Ազգային ինքնութեան ամրապնդման ֆոնտերէն «Հայ ուսանողի ֆոնտ»-ի արձանագրութիւնները կը սկսին երկուշաբթի, 8 հոկտեմբերին եւ կը շարունակուին մինչեւ երեքշաբթի, 23 հոկտեմբեր 2018, ամէն օր կէսօրէ ետք ժամը 4:00-էն 7:00:
Լիբանանի հայկական վարժարաններէն շրջանաւարտ ամէն հայ ուսանող կրնայ դիմել այս ֆոնտին եւ յետ քննութեանց կը ստանայ ֆոնտէն օգտուելու իրաւունք:
Թեկնածուները պարտին անձամբ ներկայանալ:
Ճշդուած թուականի աւարտէն ետք կատարուած դիմումները պիտի մերժուին:
Դիմումները կ՛ընդունուին Երեսփոխանական գրասենեակ, «Շաղզոյեան» կեդրոն:



