական եւ ազգային երգերու երեկոյ` կատարողութեամբ հայրենի երգիչներ Գոհար Յովհաննիսեանի, Ռուբէն Սասունցիի եւ Աղասի Իսպիրեանի: Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անունով Վարդան Ազնաւուրեան,...

Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ  Նարեկ Արք. Ալեէմէզեանի Այցելութիւնը  ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան»  Ընկերաբժշկական Կեդրոն

Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Նարեկ Արք. Ալեէմէզեանի Այցելութիւնը ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոն

Լիբանանահայ գաղութ կառոյցներուն իր տուած ծանօթացման զանազան հանդիպումներուն առընթեր, Լիբանանահայ օգնութեան խաչի մարդասիրական, կրթական, առողջապահական եւ ընկերային հսկայածաւալ գործունէութեան ծանօթանալու միտումով, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արք. Ալեէմէզեան, ընկերակցութեամբ Յակոբ քհնյ. Պզտիկեանի,  ուրբաթ, 5 հոկտեմբեր 2018-ի առաւօտուն այցելեց ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոն: Կեդրոնի մուտքին առաջնորդ սրբազանը դիմաւորեցին ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւնը եւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի տնօրէնութիւնը: Նարեկ արք....

Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան Այցելեց Ազունիէի  Ազգային Բուժարան

Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան Այցելեց Ազունիէի Ազգային Բուժարան

Լիբանանահայ կառոյցներու ծանօթացման աշխատանքներու շրջագիծին մէջ, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արք. Ալեէմէզեան հինգշաբթի, 4 հոկտեմբեր 2018-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, այցելեց Ազունիէի Ազգային բուժարան, ուր դիմաւորուեցաւ կառոյցի խնամակալութեան, տնօրէնութեան եւ պաշտօնէութեան կողմէ: Առաջնորդ սրբազանը շրջագայելով կեդրոնին մէջ, մօտէն ծանօթացաւ բուժարանի բաժանմունքներուն եւ աշխատանքներուն: Ապա առաջնորդ սրբազանը կեդրոնի սրահին մէջ հանդիպում ունեցաւ մամիկներուն ու պապիկներուն հետ, որոնք ներկայացուցին կոկիկ եւ...

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Հայրենիքին Ընդհանրական, Գերագոյն Ու Մնայուն Շահերը Պէտք Է Վեր Նկատել  Կուսակցական Ու Ժամանակաւոր Շահերէ»

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Հայրենիքին Ընդհանրական, Գերագոյն Ու Մնայուն Շահերը Պէտք Է Վեր Նկատել Կուսակցական Ու Ժամանակաւոր Շահերէ»

Երէկ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը յղեց հետեւեալ պատգամը` կապուած Հայաստանի վերջին իրադարձութիւններուն. Մտահոգութեամբ կը հետեւինք Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող վերջին զարգացումներուն: Սփիւռքը դիտողի կրաւորական ու անտարբեր վիճակին մէջ չի կրնար ըլլալ: Սփիւռքը Հայաստանի անանջատելի մասը կը կազմէ: Ան ընելիք ու ըսելիք ունի հայրենիքի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն ու տագնապներուն նկատմամբ: Հայրենիքին ընդհանրական, մնայուն ու գերագոյն շահերը պէտք է գերիվեր նկատել...

Պուրճ Համուտի Քաղաքապետը Վերակառուցման  Եւ Բարգաւաճման Խորհուրդին Մօտ  Կը Հետապնդէ Գարշահոտութեան Հարցը

Պուրճ Համուտի Քաղաքապետը Վերակառուցման Եւ Բարգաւաճման Խորհուրդին Մօտ Կը Հետապնդէ Գարշահոտութեան Հարցը

Հիւսիսային Մեթնի ծովեզերեայ շրջաններուն մէջ շաբաթասկիզբին վատթարացած գարշահոտութեան հարցի հետապնդումին ծիրին մէջ, հինգշաբթի, 4 հոկտեմբեր 2018-ին, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան պատուիրակութեան մը ընկերակցութեամբ այցելեց վերակառուցման եւ բարգաւաճման խորհուրդի նախագահ Նապիլ Ժսըրի: Ժողովին ներկայ գտնուեցան խորհուրդի պատասխանատուներ, թափօններու թաղման վայրի խորհրդատու ընկերութեան տնօրէնը, վերահսկող երկրաչափն ու այլ պատասխանատուներ: Ժողովականները հաստատեցին ժողովուրդին այսպիսի անհանգստութիւն պատճառելու անընդունելի ըլլալը: Պուրճ Համուտի քաղաքապետը ընդգծեց...

Հաղորդագրութիւն

Ազգային Ինքնութեան Ամրապնդման Ֆոնտ

13 Դիմումի Ընդառաջում` Սեպտեմբեր Ամսուան Ընթացքին 17-ամսեայ Հաշուեկշիռ` 301 Պարագայ ՀՅ Դաշնակցութեան Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին հաստատած Ազգային ինքնութեան ամրապնդման ֆոնտը սեպտեմբեր ամսուան ընթացքին ընդառաջած է 13 դիմումի, մինչ մայիս 2017-էն մինչեւ օգոստոս 2018 ֆոնտէն օգտուելու իրաւունքին արժանացած է 288 պարագայ: Այսպէս, Հայ ընտանիքի կազմութեան ֆոնտին (պսակադրութեան) դիմում կատարած են 6 զոյգեր, որոնք պայմանները լրացուցած ըլլալով արժանացած են ֆոնտէն օգտուելու իրաւունքին:...

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Կը Մասնակցի Յունաստանի Կառավարութեան Կազմակերպած Միջազգային Համագումարին

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեկնեցաւ Ժընեւ

Երեքշաբթի, 2 հոկտեմբեր 2018-ին, Արամ Ա. կաթողիկոս կարճ այցելութեամբ Ժընեւ մեկնեցաւ` յաջորդաբար հանդիպումներ ունենալու Սիսի կաթողիկոսարանի դատի իրաւաբաններու եւ «Մետաքսեայ Ճամբուն» մասին Անթիլիասի մէջ տեղի ունենալիք համագումարի նախապատրաստական յանձնախումբին հետ, ինչպէս նաեւ մասնակցելու միջեկեղեցական բնոյթ ունեցող այլ հանդիպումներու: Վեհափառ հայրապետը Անթիլիասի մայրավանք պիտի վերադառնայ շաբաթ օր:  

Ֆանարի Մէջ.  Հայաստանի Հանրապետութեան Վերանկախացման 27-ամեակին Նուիրուած Խրախճանք- Տօնատակարութիւն

Ֆանարի Մէջ. Հայաստանի Հանրապետութեան Վերանկախացման 27-ամեակին Նուիրուած Խրախճանք- Տօնատակարութիւն

Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման 27-ամեակին առիթով, հովանաւորութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանին, շաբաթ, 22 սեպտեմբեր 2018-ին, երեկոյեան ժամը 9:30-էն սկսեալ, Ֆանարի Լէյլաւանի մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ տօնակատարութիւն-խրախճանք` ներկայութեամբ շուրջ երեք հարիւր հայորդիներու, երեսփոխան Յակոբ Թերզեանին, շրջանի մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներուն եւ ժողովրդային բազմութեան: Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգները լսելէ ետք, հաւաքի բարի գալուստի խօսքը արտասանեց ՀՅԴ «Է. Ակնունի»...

