Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման 27-ամեակին առիթով, հովանաւորութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանին, շաբաթ, 22 սեպտեմբեր 2018-ին, երեկոյեան ժամը 9:30-էն սկսեալ, Ֆանարի Լէյլաւանի մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ տօնակատարութիւն-խրախճանք` ներկայութեամբ շուրջ երեք հարիւր հայորդիներու, երեսփոխան Յակոբ Թերզեանին, շրջանի մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներուն եւ ժողովրդային բազմութեան:
Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգները լսելէ ետք, հաւաքի բարի գալուստի խօսքը արտասանեց ՀՅԴ «Է. Ակնունի» կոմիտէի հերթապահ Րաֆֆի Տեմիրճեան, որ նշեց, թէ վերանկախացած 27-ամեայ Հայաստանի Հանրապետութեան թելադրանքն է առանց ճաշակի, տեսակի եւ գոյնի խտրութեան մասնակից դառնալ պետականաշինութեան եւ վերակառուցման աշխատանքներուն, պահպանել ազգային եւ հոգեւոր արժէքները, տէր կանգնիլ մշակութային ժառանգութեան եւ որակաւոր ուսում ապահովել նորահաս սերունդին:
Տեմիրճեան ըսաւ. «Մեզի համար սեւ եւ ճերմակ գոյութիւն չունի, այլ միայն կան երեք գոյներ` կարմիրը, կապոյտը եւ նարնջագոյնը, որոնք անջատաբար ոչ մէկ արժէք ունին եւ միացուած մէկ ամբողջականութիւն են: Եռագոյնին մէջ կը կայանայ մեր պահանջատիրութեան էութիւնը, Եռագոյնին համար հարիւրաւոր երիտասարդներ նահատակուեցան եւ Եռագոյնով վաղը պիտի ազատագրուի ամբողջական Հայաստանը:
Ապա ելոյթ ունեցաւ յատուկ նշեալ տօնակատարութեան համար Հայաստանէն հրաւիրուած երգչուհի Նարէ Գէորգեան, որ ազգային, հայրենասիրական եւ յեղափոխական երգերով խանդավառեց մթնոլորտը:
Իր կարգին, խօսք առաւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, որ նշեց, թէ նշեալ նախաձեռնութիւնը իր բնոյթով եւ կազմակերպուածութեամբ եզակի է: Ան ըսաւ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակը շրջադարձային իրականութիւն է հայ ժողովուրդի հազարամեայ պատմութեան մէջ, որ կարիքը ունի մշտական արժեւորման: Մկրտչեան ըսաւ, թէ վերանկախացած Հայաստանի Հանրապետութեան 27 տարիները հարիւրին մաս կը կազմէ, որովհետեւ մեր պետականութիւնը սկսած է 100 տարի առաջ:
Դեսպան Մկրտչեան յայտնեց, որ անկախ պետականութեան գլխաւոր խորհուրդը հայակեդրոնութիւնն է, հայրենիքին շուրջ հայութեան համախմբուածութիւնն է, որովհետեւ հզօր եւ անկախ պետականութեամբ միայն կարելի է իրականացնել հայահաւաք: Դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան իր խօսքի աւարտին ըսաւ. «Մենք պիտի շարունակենք մեր ջանքերը եւ պայքարը` վերադարձնելու մեզ օրինականօրէն պատկանող տարածքները եւ կարելիութիւնները»:
Խրախճանք-տօնակատարութիւնը շարունակուեցաւ ճոխ եւ յաղթանակի մթնոլորտի մէջ` մասնակցութեամբ հայրենի երգչուհիին եւ լիբանանահայ երգիչ Վիգէն Տիշչէքէնեանին, ընկերակցութեամբ Սեդօ Պաղտասարեանին: