Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը մայրավանքի գրասենեակին մէջ ընդունեց Կիպրոսի հայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանը` անոր կնոջ ընկերակցութեամբ, հինգշաբթի, 15 յունուար 2026-ի առաւօտեան:
Մահտեսեան ընդհանուր զեկուցում մը ներկայացուց վեհափառ հայրապետին Կիպրոսի հայ համայնքին եւ ընդհանրապէս պետութեան հետ առնչուած հարցերու մասին:
Վեհափառ հայրապետը ողջունեց Վ. Մահտեսեանի այցելութիւնը եւ գնահատեց անոր կատարած ծառայութիւնները մեր համայնքին, եւ յատկապէս հայ համայնքին ու Կիպրոսի պետութեան միջեւ յարաբերութիւններու սերտացման կարեւոր նպաստին համար:



