Գաղութային

Համազգայինի  «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահ.  Վիրժինիա Կալ-Մաղաքեանի  Ստեղծագործութիւններու  Ցուցահանդէսի Բացում

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահ. Վիրժինիա Կալ-Մաղաքեանի Ստեղծագործութիւններու Ցուցահանդէսի Բացում

Ներկայութեամբ Բերիոյ թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանի, Սպանիոյ առաջին հիւպատոս Կապրիէլ Սիսթիակայի եւ արուեստասէր բազմութեան, կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին, երէկ` ուրբաթ, 19 հոկտեմբեր 2018-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին տեղի ունեցաւ սպանացի գեղանկարիչ Վիրժինիա Կալ-Մաղաքեանի ստեղծագործութիւններու ցուցահանդէսի բացումը: Ցուցահանդէսին նիւթը բնութիւնն էր իր զանազան գոյներով եւ լոյսի խաղերով: Ներկայացուած էին իւղաներկ եւ խառն թեքնիքներու օգտագործումով պատրաստուած տարբեր չափի պաստառներ: Համազգայինի «Լիւսի...

Յակոբ Տէր Ղուկասեան Արաբերէնով  Կը Բեմադրէ Արա Արծրունիի «Մժեղը»

Յակոբ Տէր Ղուկասեան Արաբերէնով Կը Բեմադրէ Արա Արծրունիի «Մժեղը»

Այս շաբաթավերջին, «Մոնօ» թատերասրահի փոքր սրահին մէջ ընթացք առաւ Յակոբ Տէր Ղուկասեանի նոր բեմադրութիւնը` Արա Արծրունիի «Մժեղը»` արաբերէն լեզուով: «Քոլեքթիֆ տը լաքթ»-ի դերասաններէն Թոնի Ֆարահ եւ Սառա Ապտօ, անոնց միանալով Ժոզեֆ Խուրի եւ Անժելա Խալիլ, մէկ ժամուան ընթացքին մեզի հրամցուցին չորս կերպարներ, որոնց զրոյցը կը դառնայ մժեղ մը սատկեցուցած ըլլալնուն շուրջ: Թատերախաղը կը սկսի բեմադրիչին ազդանշանով, եւ կիսամութ սրահ մուտք...

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

Հինգշաբթի, 18 հոկտեմբերի կէսօրին, լիբանանահայ երեք կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները ժողով մը գումարեցին Ազգային առաջնորդարանին մէջ` քննելու համար կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը եւ հայութեան ներկայացուցչութեան հարցը: Ժողովականները ողջունեցին կառավարութեան կազմութեան համար ի գործ դրուող ճիգերը` յուսալով, որ անոնք կ’արդիւնաւորուին ամէնէն արագ միջոցին` երկիրը դուրս բերելով քաղաքական ներկայ տագնապէն: Անոնք նաեւ շեշտեցին անհրաժեշտութիւնը ազգային համախոհութեան եւ համայնքային հաւասարակշռութեան հիմերով կառավարութեան մը կազմութեան, ուր յարգուած...

Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ  Կրօնական Ժողովի Հանդիպում

Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Կրօնական Ժողովի Հանդիպում

Հինգշաբթի, 18 հոկտեմբեր 2018-ին, ամբողջ օրը, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ, Արամ Ա. կաթողիկոսի նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային կեդրոնական վարչութեան Կրօնական ժողովի լիակատար հանդիպումը: Հանդիպումի ընթացքին զեկուցումներ ներկայացուեցան եւ լայնօրէն քննարկուեցան կաթողիկոսութեան առաքելութեան առնչուած հետեւեալ մարզերը. քրիստոնէական դաստիարակութիւն, երիտասարդութիւն, միջեկեղեցական ու միջկրօնական յարաբերութիւն, դպրեվանք, տեղեկատուական աշխատանքներ, կրօնական ու դաստիարակչական հրատարակութիւններ, ՀԱՍԿ պաշտօնաթերթ, ընկերաբարոյագիտական հարցեր, հայրապետական ու հանրապետական մաղթանքներու...

