Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ Մէջ. Քահանայական Ձեռնադրութիւն Եւ Օծում` Ձեռամբ Մեղրիկ Եպս. Բարիքեանի

October 8, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքէն շրջանաւարտ Սարգիս սրկ. Աճեմեան կիրակի, 7 հոկտեմբեր 2018-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ քահանայ ձեռնադրուեցաւ ձեռամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբան Մեղրիկ եպս. Բարիքեանի` ցնծութիւն պատճառելով հաւատացեալ ժողովուրդին: Շաբաթ օր տեղի ունեցաւ Սարգիս սարկաւագին կոչման արարողութիւնը` յետ երեկոյեան ժամերգութեան: Քահանայական ձեռնադրութեան խարտաւիլակն էր Օշին աբղյ. Չուալերթանեան:

Կիրակի օր եպիսկոպոսական հանդիսաւոր պատարագ մատուցեց Մեղրիկ եպս. Բարիքեան: Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Դանիէլ քհնյ. Մանճիկեան սպասարկեց Ս. պատարագին: Ս. պատարագի հոգեզմայլ շարականներու երգեցողութիւնը կատարեց համանուն եկեղեցւոյ դպրաց դասը: Հաւատամքէն առաջ, Սարգիս սարկաւագ ծնրադիր բարձրացաւ Ս. խորան սաղմոսներու ընթերցումով: «Աստուածային եւ երկնաւոր շնորհ» շարականի երգեցողութեան ընթացքին ան իր ձեռքերը ականջին ետեւ տանելով  դէպի ժողովուրդը դարձած աշխարհէն իր հրաժարումը կատարեց: Ապա Մեղրիկ սրբազան Հայ առաքելական եկեղեցւոյ միւռոնով օծեց Սարգիս սարկաւագին ճակատը, աջ ու ձախ ձեռքերը` վերանուանելով տէր Սամուէլ քահանայ:

Հուսկ Մեղրիկ եպս. Բարիքեան յաւուր պատշաճի քարոզեց: Ան նշեց, որ ուխտով եւ աղօթքով ծնած զաւակի մը կեանքին ընդմէջէն բոլորս ալ կը վերափոխուինք Աստուծմով եւ կատարելութեան հասնելու փափաքով կը ջերմանանք: Ան մեր գոյութեան ցուցանիշն է: Մեղրիկ սրբազան լուսարձակի տակ առաւ անզաւակութեան համար անարգուած մօր` Աննայի աղօթական եւ ողբալից կեանքը: Ան նշեց, որ Աստուած կը լսէ Աննային աղօթքը եւ զաւակ մը կը շնորհէ անոր: Աննա իր զաւակը կ՛անուանէ «Սամուէլ», որ կը նշանակէ Աստուծմէ լսուած կամ խնդրուած: Սամուէլի ծնունդով Աստուած մեզի յոյս կը ներշնչէ: Աստուածաշունչ մատեանը կը վկայէր, որ Սամուէլ Տիրոջ առջեւ պաշտօն կը կատարէր, մանուկը օրէ-օր կը մեծնար եւ մարդոց ու Աստուծոյ հաճելի էր:

Այսօր Աստուած խօսեցաւ այս եկեղեցւոյ մէջ, Սարգիս սարկաւագ լսեց Տիրոջ ձայնը եւ Աստուծոյ ծառայութեան իր ուխտը կատարեց: Սրբազան հայրը մաղթեց, որ նորաօծ քահանան  Սամուէլ աղօթասացի նման անդադար աղօթող ըլլայ: Սրբազան հայրը իր խրատական խօսքը ուղղելով տէր Սամուէլին յայտնեց, որ իր քահանայական օծումը եւ աստուածընկալ շնորհընկալումը իրեն տրուեցաւ Ս. միւռոնով: Ապա յայտնեց, որ ան ժողովուրդի զաւակներուն պիտի սորվեցնէ բոլոր այն պատուիրանները, որոնք Աստուած տուաւ: Ան կոչ ուղղեց հաւատքով աղօթելու, որպէսզի հիւանդները առողջանան: Ուսուցիչ ըլլալու համար պէտք է մնայուն աշակերտ ըլլալ: Սամուէլ մարգարէն իբրեւ գերազանցապէս թագաւոր եղաւ այն քաղցրաձայն տատրակը, որ իր ժողովուրդը ապաշխարութեան հրաւիրեց: Մեղրիկ եպիսկոպոս իր խօսքը ուղղելով հաւատացեալներուն յայտնեց, որ հովիւին ձախողութիւնը կամ յաջողութիւնը իրենցմէ կախեալ է: Ան նշեց, որ պէտք է աղօթել բոլոր հովիւներուն համար, որպէսզի օծումով անոնց ստացած Ս. հոգին արժանաւորապէս պահեն: Իր խօսքը ուղղելով երէցկնոջ` սրբազանը յորդորեց, որ ան առաքինի կեանքով քահանայ հօր կողքին ըլլայ եւ բարեպաշտական կեանք ապրի:

Իր խօսքի վերջին բաժինով սրբազանը նշեց, որ Սամուէլ վերանուանումը պատահական չէ: Քահանայ հայրը օրինակելի տիպարը եւ կերպարը պէտք է ըլլայ:

Այնուհետեւ ձեռնադրող եպիսկոպոսը եւ հոգեւորականները «Ողջոյն» շարականի երգեցողութեան առընթեր համբուրեցին Սամուէլ քահանային ճակատը եւ ձեռքերը, ու շարունակուեցաւ Ս. պատարագը:

Ս. պատարագի աւարտին հաւատացեալները իրենց շնորհաւորութիւնները փոխանցեցին նորաօծ քահանային: Իսկ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ թաղականութեան կողմէ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:

Սամուէլ քահանան քառասնօրեայ աղօթքի ու խոկման շրջան մը պիտի անցընէ, որուն աւարտին պիտի մատուցէ անդրանիկ Ս. պատարագը եւ կարճ ատեն պիտի ծառայէ Լիբանանի թեմին մէջ: Ապա քահանայ հայրը պիտի մեկնի Միացեալ Նահանգներ` ծառայելու Հիւսիսային Ամերիկայի արեւելեան թեմին մէջ:

 

Նախորդը

Ազնաւուրեան Յուզիչ Մթնոլորտ` Պուրճ Համուտի Հրապարակին Վրայ

Յաջորդը

Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Հոգեհանգիստ` Շարլ Ազնաւուրի Յիշատակին

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ  Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ

October 30, 2026
ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին

October 28, 2026
ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.