13 Դիմումի Ընդառաջում` Սեպտեմբեր Ամսուան Ընթացքին
17-ամսեայ Հաշուեկշիռ` 301 Պարագայ
ՀՅ Դաշնակցութեան Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին հաստատած Ազգային ինքնութեան ամրապնդման ֆոնտը սեպտեմբեր ամսուան ընթացքին ընդառաջած է 13 դիմումի, մինչ մայիս 2017-էն մինչեւ օգոստոս 2018 ֆոնտէն օգտուելու իրաւունքին արժանացած է 288 պարագայ:
Այսպէս, Հայ ընտանիքի կազմութեան ֆոնտին (պսակադրութեան) դիմում կատարած են 6 զոյգեր, որոնք պայմանները լրացուցած ըլլալով արժանացած են ֆոնտէն օգտուելու իրաւունքին:
Հայ մանուկի ֆոնտին (մկրտութեան) դիմում կատարած են 6 պարագաներ, որոնք արժանացած են ֆոնտէն օգտուելու իրաւունքին:
Ընտանիքի բազմացման ֆոնտին (3-րդ երեխայ եւ աւելի) օգտուած է մէկ նորածին, 2 հազար ամ. տոլար:
Այս ձեւով անցնող 17 ամիսներուն` մայիս 2017-էն սեպտեմբեր 2018, Ազգային ինքնութեան ամրապնդման ֆոնտի յատկացումին արժանացած են 301 հայեր:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