Համազգայինի  Լիւսի Թիւթիւնճեան Ցուցասրահ.  Վիրժինիա Կալ-Մաղաքեանի  Ցուցահանդէսի Բացում

Համազգայինի Լիւսի Թիւթիւնճեան Ցուցասրահ. Վիրժինիա Կալ-Մաղաքեանի Ցուցահանդէսի Բացում

Այսօր, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, կը կատարուի բացումը ծագումով սպանացի գեղանկարիչ Վիրժինիա Կալ-Մաղաքեանի ցուցահանդէսին: Այս առիթով «Ազդակ» ունեցաւ ամփոփ հարցազրոյց մը արուեստագիտուհիին հետ: Ծագումով սպանացի, Պարսելոնա ծնած արուեստագիտուհին հասակ առած է արուեստագէտներու ընտանիքի մէջ եւ կանուխ տարիքէն գեղանկարչութեան սէրը իր մէջ աճած ու զարգացած է: Զինք ամէնէն շատ հմայողն ու իր արուեստին թռիչք տուողը բնութիւնը հանդիսացած է` անոր լոյսի խաղերով ու...

Մեր Կորուստները.  Մահացած Է Պոլսահայ Յայտնի  Լուսանկարիչ Արա Կիւլերը

Մեր Կորուստները. Մահացած Է Պոլսահայ Յայտնի Լուսանկարիչ Արա Կիւլերը

Պոլսոյ մէջ 90 տարեկանին մահացած է յայտնի պոլսահայ լուսանկարիչ Արա Կիւլերը, այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը` վկայակոչելով թրքական «Հիւրրիեթ» պարբերականը: Արա Կիւլեր տեղափոխուած էր հիւանդանոց, ուր  քիչ անց մահացած է: Արա Կիւլեր ծնած է 16 օգոստոս 1928-ին, Պոլիս:  1950-էն սկսած է աշխատիլ «Նոր Սթամպուլ» թերթին մէջ` զուգահեռ ուսանելով Պոլսոյ համալսարանի տնտեսագիտական բաժանմունքին մէջ: Որոշ ժամանակ անց տեղափոխուած է «Հիւրրիեթ» թերթի...

Յայտարարութիւններ (27 Յունուար 2018)

Համազգայինի Հիմնադրութեան 90-ամեակի Ձեռնարկներ

2018-ն Համազգային Հայ կրթական եւ մշակութային միութեան հիմնադրութեան 90-ամեակն է: 9 սեպտեմբեր 2018-ին Երեւանի մէջ Համազգայինի 90-ամեակի կեդրոնական ձեռնարկէն ետք, աշխարհատարած միութեան Շրջանային վարչութիւններն ու Մեկուսի կազմերը սկսած են կազմակերպել ձեռնարկներ` իւրաքանչիւրը իր շրջանին մէջ նշելու Համազգայինի 90-ամեակը: Արդէն իսկ տեղի ունեցած են 3 ձեռնարկներ. 12 օգոստոսին Պրազիլի մէջ, 7 հոկտեմբերին Փարիզի մէջ, իսկ 14 հոկտեմբերին Քանատայի մէջ նշուեցաւ Համազգայինի...

Հայկազեան Համալսարանը Նշեց  Իր Հիմնադիրներու Տօնը.  Տեղի Ունեցաւ «Ստեփան Փիլիպոսեան» Վերանորոգուած Ուսանողական Կեդրոնի Պաշտօնական Բացումը

Հայկազեան Համալսարանը Նշեց Իր Հիմնադիրներու Տօնը. Տեղի Ունեցաւ «Ստեփան Փիլիպոսեան» Վերանորոգուած Ուսանողական Կեդրոնի Պաշտօնական Բացումը

Հայկազեան համալսարանը երկուշաբթի, 15 հոկտեմբեր 2018-ին, պաշտօնական հանդիսութեամբ մը նշեց իր Հիմնադիրներու 63-րդ տօնը` յայտարարելով ուսումնական տարեշրջանի պաշտօնական սկիզբը: Ձեռնարկին ներկայ էին Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ աւետարանական համայնքի նախագահ վեր. Սելիմ Սահիունի, զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, կիներու հարցերու պետական նախարար Ժան Օղասապեան, երեսփոխան Յակոբ Թերզեան, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, «Եու.Էս.Էյտ»-ի կրթական գրասենեակի տնօրէն Պրուս ՄքՖարլընտ, համալսարանի հոգաբարձուներու...

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան  Պատուիրակութիւնը  Այցելեց Գրիգոր Պետրոս  Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Պատուիրակութիւնը Այցելեց Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը`  գլխաւորութեամբ վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանի, այցելեց Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքին: Կեդրոնական վարչութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց պատրիարք հօր` միութեան 100-ամեակի կեդրոնական ձեռնարկներուն իր ներկայացուցիչը առաքելուն համար: Ապա, պատրիարք հօր յանձնուեցաւ 100-ամեակի ժամացոյցն ու 100-ամեակի նուիրուած դրոշմաթուղթի յատուկ օրինակը: Իր կարգին, ամենապատիւ հոգեւոր տէրը Հայրը դրուատեց միութեան 100-ամեակի իրականացած ձեռնարկներն ու տարողութիւնը` յաջողութիւն մաղթելով յառաջիկայ...

Արամ Ա. Կաթողիկոսը Կ՛ընդունի  ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը

Արամ Ա. Կաթողիկոսը Կ՛ընդունի ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը

Շաբաթ, 13 հոկտեմբեր 2018-ի առաւօտուն, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը` գլխաւորութեամբ վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանի: Հանդիպումը նախ եւ առաջ կեդրոնացաւ Հայաստանի վերջին իրադարձութիւններուն վրայ: Կեդրոնական վարչութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց վեհափառ հայրապետին` միութեան 100-ամեակի կեդրոնական ձեռնարկներուն իր հովանաւորութիւնը շնորհելուն եւ յղած կոնդակին համար: Ապա, Կեդրոնական վարչութիւնը վեհափառ հօր յանձնեց միութեան 100-ամեակին նուիրուած յուշանուէրները` 100-ամեակին ժամացոյցը, յուշանուէրը,...

Հոգեհանգիստ` Վաղամեռիկ Ուսանող  Սեպուհ Շահպազեանի Մահուան  Ժէ. Տարելիցին Առիթով

Հոգեհանգիստ` Վաղամեռիկ Ուսանող Սեպուհ Շահպազեանի Մահուան Ժէ. Տարելիցին Առիթով

Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արք. Ալեէմէզեանի կիրակի, 14 հոկտեմբեր 2018-ին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ վաղամեռիկ համալսարանաւարտ փայլուն ուսանող Սեպուհ Շահպազեանի մահուան ԺԷ. տարելիցին առիթով: Ս. պատարագի աւարտին, քաղաքի Ազգային առաջնորդարանի դահլիճին մէջ սրտի խօսք արտասանեց սրբազան հայրը: Ան նկատել տուաւ, որ 17 տարիէ ի վեր ամէն տարի գրեթէ այս օրերուն միշտ...

Դպրեվանքի 89-րդ Ուսումնական-Կրթական  Տարեշրջանի Բացումը  Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Դպրեվանքի 89-րդ Ուսումնական-Կրթական Տարեշրջանի Բացումը Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Հանդիսապետութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, կիրակի, 14 հոկտեմբեր 2018-ին, Սրբոց Թարգմանչաց տօնին առիթով տարիներու աւանդութեան համաձայն, տեսչական պատարագ մատուցուեցաւ Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ: Օրուան պատարագիչն էր դպրեվանքի տեսուչ Պօղոս վրդ. Թինքճեան: Պատարագի աւարտին, հայրապետական թափօրը ուղղուեցաւ վեհարանի դահլիճ, ուր տեղի ունեցաւ դպրեվանքի ուսումնական-կրթական 89-րդ տարեշրջանի պաշտօնական բացման հանդիսութիւնը, որուն ներկայ էին միաբան հայրեր, ուսուցիչներ, դպրեվանքի բարեկամներ, ծնողներ...

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ Հրաւէրով  Եղբայրական Ագապ` Հռոմի  Քահանայապետական Վարժարանին Մէջ

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ Հրաւէրով Եղբայրական Ագապ` Հռոմի Քահանայապետական Վարժարանին Մէջ

Հռոմէն Ժագ Քէշիշեան կը հաղորդէ, որ շաբաթ, 13 հոկտեմբեր 2018-ին, կէսօրուան ժամը 1:30-ին, Հռոմի քահանայապետական Լեւոնեան հայ վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ եղբայրական ագապ մը` հրաւէրով Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքին: Անոր ներկայ գտնուեցան բարձրաստիճան հիւրեր` սիւնհոդոսական եպիսկոպոսներու ընդհանուր քարտուղար կարտինալ Լորենզօ Պալտիզերի, Սրբադասման խորհուրդի նախագահ կարտինալ Ճովաննի Անճելօ Պեքչու, Արեւելեան եկեղեցիներու խորհուրդի նախագահ կարտինալ Լէոնարտօ Սանտրի,...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ջերմօրէն Կ՛ողջունէ  Ֆրանսախօս Երկիրներու 17-րդ  Վեհաժողովի Գումարումը Երեւանի Մէջ

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ջերմօրէն Կ՛ողջունէ Ֆրանսախօս Երկիրներու 17-րդ Վեհաժողովի Գումարումը Երեւանի Մէջ

Երէկ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ողջունեց ֆրանսախօս երկիրներու 17-րդ վեհաժողովին գումարումը Հայաստանի մէջ եւ այս առիթով ըսաւ. «Ֆրանսախօս երկիրներու 17-րդ վեհաժողովին գումարումը Երեւանի մէջ կը նկատենք կարեւոր դէպք մը եւ միաժամանակ եզակի իրագործում մը Հայաստանի համար` դիւանագիտական, քաղաքական, մշակութային ու տնտեսական մարզերուն մէջ: Մեծապէս կը գնահատենք վեհաժողովին կազմակերպուածութիւնը եւ հիւրերուն նկատմամբ ցուցաբերուած ջերմ հիւրասիրութիւնն ու բարձրագոյն աստիճանի նախանձախնդրութիւնը: Նաեւ ջերմօրէն...

Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի  Ընդունեց «ՍԻՄԷՍ»-ի Յաղթական Աշակերտները

Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի Ընդունեց «ՍԻՄԷՍ»-ի Յաղթական Աշակերտները

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ` ուրբաթ, 12 հոկտեմբեր 2018-ին ընդունեց «ԿԱԶՄԱ» համաշխարհային մրցումին մասնակցած  եւ յաղթած «ՍԻՄԷՍ»-ի աշակերտները իրենց պատասխանատուին` «ԿԱԶՄԱ»-ի Լիբանանի նախագահ Պօղոս Քենտիրճեանին հետ, ներկայութեամբ փաստաբան Նազարէթ Անտեքեանի եւ աշակերտներու ծնողներուն: Նշենք, որ մրցումը տեղի ունեցած է Հարաւային Ափրիկէի Ճոհանսպըրկ քաղաքին մէջ, կիրակի, 30 սեպտեմբերին: Աշակերտները իրենց մետալները եւ բաժակները...

Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան»  Երաժշտական Քոլեճի 2017-2018  Տարեշրջանի Ամավերջի Հանդէս

Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» Երաժշտական Քոլեճի 2017-2018 Տարեշրջանի Ամավերջի Հանդէս

Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի 35-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրին մէջ, ներկայութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արք. Ալեէմէզեանի, հովանաւորութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան, երէկ` ուրբաթ, 12 հոկտեմբեր 2018-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի «Սիրան Մանուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ 2017-2018 տարեշրջանի ամավերջի հանդէսը եւ վկայականաց բաշխումը: Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու տնօրէն Թամար Սնապեան-Սուրճեան նախ...

Ուղղափառ Եկեղեցիներու Եւ Սուրբ Գրոց  Ընկերութեան Ժողով` Ս. Էջմիածինի Մէջ

Ուղղափառ Եկեղեցիներու Եւ Սուրբ Գրոց Ընկերութեան Ժողով` Ս. Էջմիածինի Մէջ

27 սեպտեմբերէն 1 հոկտեմբեր Ս. Էջմիածինի մէջ տեղի ունեցաւ ուղղափառ եկեղեցիներու եւ Աստուածաշնչային միացեալ ընկերութիւններու միջեւ գործակցութեան միջազգային համաժողովը: Սոյն համաժողովին Ամենայն հայոց կաթողիկոսութեան կողմէ կը մասնակցէր Եզնիկ արք. Պետրոսեանը եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութենէն Մակար եպս. Աշգարեանը, որ միաժամանակ անդամ է վերոյիշեալ համաժողովի մնայուն յանձնախումբին: Երկու եկեղեցական ընտանիքներէն եւ Աստուածաշնչային միացեալ ընկերութիւններէն կազմուած մնայուն յանձնախումբի անդամները իրենց տարեկան հանդիպումները...

Կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ Ժտէյտէի Մասնաճիւղի  Սկաուտական Խորհուրդին Եւ Խմբապետական Կազմին.  Պաշտօնական Վերամուտ 2018-2019 Տարեշրջանի

Կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ Ժտէյտէի Մասնաճիւղի Սկաուտական Խորհուրդին Եւ Խմբապետական Կազմին. Պաշտօնական Վերամուտ 2018-2019 Տարեշրջանի

Կիրակի, 7 հոկտեմբեր 2018-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին մեկնարկը տրուեցաւ ՀՄԸՄ Ժտէյտէի մասնաճիւղին 2018-2019 տարեշրջանին` տողանցքով, որ սկիզբ առաւ «Աբրահամ Աշճեան» կեդրոնէն` հասնելով մինչեւ Ամանոսի շրջանի կառատունը, առաջնորդութեամբ` ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին: Պաշտօնական վերամուտի յայտագիրը հովանաւորեց ՀՄԸՄ Ժտէյտէի մասնաճիւղի վարչութիւնը: Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք տեղի ունեցաւ դրօշակի արարողութիւն: Ապա կատարուեցաւ փաղանգներու փոխանցումը: ՀՄԸՄ Ժտէյտէի մասնաճիւղի անդամ Երուանդ Յովհաննէսեան խնդրեց մէկ...

Այնճարի Մէջ.  Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադրութեան  100-ամեակին Եւ Անկախութեան Վերականգնման  27-ամեակին Առիթով Ազգագրական  Եւ Ազգային Երգերու Երեկոյ

Այնճարի Մէջ. Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադրութեան 100-ամեակին Եւ Անկախութեան Վերականգնման 27-ամեակին Առիթով Ազգագրական Եւ Ազգային Երգերու Երեկոյ

Հովանաւորութեամբ Այնճարի ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէին եւ  կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղին, շաբաթ, 6 հոկտեմբեր 2018-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Սարգիս Զէյթլեան» ժողովրդային տան շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակին եւ անկախութեան  վերականգնման 27-ամեակին առիթով ազգագրական եւ ազգային երգերու երեկոն, որուն ընթացքին ելոյթ ունեցան հայրենի երգիչներ` Գոհար Յովհաննիսեան, Ռուբէն  Սասունցի եւ Աղասի Իսպիրեան: Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի վարչութեան անունով...

Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ  Հոգեհանգիստ` Շարլ Ազնաւուրի Յիշատակին

Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Հոգեհանգիստ` Շարլ Ազնաւուրի Յիշատակին

Կիրակի, 7 հոկտեմբեր 2018-ին, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին նախագահութեամբ, տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր հոգեհանգստեան պաշտօն, քանի մը օրեր առաջ իր հոգին աւանդած աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուրի հոգիին համար: Յայտնենք, որ Շարլ Ազնաւուր ամէն անգամ որ Լիբանան այցելէր, կ՛այցելէր նաեւ մայրավանք եւ հանդիպում կ՛ունենար վեհափառ հայրապետներուն հետ: Նշենք, որ երջանկայիշատակ Խորէն Ա. կաթողիկոսը Մեծի...

Page 216 of 365 1 … 215 216 217 … 365

Արխիւներ