Գաղութային

Վարդանանց Մի՛շտ Այժմէական Խորհուրդը

Կոչ Զօրակցութեան

Սրբոց Վարդանանց տօնին առիթով, կոչ կ՛ուղղենք լիբանանահայ մեր ժողովուրդի զաւակներուն, որ հինգշաբթի 12 փետրուար 2026-ին, փակ պահուին հայկական վաճառատուներն ու հաստատութիւնները, որպէսզի արժանի յարգանք ընծայելու համար հաւատքի եւ հայրենիքի պաշտպանութեան  ի խնդիր նահատակուած մեր ազգի քաջերուն, մեր հաւաքականութիւնը մասնակից դառնայ մեր եկեղեցիներուն մէջ մատուցուող սուրբ պատարագներուն ու պաշտամունքներուն: ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ

Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Անուանակոչութիւն Եւ Տօնախմբութիւն

Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Անուանակոչութիւն Եւ Տօնախմբութիւն

Կիրակի, 1 փետրուարի առաւօտեան ժամը 9:00-ին «Արագած» ակումբին առջեւ տեղի ունեցաւ ժողովրդային ընդունելութիւն` ի պատիւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, ապա թափօրը, առաջնորդութեամբ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին, ուղղուեցաւ դէպի Ս. Սարգիս եկեղեցի, ուր սրբազան հայրը մատուցեց ս. պատարագ: Իր քարոզին մէջ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան ըսաւ, որ հաւաքուած ենք աղօթքով պատուելու համար նախ եկեղեցւոյ ամրութիւնը երաշխաւորող Ս....

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Քուրիէ Եւ Սաֆար Ասորի Արքեպիսկոպոսները

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Քուրիէ Եւ Սաֆար Ասորի Արքեպիսկոպոսները

Ուրբաթ, 6 փետրուար 2026-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեցին ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ Տանիէլ Քուրիէ եւ Պուլոս Սաֆար արքեպիսկոպոսները: Յանուն Աֆրամ Բ. պատրիարքին, այցելուները միջեկեղեցական կարգ մը հարցեր վեհափառ հայրապետի ուշադրութեան յանձնեցին` ունենալու համար անոր տեսակէտը: Միջեկեղեցական բնոյթ ունեցող նիւթերու կարգին, վեհափառ հայրապետն ու արքեպիսկոպոսները արծարծեցին կաթողիկէ եկեղեցւոյ հետ արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու աստուածաբանական երկխօսութեան, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի հայ, ասորի եւ...

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Հանրային Կապերու Գրասենեակին.  Բնակարաններու Հին Վարձքերու Օրէնքի Տանտէր-Վարձակալ Կողմերու Իրաւունքներուն Եւ Լուծումներուն Վերաբերող Զրոյց

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Հանրային Կապերու Գրասենեակին. Բնակարաններու Հին Վարձքերու Օրէնքի Տանտէր-Վարձակալ Կողմերու Իրաւունքներուն Եւ Լուծումներուն Վերաբերող Զրոյց

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի Հանրային կապերու գրասենեակին, երեքշաբթի, 3 փետրուար 2026-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ օգտաշատ բացատրական զրոյց` Լիբանանի բնակարաններու հին վարձքերու օրէնքի գործադրութեան թեր ու դէմ կարծիքներու մանրամասնութիւններուն շուրջ: ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Ճորճ Գրիգորեան, ողջունելով ներկաները, պարզեց հանդիպումին նիւթը` յիշեցնելով, որ զրոյցը կազմակերպուած է վարձքերու նշեալ օրէնքի ի զօրու դառնալու վերջնաժամկէտին առիթով:...

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կոչով Դիմեց Միացեալ Նահանգներու Փոխնախագահին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կոչով Դիմեց Միացեալ Նահանգներու Փոխնախագահին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Միշել Իսային յղեց նամակ մը, որուն մէջ անդրադարձաւ Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ.Տի.Վանսի Հայաստանի Հանրապետութիւն եւ Ազրպէյճան նախատեսուած այցելութեան: Հայ դատի մարմինը այս առիթով յիշեցուց, թէ ամերիկեան վարչակազմը արտաքին գործոց փոխնախարար Փոլ Տ. Կակլիոնի կողմէ ստորագրուած նամակի մը մէջ յայտարարեց, թէ Միացեալ Նահանգներ գործօն կերպով Երեւանն ու Պաքուն կը քաջալերեն...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Յատուկ Նամակով Դիմեց  Միացեալ Նահանգներու Փոխնախագահին`  Պաքուի Հայ Բանտարկեալներու Ազատ Արձակման Հարցով

