Անցնող 3-4 օրերուն Պուրճ Համուտի հրապարակին վրայ եւ քաղաքի զանազան թաղամասերու շէնքերուն տեղադրուած էին համաշխարհային երգիչ Շարլ Ազնաւուրի պատկերները:
Յատկանշական էր նաեւ, որ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի հրապարակին վրայ Շարլ Ազնաւուրի վերջին հրաժեշտի եւ յուղարկաւորութեան օրերուն սփռուեցան ազնաւուրեան երգեր: