Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հանդիսաւոր Ս. Պատարագ` Նոր Հաճնոյ Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Առիթով

October 1, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նոր Հաճնոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան առիթով, երէկ` կիրակի, 30 սեպտեմբեր 2018-ին, եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ, կատարուեցաւ մատաղօրհնէք, նաեւ հոգեհանգստեան պաշտօն եկեղեցւոյ մէջ ծառայած ննջեցեալներու հոգիներուն համար:

Պատարագը մատուցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արք. Ալեէմէզեան: Ան իր քարոզին մէջ նկատել տուաւ, որ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ անուանակոչութիւնը նշելը առիթ է, որ անդրադառնանք այն ծառայութիւններուն, որ եկեղեցին իր թաղականութեան ընդմէջէն մատուցած է շրջանին մէջ:

Սրբազան հայրը լուսարձակի տակ առնելով Ս. Գէորգի կեանքը ըսաւ, թէ ան տիեզերական եկեղեցւոյ սուրբերէն մէկն է եւ մեծ ճանաչում ունի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, սակայն միաժամանակ մեր ժողովուրդի զաւակներու սիրտին մէջ յատուկ տեղ կը գրաւէ` աւելցնելով, որ 4-րդ դարուն նահատակութեան Ս. պսակին արժանացած Ս. Գէորգ բանակի զօրավար մըն էր, որ քաջաբար ընդդիմացաւ թագաւորին այն հրովարտակին, որ կ՛արգիլէր քրիստոնէութեան հետեւիլ, եւ խիզախութիւնը ունեցաւ պատռելու հրովարտակն ու հռչակելու Քրիստոսի անխորտակելի իշխանութիւնը երկրի վրայ եւ երկինքի մէջ:

Առաջնորդ սրբազանը յայտնեց, որ շնորհիւ անոր հաւատքին եւ արի կեցուածքին շատեր, նոյնիսկ թագուհին հետեւեցան իր կեանքի օրինակին եւ ընդունեցին քրիստոնէութիւնը: «Քրիստոնէութեան առաջին չորս դարերը յատկապէս եղած են խմորումի շրջաններ: Քրիստոնէութիւնը զարնուած է կեանքի փորձաքարին եւ իբրեւ հաւատք ու գործ տուած է բազմաթիւ կենդանի վկաներ եւ արեան նահատակներ: Ս. Գէորգ իր պանծալի տեղը կը գրաւէ այս վկաներու եւ նահատակներու հոյլին մէջ», հաստատեց սրբազան հայրը:

Շարունակելով իր պատգամը` առաջնորդ սրբազանը ըսաւ. «Այսօր ո՛չ միայն Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ անուանակոչութիւնը կը տօնենք իբրեւ քարեղէն սրբազան կառոյց, այլեւ բոլորս պէտք է անդրադառնանք, որ եկեղեցին մենք ենք եւ կը հաւաքուինք մեր Տիրոջ անունով, կը վկայենք մեր հայ քրիստոնէական ինքնութեան եւ կ՛ապրինք հայ քրիստոնէական կեանք մը»: Ան աւելցուց, որ հայ եկեղեցւոյ մեր  պատկանելիութիւնը եւ հայ քրիստոնեայի մեր ինքնութիւնը պէտք է ցոլացնենք մեր կեանքի բոլոր օրերուն եւ փուլերուն ընթացքին: Սրբազանը շեշտեց, որ հայ քրիստոնեան այն անձն է, որ հաւատքով, աղօթքով, նախանձախնդրութեամբ, զոհողութեամբ եւ մասնակցութեամբ իր բաժինը կը բերէ իր եկեղեցւոյ, իր դպրոցին, իր ակումբին եւ իր միութիւններու մեծ ընտանիքին: «Երբ մեր սուրբերը եւ հերոսները կը յիշենք եւ կը պանծացնենք միաժամանակ կը վերահաստատենք մեր ուխտը, թէ պիտի հետեւինք անոնց կենդանի օրինակին», ըսաւ սրբազան հայրը` աւելցնելով, որ քարոզին բնաբանը կ՛ընդգծէ երկու տարածքներ. ա) երկրի վրայ նահատակութիւն, բ) երկինքի մէջ սուրբերու հետ դասուիլ, եւ Ս. Գէորգ իր կեանքին օրինակով մեզի համար կը դառնայ այս երկուքին տիպարը: «Այսօր մեզմէ չի պահանջուիր արեան նահատակութիւն, այլ` կը պահանջուի կեանքի նահատակութիւն: Կեանքին մէջ մեր կատարած զոհողութիւններով մեր կեանքը պէտք է չափենք ու կշռենք, եւ այն ատեն մեր կեանքը իմաստ կ՛ունենայ», հաստատեց առաջնորդ սրբազան հայրը:

Եզրափակելով իր խօսքը` սրբազան հայրը նկատել տուաւ, որ պատարագի աւարտին պիտի կատարուի հոգեհանգստեան պաշտօն բոլոր այն հայորդիներուն համար, որոնք Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ ընդմէջէն իբրեւ թաղական ծառայեցին մեր ժողովուրդին` աւելցնելով, որ մեր ննջեցեալները յիշել կը նշանակէ իրարու կապել եկեղեցւոյ յաղթական թեւը եւ զինուորեալ թեւը, որովհետեւ եկեղեցին ունի այն անձերը, որոնք գործեցին եւ այսօր կը ննջեն եւ կը բնորոշուին իբրեւ յաղթական եկեղեցին, եւ ունի երկրորդ խումբ մը` հաւատացեալները, որոնք աշխարհի մէջ զինուորական կարգապահութեամբ կ՛ապրին, կը պաշտպանեն մեր հայ քրիստոնէական հաւատքը եւ կը բնորոշուին իբրեւ զինուորեալ եկեղեցի: «Մեզմէ առաջ ուրիշներ եկան ու ծառայեցին, եւ այսօր մենք անոնց յիշատակին դիմաց յարգանքով կը խոնարհինք եւ կը յիշենք զիրենք: Այսօր մենք կը ծառայենք, զանազան մարզերու մէջ, եւ վստահ եղէք, որ յաջորդ սերունդները մեզ եւս պիտի յիշեն, եւ այսպէս պիտի շարունակուի մեր հաւաքական կեանքը, մեր ծառայական կեանքը, որպէսզի հայ եկեղեցին մնայ միշտ պայծառ, եւ մեր հաւաքական կեանքին մէջ գործող մեր բոլոր կառոյցները ըլլան առողջ, ըլլան տեսլապաշտ, եւ մանաւանդ ըլլան օրհնութեան աղբիւրներ մեր ժողովուրդի զաւակներուն համար», ընդգծեց սրբազան հայրը:

Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ մատաղօրհնէք եւ հոգեհանգստեան պաշտօն:

 

Նախորդը

Գէորգ Հաճեանի Համերգները Արցախի Մէջ

Յաջորդը

Հաղորդագրութիւն. ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակին Առիթով Հանգանակուած Է Շուրջ 700.000 Ամերիկեան Տոլար

RelatedPosts

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
Գաղութային

January 31, 2026
39 Տարի Առաջ, Այսօր.  Դաշնակցութեան Նուիրեալներ Զոհ Կ՛երթան Անարգ Ոճիրի Մը
Գաղութային

31 Յունուար 1986-ի Նահատակները, Ու Պայքարը Կը Շարունակուի

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.