Արամ Ա. Կաթողիկոս Յատուկ Նամակով Դիմեց Միացեալ Նահանգներու Փոխնախագահին` Պաքուի Հայ Բանտարկեալներու Ազատ Արձակման Հարցով

Միացեալ Նահանգներու փոխ նախագահին՝ Ճէյմս Տէյվիտ Վանսի օրեր առաջ գրած յատուկ նամակով, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը անոր ուշադրութեան յանձնեց Պաքուի մէջ բանտարկուած Արցախի ղեկավարներուն եւ հայ ռազմագերիներուն ազատ արձակման, ինչպէս նաեւ Արցախի հոգեւոր-մշակութային կոթողներու անվթար պահպանման հարցերը՝ դիմելով անոր անձնական միջամտութեան: Յիշեալ նամակին մէջ Վեհափառ Հայրապետը նաեւ յիշեցուց, որ միջազգային օրէնքը յստակօրէն կը շեշտէ թէ՛ ռազմագերիներու ազատ արձակումը եւ թէ՛...

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինէն Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Գերապայծառ Պատիշահի

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինէն Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Գերապայծառ Պատիշահի

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինէն պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին Վահրամ Էմմիեան եւ Սանահին Թովմասեան, երէկ կէսօրէ առաջ այցելեց Հայ կաթողիկէ պատրիարքարան, ուր ծանօթացման հանդիպում մը ունեցաւ Պէյրութի թեմի օգնական եպիսկոպոս Գրիգոր եպս. Պատիշահի հետ: Պատուիրակութիւնը հանդիպումի ընթացքին գերապայծառին ներկայացուց մարմինի աշխատանքներն ու ծրագիրները: Անդրադարձ կատարուեցաւ հայ ժողովուրդը յուզող, Հայ դատին առչնուող եւ հասարակաց հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերու:  

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Հանրապետութեան Միւֆթիին Ներկայացուցիչը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Հանրապետութեան Միւֆթիին Ներկայացուցիչը

Երեքշաբթի, 3 փետրուար 2026-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց Լիբանանի Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտըլլաթիֆ Տրիանի ներկայացուցիչ եւ սիւննի համայնքի հոգեւոր բարձրագոյն խորհուրդի բանբեր Շէյխ Ֆայէզ Սէյֆը: Այցելութեան նպատակն էր հանրապետութեան միւֆթիին ջերմ ողջոյնը փոխանցել վեհափառ հայրապետին եւ յատուկ հրաւէր յանձնել անոր: Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ անդրադառնալու Լիբանանի ընդհանուր կացութեան եւ հայ ու սիւննի համայնքներուն յարաբերութեան:

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան նախաձեռնութեամբ եւ կազմակերպութեամբ, ուրբաթ, 27 Փետրուար 2026-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի «Ասեմպլի Հոլ» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի Սենեկային պետական նուագախումբի ելոյթը: Եւրոպական եւ ամերիկեան ցամաքամասեր շրջագայութեան ծիրին մէջ, նուագախումբի Լիբանան հիւրընկալումը նաեւ, վստահ ենք, որ պիտի արժանանայ մշակութասէր հանրութեան գնահատանքին` ստեղծելով լայն խանդավառութիւն: Յայտնենք, որ վերջին անգամ Սենեկային նուագախումբը Լիբանան այցելած է...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Մօտ Իրանի Դեսպանը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Մօտ Իրանի Դեսպանը

Երկուշաբթի, 2 փետրուար 2026-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մուժթապա Ամանի: Դեսպանը ընդհանուր գիծերով ներկայացուց Իրանի պարզած ներկայ վիճակը եւ շրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման գծով անոր մօտեցումները: Ան նաեւ անդրադարձաւ Հայաստանի եւ Իրանի գործակցութեան: Հանդիպման աւարտին, դեսպան Ամանի յայտնեց, որ շուտով պիտի վերադառնայ Իրան եւ Լիբանանի մէջ նախապէս ծառայած դեսպան մը պիտի փոխարինէ զինք:

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Ներկայացուցչական 52-րդ Ժողով

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Ներկայացուցչական 52-րդ Ժողով

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային ներկայացուցչական 52-րդ ժողովը տեղի ունեցաւ 30 եւ 31 յունուար եւ 1 փետրուար 2026-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ»- մարզամշակութային համալիրի «Հրայր Մարուխեան» սրահին մէջ: Ժողովին մասնակցեցան միութեան մասնաճիւղերէն 63 իրաւասու ձայնով ներկայացուցիչներ, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ եղբ. Յակոբ Խաչերեան եւ խորհրդակցական ձայնով 45 հրաւիրեալներ, ընդամէնը` 108 մասնակիցներ: Ներկայացուցչական ժողովը մանրամասն քննութեան ենթարկեց դեկտեմբեր 2023-էն յունուար 2026-ի...

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստը կայացաւ Կիրակի, 1 Փետրուար 2026-ի երեկոյեան ժամը 06։00-ին, ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ։ Նիստի առաջին օրակարգով  քննարկուեցան Սուրիոյ, Իրանի եւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի վերջին իրադարձութիւնները։ Վեհափառ Հայրապետը պարզեց թէժ իրավիճակներու մէջ գտնուող մեր թեմերու եւ ազգային կառոյցներու պատասխանատուներուն հետ իր ունեցած բազմաթիւ հաղորդակցութիւնները։ Ժողովականները քննարկեցին այս իրադարձութիւններու մէջ քրտական...

31 յունուար 1986-ին, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վարդգէս Տէր Կարապետեան, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Լեւոն Պէրպէրեան եւ ՀՅԴ «Քրիստափոր» կոմիտէի անդամ Ներսէս Խիւտավերտեան հայանուն վարձկան տարրերու կողմէ առեւանգման եւ ահաբեկման փորձի մը դիմադրելով զոհ կ՚երթան ահաւոր ոճիրի մը, իսկ Լիբանանի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Յակոբ Պարսումեան կ՚առեւանգուի եւ անարգօրէն կը սպաննուի անծանօթ պայմաններու մէջ։

39 Տարի Առաջ, Այսօր.  Դաշնակցութեան Նուիրեալներ Զոհ Կ՛երթան Անարգ Ոճիրի Մը

31 Յունուար 1986-ի Նահատակները, Ու Պայքարը Կը Շարունակուի

Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ 40 տարի առաջ, 31 յունուար 1986-ի գիշերը թրքական ծառայութեան մէջ եղող հայանուն վարձկան տարրեր Պէյրութի մէջ սպաննեցին Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան ճամբով հայ ժողովուրդի ծառայութեան նուիրուած ու տարբեր պատասխանատու պաշտօններ զբաղեցնող ընկերներ Վարդգէս Տէր Կարապետեանը, Լեւոն Պէրպէրեանը, Ներսէս Խուտաւէրտեանը եւ առեւանգեցին դոկտ. Յակոբ Պարսումեանը: ՀՅԴ-ի պատմութեան մէջ առաջին նահատակները չէին անոնք, ո՛չ ալ վերջինները եղան: Իր հիմնադրութեան օրէն մինչեւ...

«Ազդակ»-ի 83-րդ Առցանց Լսարան.  Արցախի Վերջին Պատերազմը. Ծալքեր,  Պատճառներ, Արդիւնքներ

«Ազդակ»-ի 83-րդ Առցանց Լսարան. Արցախի Վերջին Պատերազմը. Ծալքեր, Պատճառներ, Արդիւնքներ

«Ազդակ»-ի 83-րդ առցանց լսարանը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 29 յունուար 2026-ին Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 19:00-ին: Դասախօսն էր Ուեպսթըր եւ Ժընեւի համալսարանի դասախօս, միջազգային յարաբերութիւններու մասնագէտ դոկտ. Վիգէն Չթըրեան: Լսարանը վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժինի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան: Դասախօսութեան նիւթը «Կոտրուած վահան» հատորի ներկայացումն էր: Հատորին բովանդակութիւնը կը վերաբերէր Արցախի վերջին պատերազմին փորձագիտական խումբի աշխատասիրութեան: Պատերազմի ծալքերուն, պատճառներուն եւ հետեւանքներուն ընդհանուր առանցքին...

Հաւաք` Իզապէլ Գազանճեանի Յիշատակին

Հաւաք` Իզապէլ Գազանճեանի Յիշատակին

ՀՅԴ «Քրիստափոր» կոմիտէն վաստակաշատ անդամ, Համազգայինի եւ ԼՕԽ-ի մէջ երկար տարիներ ծառայած, Ազգային Նուպարեան, ապա Ազգային Աբգարեան վարժարանի մէջ ուսուցչութիւն կատարած Իզապէլ Գազանճեանի յիշատակին կիրակի, 25 յունուար 2025-ին Էշրեֆիէի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ յաւարտ ս. պատարագի կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, որմէ ետք տեղի ունեցաւ հոգեսուրճ Ազատամարտ ակումբին մէջ: Ամիսներ առաջ այցելութեամբ Քանատա մեկնած Իզապէլ Գազանճեան առողջական հարցերու պատճառով չկրցաւ վերադառնալ եւ...

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Մասնակցութեամբ Փակումը Կատարուեցաւ Քրիստոնէական Միութեան Աղօթքի Շաբթուան

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Մասնակցութեամբ Փակումը Կատարուեցաւ Քրիստոնէական Միութեան Աղօթքի Շաբթուան

Ութօրեայ աղօթքներէ կազմուած Քրիստոնէական միութեան աղօթքի շաբթուան փակման արարողութիւնը կատարուեցաւ, կիրակի, 25 յունուար 2026-ի երեկոյեան, Պաապտա (Լիբանան) շրջանին մէջ գտնուող գաղթէացիներու Սուրբ Ռաֆայէլ հրեշտակապետ մայր տաճարին մէջ: Արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը,  Պշարա Պութրոս Ռայի եւ Իգնատիոս Եուսէֆ Եունան պատրիարքները, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ համայնքներու ներկայացուցիչները: Կաթողիկոսին կողքին արարողութեան մասնակցեցան Լիբանանի hայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք....

Սիսի Կաթողիկոսարանի Վերադարձի Դատը Կը Շարունակուի

Սիսի Կաթողիկոսարանի Վերադարձի Դատը Կը Շարունակուի

Կ’ուզենք յայտնել մեր ժողովուրդին, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ Սիսի կաթողիկոսարանի վերադարձի պահանջով Թուրքիոյ պետութեան դէմ բացուած դատը նոյն ընթացքով կը շարունակուի: Այս ուղղութեամբ կարեւոր հանգրուաններուն մասին տեղեակ պահեցինք մեր ժողովուրդի զաւակները` յիշեալ դատը նկատելով մեր ժողովուրդին եւ մեր Եկեղեցւոյ դատը, ինչպէս նաեւ առաջին եւ յանդուգն քայլ մը` ազգային պահանջատիրութեան իրաւական մարզէն ներս: Արդարեւ, թրքական...

Անդրշիրիմեան Արուեստի Ցոլքեր` Յարութիւն Կալենց. Գոյնին Ձեւակերպումը

Անդրշիրիմեան Արուեստի Ցոլքեր` Յարութիւն Կալենց. Գոյնին Ձեւակերպումը

ՍԻԼՎԱ ԳԱՐԱՎԱՐԴԱՆԵԱՆ Վերջերս Լիբանանի հայ թէ ոչ հայ արուեստասէր անձնաւորութիւններ ներկայ գտնուեցան մշակութային իւրայատուկ երեկոյի մը: Արդարեւ, հինգշաբթի 15 յունուար 2026-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին Լիբանանի Ազգային թանգարանի «Նուհատ Սայետ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ յետեղեռնեան արուեստի դէմքերէն` Յարութիւն Կալենցի գեղարուեստական գործերուն նուիրուած «Յարութիւն Կալենց. գոյնին ձեւակերպումը» (Haroutiun Galentz.The Form of Colour) խորագրեալ  յատուկ գիրքի շնորհահանդէսը: Թէեւ ձեռնարկը հեռու էր հայկական շնորհահանդէսի`...

Կիրակնօրեայ Օգնական Ուսուցիչներու Երկօրեայ Որակաւորման Համագումար

Կիրակնօրեայ Օգնական Ուսուցիչներու Երկօրեայ Որակաւորման Համագումար

Կազմակերպութեամբ Ս. Քառասնից Մանկանց Կիրակնօրեայ վարժարանի տեսչութեան, շաբաթ, 24 եւ կիրակի, 25 յունուար 2026-ին «ՔՋԱԿ»-ի մէջ (Մոնթէ Վերտի) տեղի ունեցաւ օգնական ուսուցիչներու երկօրեայ որակաւորման համագումար` «Կիրակնօրեայ ուսուցիչը`  առաջնորդը, օրինակելին եւ քրիստոսանմանը» խորագիրով: Լիբանանի թեմի Կիրակնօրեայ վարժարաններու ընդհանուր տեսուչ Սարգիս Ա. քհնյ. Սարգիսեանի օրհնութեամբ եւ յորդորական խօսքերով սկիզբ առաւ երկօրեայ համագումարը: Ան մեծապէս գնահատեց այս նախաձեռնութիւնը, կազմակերպիչ մարմինը եւ մասնակից ուսուցիչներն...

Page 20 of 364 1 … 19 20 21 … 364

Արխիւներ