Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Նարեկ Արք. Ալեէմէզեանի Այցելութիւնը ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոն

October 6, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանահայ գաղութ կառոյցներուն իր տուած ծանօթացման զանազան հանդիպումներուն առընթեր, Լիբանանահայ օգնութեան խաչի մարդասիրական, կրթական, առողջապահական եւ ընկերային հսկայածաւալ գործունէութեան ծանօթանալու միտումով, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արք. Ալեէմէզեան, ընկերակցութեամբ Յակոբ քհնյ. Պզտիկեանի,  ուրբաթ, 5 հոկտեմբեր 2018-ի առաւօտուն այցելեց ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոն:

Կեդրոնի մուտքին առաջնորդ սրբազանը դիմաւորեցին ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւնը եւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի տնօրէնութիւնը: Նարեկ արք. Ալեէմէզեան շրջագայեցաւ հաստատութեան բժշկական խնամքի, տարրալուծարանի, շողանկարումի, ընկերային ծառայութեան, շտապ օգնութեան, մարձումի, դեղարանի, ատամնաբուժարանի, «Վարդուհի Տեկիրմենճեան» խոհանոցի բաժանմունքները` ծանօթանալով անոնց աշխատանքներուն եւ մարդասիրական գործունէութեան: Ապա առաջնորդ սրբազանը մտերմիկ հանդիպում մը ունեցաւ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան հետ: Շրջանային վարչութեան անդամները համառօտ ակնարկով ներկայացուցին ԼՕԽ-ի կամաւորներու նուիրեալ աշխատանքը, Շրջանային վարչութեան գործունէութիւնը եւ կեդրոնին մէջ մատուցուած զանազան ծառայութիւնները: Լսելէ ետք ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան զեկուցումը, ներկայիս դիմագրաւած դժուարութիւնները եւ ապագայի հեռանկարները` առաջնորդ սրբազանը նշեց, որ Լիբանանահայ օգնութեան խաչը անծանօթ միութիւն մը չէ, որովհետեւ երկար տարիներ միջեկեղեցական եւ միջկրօնական յարաբերութիւններու պատասխանատուի իր հանգամանքով օտար միջազգային հիւրեր, իր ընկերակցութեամբ եւ վեհափառ հայրապետին թելադրութեամբ կ՛այցելէին ընկերային ծառայութեան գլխաւոր երակը հանդիսացող ԼՕԽ-ի կեդրոն: Նարեկ արք. Ալեէմէզեան նշեց, որ մեր ժողովուրդի կարիքները շատ են, եւ իրապաշտ պէտք է ըլլալ, որ ներկայիս մարդուժի տագնապ կայ: Ան յայտնեց նաեւ, որ մեր դիմագիծը անաղարտ պէտք է պահել: Առաջնորդ սրբազանը ըսաւ, թէ իր այցելութիւններուն գլխաւոր նպատակը ժողովուրդին մտիկ ընելն է, եւ ԼՕԽ-ի ու եկեղեցւոյ գործունէութիւնը զիրար պէտք է ամբողջացնեն:

Իր այցելութեան աւարտին Նարեկ արք. Ալեէմէզեան մաղթեց, որ ԼՕԽ-ը, իր առաքելութեան հաւատարիմ նոյն կորովով եւ հաւատքով շարունակէ իր բազմածաւալ գործունէութիւնը: Աւարտին, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան անունով հայկական ձեռարուեստի յիշատակի նուէր մը յանձնուեցաւ առաջնորդ սրբազան հօր:

 

Նախորդը

Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան Այցելեց Ազունիէի Ազգային Բուժարան

Յաջորդը

Համազգային. Ազգային Եւ Ազգագրական Երգերու Երեկոյ

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Մօտ Իրանի Դեսպանը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Մօտ Իրանի Դեսպանը

February 3, 2026
ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Ներկայացուցչական 52-րդ Ժողով
Գաղութային

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Ներկայացուցչական 52-րդ Ժողով

February 3, 2026
Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.