ՀՅԴ 21-րդ Գերագոյն  Ժողովի Յայտարարութիւնը

Ազգային Ինքնութեան Ամրապնդման Ֆոնտ Հայ Ուսանողի Ֆոնտ

Ազգային ինքնութեան ամրապնդման ֆոնտերէն «Հայ ուսանողի ֆոնտ»-ի արձանագրութիւնները կը սկսին երկուշաբթի, 8 հոկտեմբերին եւ կը շարունակուին մինչեւ երեքշաբթի, 23 հոկտեմբեր 2018, ամէն օր կէսօրէ ետք ժամը 4:00-էն 7:00: Լիբանանի հայկական վարժարաններէն շրջանաւարտ ամէն հայ ուսանող կրնայ դիմել այս ֆոնտին եւ յետ քննութեանց կը ստանայ ֆոնտէն օգտուելու իրաւունք: Թեկնածուները պարտին անձամբ ներկայանալ: Ճշդուած թուականի աւարտէն ետք կատարուած դիմումները պիտի մերժուին: Դիմումները...

Պուրճ Համուտի Մէջ Անշարժ  Գոյքի Սեփականատէրերու Ուշադրութեան

Հաղորդագրութիւն

Երէկ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը հրապարակեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը. Վերջին քանի մը օրուան ընթացքին Հիւսիսային Մեթնի ծովեզերեայ շրջանին մէջ գարշելի հոտերուն պատճառով Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանը շրջանի քաղաքացիներէն ստացաւ բողոքներ: Ընդհանուր համոզում մը գոյացած է, թէ այդ գարշելի հոտը հետեւանք է Պուրճ Համուտի ծովափը գտնուող թափօններու թաղման վայրին: Գարշելի հոտին տարածուելէն անմիջապէս ետք, Պուրճ Համուտի քաղաքապետը ծովեզերեայ շրջան գործուղեց այդ աշխատանքին յատուկ անձնակազմը`...

Առաջնորդական Պատգամ 2018-2019 Կրթական Տարեշրջանի  Վերամուտին Առիթով

Հաղորդագրութիւն

Ազգային առաջնորդարանի գերեզմանատուներու բարեզարդման աշխատանքներու շրջագիծին մէջ, աւարտեցաւ Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատան նորոգութիւններու աշխատանքներուն առաջին փուլը: Գերեզմանատան մուտքն ու գլխաւոր անցքերը, սալայատակները եւ ընդունարանը նորոգուեցան, հիմնական անցքին վրայ տեղադրուեցան նստարաններ եւ մեծ ծածկոյթ մը: Այս աշխատանքները կատարուեցան Հրայր, Լորի եւ Հայկ Պօղոսեաններուն կողմէ` ի յիշատակ իրենց ողբացեալ մեծ հօր ու մեծ մօր` Հայկազ եւ Սրբուհի Պօղոսեաններուն: Այս առիթով, շնորհակալութեան խօսք...

Կազմակերպութեամբ  ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան.  Տարեցներու Միջազգային  Օրուան Հանդիսաւոր Նշում

Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան. Տարեցներու Միջազգային Օրուան Հանդիսաւոր Նշում

14 դեկտեմբեր  1990-ին, ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին կողմէ 1 հոկտեմբերը հռչակուեցաւ Տարեցներու միջազգային օր: Այս օրուան նշումին նպատակն է տարեց մարդիկը արժեւորել` կեանքի զոհողութեամբ ընտանիք կազմած եւ  սերունդներ դաստիարակած իրենց նուիրական առաքելութեան համար: Ասոր վրայ կ՛աւելնայ նաեւ ընկերութեան մէջ իրենց ունեցած անկիւնադարձային դերը եւ ներդրումը: Պատմութիւնը վկայ է, որ փորձառու եւ իմաստուն տարեցներու վստահուած են մարդկային ընկերութեան առաջնորդողի դերերը: 2014 թուականին...

Կիրակնօրեայ Վարժարաններու  Ուսուցչաց Համագումար

Կիրակնօրեայ Վարժարաններու Ուսուցչաց Համագումար

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի թեմի կիրակնօրեայ վարժարաններու վարիչ մարմինին, 28, 29 եւ 30 սեպտեմբեր 2018-ին, «ՔՋԱԿ»-ի մէջ տեղի ունեցաւ կիրակնօրեայ վարժարաններու ուսուցչաց համագումար վերամուտի առիթով: Համագումարի բարի գալուստի խօսքը արտասանեց կիրակնօրեայ վարժարաններու վարիչ պատասխանատու Սարգիս քհնյ. Սարգիսեան, որ նշեց, թէ վերամուտի նախօրեակին վերաորակաւորման եւ աշխատանքներու վերադասաւորման նպատակադրումով նմանօրինակ հաւաքները ե՛ւ շահեկան են, ե՛ւ յաւելեալ թափ կու տան գալիք աշխատանքներուն: Համագումարի ընթացքին մասնակիցները...

Հաղորդագրութիւն.  ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակին Առիթով Հանգանակուած Է  Շուրջ 700.000 Ամերիկեան Տոլար

Հաղորդագրութիւն. ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակին Առիթով Հանգանակուած Է Շուրջ 700.000 Ամերիկեան Տոլար

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը ուրախութեամբ եւ մեծ գոհունակութեամբ կու գայ յայտարարելու, որ 19-էն 29 յուլիս 2018-ին Երեւանի, Գիւմրիի եւ Բիւրականի մէջ իր ձեռնարկները յաջողութեամբ պսակելու համար դիմած էր իր աշխարհասփիւռ կառոյցին պատկանող ՀՄԸՄ-ական քոյրերու եւ եղբայրներու, որոնք անվերապահ իրենց նիւթական օժանդակութիւնը ցուցաբերեցին: Միութեան 100-ամեակի ծրագիրներուն եւ ձեռնարկներուն իրականացման ի նպաստ հանգանակուեցաւ շուրջ 700.000 ամերիկեան տոլար: Այս ծիրին մէջ, Կեդրոնական վարչութեան առաջարկով...

Հանդիսաւոր Ս. Պատարագ` Նոր Հաճնոյ Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Առիթով

Հանդիսաւոր Ս. Պատարագ` Նոր Հաճնոյ Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Առիթով

Նոր Հաճնոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան առիթով, երէկ` կիրակի, 30 սեպտեմբեր 2018-ին, եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ, կատարուեցաւ մատաղօրհնէք, նաեւ հոգեհանգստեան պաշտօն եկեղեցւոյ մէջ ծառայած ննջեցեալներու հոգիներուն համար: Պատարագը մատուցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արք. Ալեէմէզեան: Ան իր քարոզին մէջ նկատել տուաւ, որ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ անուանակոչութիւնը նշելը առիթ է, որ անդրադառնանք այն ծառայութիւններուն, որ եկեղեցին իր թաղականութեան ընդմէջէն...

Գէորգ Հաճեանի Համերգները Արցախի Մէջ

Գէորգ Հաճեանի Համերգները Արցախի Մէջ

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Արցախի գրասենեակի նախաձեռնութեամբ լիբանանահայ հայրենադարձ երգիչ Գէորգ Հաճեան Արցախ կը գտնուէր` համերգային ծրագիրներ իրականացնելու նպատակով: 28 սեպտեմբերին Արցախի սահմանամերձ Նորշէն գիւղին մէջ տեղի ունեցաւ Գէորգ Հաճեանի առաջին համերգը` Ստեփանակերտի «Տնջրէ» եւ Նոր շէնի «Մոնթէ» համոյթներուն մասնակցութեամբ: Ձեռնարկին բացումը կատարուեցաւ Համազգայինի Արցախի գրասենեակի պատասխանատու Հերմինէ Աւագեանի խօսքով: Վերջինս նշեց, որ համերգը նուիրուած է Համազգայինի հիմնադրութեան...

Page 217 of 365 1 … 216 217 218 … 365

Արխիւներ